Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Երբ վերայցելութիւններու ընթացքին հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Ներկայացուցէք Գիտութիւն գիրքը կամ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը, տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու միտումով։ Յունիսին. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ կամ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ կեդրոնացէք։ Տեղաւորումները պէտք է ըլլան վերայցելութիւններու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու ընթացքին։
◼ Այն հրատարակիչները որոնք Ապրիլ ամսուն կը փափաքին որպէս օժանդակ ռահվիրաներ ծառայել, հիմա իսկ պէտք է ծրագրեն ու իրենց դիմումնագիրը ներկայացնեն։ Ասիկա պիտի օգնէ երէցներուն որ անհրաժեշտ եղող դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները ընեն ու բաւարար քանակով պարբերաթերթեր եւ տարբեր գրականութիւններ ունենան ձեռքի տակ։ Ժողովքին պէտք է ծանուցուին բոլոր անոնց անունները, որոնք ընդունուած են որպէս օժանդակ ռահվիրայ։
◼ Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի՝ 8 Ապրիլ 2001–ին։ Այդ օր դաշտի ծառայութեան ժողովներէն զատ ուրիշ ժողով տեղի պիտի չունենայ։ Երէցները կրնան յարմար կարգադրութիւններ ընել որ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը ուրիշ ժամանակ մը տեղի ունենայ։
◼ Ընկերութիւնը հրատարակիչներու կողմէ անհատական գետնի վրայ եղած գրականութեան ապսպրանքներ չ’ընդունիր։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի գրականութեան ամսական խնդրագիրը Ընկերութեան ղրկուելէ առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն գրականութիւններ ստանալ, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն գրականութեան պատասխանատու եղբօր։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ո՛ր գրականութիւնները մասնայատուկ ապսպրանքներ են։
◼ 1 Յունուար 2001–էն սկսեալ, տեղական գործածութեան համար, Ամհարիգերէն լեզուով մատչելի պիտի ըլլան Դիտարան–ն ու Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը։ Բոլոր ժողովքներէն կը խնդրուի որ իրենց ապսպրանքները ներկայացնեն։