Ուրախ Կատարող մը Եղէք
1 Յիսուս ըսաւ թէ իր ներկայութեան ընթացքին, մարդոց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ‘ուշադրութիւն պիտի չդարձնէր’, ինչպէս որ էր պարագան Նոյի օրերուն։ (Մատթ. 24։37-39, ՆԱ) Ուստի, կ’ակնկալուի որ շատեր Թագաւորութեան բարի լուրին մտիկ չընեն։ Մինչ մեր ծառայութիւնը կը կատարենք, ի՞նչ բան մեզի կրնայ օգնել որ ուրախ տրամադրութիւն մը պահպանենք։—Սաղմ. 100։2
2 Նախ՝ պէտք չէ մոռնանք որ մեր պատգամը եւ քարոզելու յանձնարարութիւնը՝ Աստուծմէ է։ Հակառակ մեր լաւագոյն ջանքերուն, ծառայութեան մէջ ընդառաջումի պակասը իրապէս Եհովան մերժել է։ Երբ յիշենք որ հաւատարմաբար քարոզելը մեզ իր հաճութեան կ’արժանացնէ, ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ որպէս Աստուծոյ խօսքը կատարողներ մեր ներքին ուրախութիւնը պահպանենք։—Յակ. 1։25
3 Երկրորդ, տակաւին կա՛ն անհատներ, որոնք Եհովայի փրկութեան միջոցը պիտի ընդունին։ Թէեւ մեծամասնութիւնը կրնայ անտարբեր ըլլալ, սակայն, տակաւին կա՛ն ոչխարանման անհատներ, որոնք պիտի հաւաքուին նոյնիսկ հիմա՝ երբ վերջին ժամանակին մէջ այսքան յառաջացած ենք։ Պէտք է շարունակենք քարոզել, երթալով ամէն ‘քաղաք կամ գիւղ’՝ «անոր մէջ արժանաւորը» փնտռելու համար։—Մատթ. 10։11-13
4 Դրական Տեսակէտ մը Պահպանեցէք. Սուտ կրօնքին ողբալի արձանագրութիւնը շատերը յուսախաբ ըրած է։ Ուրիշներ իրերու այս դրութեան պատճառաւ «յոգնած ու ցիրուցան եղած» են։ (Մատթ. 9։36) Շատեր գործի, առողջապահական խնամքի եւ ապահովութեան պակասի պատճառով ընկճուած կը զգան։ Այս բաները ի մտի ունենալը մեզի պիտի օգնէ որ մեր գործին մէջ յարատեւենք։ Ջանացէք այնպիսի խօսակցութիւններ սկսիլ, որոնք թաղամասին մէջ գտնուող մարդոց մեծապէս մտահոգող հարցեր կը շօշափեն։ Անոնց օգնեցէք որ հասկնան թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը միակ լուծումն է։ Բարի լուրը անոնց սրտին հասցնելու համար, Աստուածաշունչը եւ գրականութիւններուն մէջէն մասնայատուկ կէտեր գործածեցէք։—Եբր. 4։12
5 Ո՛վ Աստուծոյ խօսքը ուրախութեամբ կատարողներ, մի՛շտ յիշեցէք թէ՝ «Տէրոջը ուրախութիւնը [մեր] զօրութիւնն» է։ (Նէեմ. 8։10) Մեր ուրախութիւնը պէտք չէ կորսնցնենք։ «Եթէ այն տունը արժանաւոր է, ձեր բարեւը անոր վրայ ըլլայ, իսկ եթէ արժանաւոր չէ, ձեր բարեւը ձեզի դառնայ»։ (Մատթ. 10։13) Մինչ իր սրբազան ծառայութեան մէջ համբերութեամբ կը յարատեւենք, Եհովա կը վերանորոգէ մեր ուրախութիւնը եւ զօրութիւնը եւ կ’օրհնէ մեր հաւատարմութիւնը։