Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/01 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Մայիս 14–ով Սկսող Շաբաթ
  • Մայիս 21–ով Սկսող Շաբաթ
  • Մայիս 28–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունիս 4–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 5/01 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

ՆՇՄԱՐ. Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը ամառուան ընթացքին իւրաքանչիւր շաբթուան համար Ծառայութեան Ժողով մը պիտի յայտագրէ։ Ժողովքները կրնան կարիքին համաձայն վերաճշդումներ ընել, նկատի ունենալով «Աստուծոյ Խօսքը Ուսուցանողներ» Նահանգային Համաժողովին ներկայ գտնուիլը։ Ուր յարմար է, համաժողովէն առաջ տեղի ունենալիք վերջին Ծառայութեան Ժողովին ընթացքին, 15 վայրկեան գործածեցէք այս ամսուան յաւելուածականէն կարգ մը յարմար կէտեր վերաքաղ ընելու համար։ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, լման Ծառայութեան Ժողով մը պիտի յատկացուի, համաժողովի աչքառու կէտերը վերաքաղ ընելու համար։ Այս նիւթին պատրաստուելու համար, բոլորս ալ կրնանք համաժողովի ընթացքին իմաստալից նոթեր առնել, ի ներառեալ՝ կարգ մը կէտեր զորս կը փափաքինք անձամբ կիրարկել մեր կեանքին ու դաշտի ծառայութեան մէջ։ Ապա կրնանք պատրաստուիլ բացատրելու համար թէ այս թելադրութիւնները ի՛նչպէս կիրարկեցինք, համաժողովին ներկայ գտնուելէն ի վեր։ Բոլորս ալ պիտի կերտուինք լսելով թէ ի՛նչպէս օգտուեցանք մեր ստացած լաւ ցուցմունքներէն։

Մայիս 14–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 129

6 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Նկատի առէք վերոյիշեալ նշմարը Ծառայութեան Ժողովի վերաճշդումներուն նկատմամբ եւ ինչ որ ծրագրուած է Հոկտեմբերի ընթացքին Ծառայութեան Ժողովի մը համար, երբ նահանգային համաժողովի աչքառու կէտերը վերաքաղ պիտի ըլլան։

9 վյրկ. Ամառուան Համար Ձեր Ծրագիրները Ի՞նչ Են։ Երէց մը կամ օգնական ծառայ մը եւ իր ընտանիքը, կը խօսակցին ամառուան ամիսներու ընթացքին իրենց ծրագիրներուն մասին։ Անոնք կը խօսակցին նահանգային համաժողովի երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուելու, օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու եւ թերեւս արձակուրդ առնելու եւ զբօսանք մը վայելելու մասին։ Բոլորն ալ կը համաձայնին չանտեսել իրենց աստուածպետական գործունէութիւնները, ինչպէս՝ ժողովներու ներկայ գտնուիլը, դաշտի ծառայութեան մասնակցիլը, եւ ընտանեկան ուսումնասիրութիւն ունենալը, նոյնիսկ երբ ուրիշ շրջան մը ճամբորդեն։ Անոնք վստահ պիտի ըլլան որ իրենց դաշտի ծառայութեան գործունէութիւնը շուտով քարտուղարին տեղեկագրեն, քաղաքին մէջ ըլլա՛ն թէ քաղաքէն դուրս։

14 վյրկ. «Նահանգային Համաժողովները՝ Ուրախութեան Ժամանակ մը»։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։ Բացատրեցէք թէ Աստուածաշունչի ժամանակներուն Եհովայի ժողովուրդը ինչո՛ւ մեծ խումբերով կը հաւաքուէր եւ ասիկա ինչո՛ւ ներկայիս նոյնքան օգտակար է։ Այս առիթները, ամրապնդող ընկերակցութիւն ու կենսական հոգեւոր սնունդ կը հայթայթեն։ Շեշտեցէք թէ ո՛րքան կարեւոր է որ բոլորն ալ նահանգային համաժողովի երեք օրերուն ներկայ գտնուին։

16 վյրկ. «Կազմակերպուած՝ ‘Վայելչութեամբ եւ Կարգաւ’»։ Նկարագրեցէք նահանգային համաժողով մը կազմակերպելու համար հարկ եղած կարգ մը հիմնական կարգադրութիւնները։ Շեշտեցէք մեր օգտին համար եղած գործընթացներուն հետ լիովին համագործակցելու կարեւորութիւնը։ Վերաքաղ ըրէք կերպեր, որոնց միջոցաւ բոլորս ալ կրնանք պատշաճ յարգանք ցուցաբերել եւ խուսափիլ անհարկի խնդիրներէ։

Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։

Մայիս 21–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 59

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։

17 վյրկ. «Լսենք ու Աւելի Հրահանգ Ստանանք»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Բացատրեցէք թէ նահանգային համաժողովներուն հայթայթուած հրահանգները ինչո՛ւ մեզի հարկ եղող կենսական հոգեւոր սնունդ են։ Խօսեցէք այսպիսի յայտագիր մը պատրաստելու համար հարկ եղած ահագին ժամանակին եւ ջանքին մասին։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ մեկնաբանեն թէ իւրաքանչիւր անհատ ի՛նչ կրնայ ընել, որպէսզի ինք եւ ուրիշներ լաւագոյնս օգտուին։ Շեշտ դրէք այն պատճառներուն վրայ թէ ինչո՛ւ բոլորս ալ պէտք է մեր աթոռներուն վրայ նստած ըլլանք, երբ իւրաքանչիւր նիստ սկսի։

18 վյրկ. «Բարիք Գործեցէք եւ Գովասանք Ստացէք»։ Բացատրեցէք թէ ինչո՛ւ շատ ուշադրութիւն կը գրաւենք, երբ նահանգային մեծ համաժողովներու ներկայ գտնուինք։ Դիտողներու կողմէ եղած նպաստաւոր արտայայտութիւնները Թագաւորութեան ի նպաստ եղած վկայութիւնը կ’աւելցնեն, մինչ քննադատական նշմարները կրնան անհատները հեռացնել։ Նշեցէք մասնայատուկ բաներ, զորս պէտք է ընենք ցոյց տալու համար թէ քրիստոնէական յատկութիւններ ունինք, որոնք ուրիշներու հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն կը պարփակեն։

Երգեցողութիւն թիւ 95 եւ փակման աղօթք։

Մայիս 28–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 81

13 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Մայիսի դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Վերաքաղ ըրէք «Բաժանորդագրութեան Նորոգման Պարզացուած Գործընթաց» շրջագիծը։ Բոլոր բաժանորդագրեալները քաջալերեցէք որ թոյլ չտան Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի իրենց բաժանորդագրութիւնները վերջանան։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

17 վյրկ. «Աստուծոյ Խօսքը Զօրեղ Է»։ Պարփակեցէք լաւ պատրաստուած երկու ցուցադրութիւններ, ցոյց տալով թէ հակիրճ ներկայացումները ի՛նչպէս կրնան Աստուծոյ Խօսքին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել։

Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։

Յունիս 4–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 63

12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ դաշտի ծառայութեան փորձառութիւններ։

15 վյրկ. «Հունձքին Մէջ Լիովին Բաժին Բերենք»։ Երբ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1996, էջ 29, պարբերութիւն 10–ին մէջ եղած օրինակը պարփակեցէք, ցոյց տալով թէ ոմանք իրենց ծառայութիւնը ընդլայնելու համար ի՛նչ կ’ընեն։

18 վյրկ. «Մեր Թաղամասը Բազմաթիւ Անգամներ Աշխատած Ենք»։ Նիւթը նկատի պէտք է առնուի ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ (Հազուադէպօրէն աշխատցուած թաղամասեր ունեցող ժողովքներ կրնան վերաքաղ ընել՝ «Պարբերաթերթերը Թագաւորութիւնը կը Ծանուցանեն» յօդուածը, Ապրիլ 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։) Նկատի առէք թէ տեղականօրէն ի՛նչ կարելի է ընել, թաղամասը աւելի լման կերպով աշխատելու համար։ Պատմեցէք փորձառութիւններ 1997–ի Տարեգիրք–էն, էջ 204, եւ 15 Փետրուար 1996–ի Դիտարան–էն, էջ 26 (Անգլերէն)։ Շեշտեցէք տունէ տուն ծառայութեան լաւ արձանագրութիւններ պահելու, տունը չեղողներուն վերայցելելու, եւ շուտով վերայցելութիւններ ընելու կարեւորութիւնը։

Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել