Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/01 էջ 1
  • ‘Շարունակեցէք Բարիք Գործել’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Շարունակեցէք Բարիք Գործել’
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ո՛Վ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ, ԵՀՈՎԱՅԻ ՍԻՐՏԸ ՈՒՐԱԽԱՑՈՒՑԷՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Ուրախ Աստուծոյ հետ ուրախ եղէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Շարունակենք Յառաջդիմութեամբ Քալել Կարգաւոր Սովորութեան Մը Համեմատ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Ինչպէ՞ս ուրախ մնալ փորձութիւններու ներքեւ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 6/01 էջ 1

‘Շարունակեցէք Բարիք Գործել’

1 Լա՛ւ բան մը ըրիք երբ Եհովա Աստուծոյ ծառայ մը եղաք։ Սակայն հիմա, այս դժուարին ժամանակներուն մէջ ‘բարիք գործելու’ մէջ յարատեւելը մարտահրաւէր մըն է։ (Գաղ. 6։9) Թէեւ ասիկա իսկական ջանք կը պահանջէ, սակայն կրնա՛ք ընել։ Ի՞նչպէս։

2 Յիսուսի Մտավիճակը Զարգացուցէք. Յիսուսի նման կրնաք փորձութիւններու տոկալ, եթէ շարունակէք ձեր միտքը Թագաւորութեան յոյսին վրայ կեդրոնացնել։ (Եբր. 12։2, 3) Վստահ եղէք թէ Եհովա կը սիրէ ձեզ եւ կ’ուզէ որ յաջողիք։ (Բ. Պետ. 3։9) Լիովին իրեն ապաւինեցէք, վստահ ըլլալով թէ ան պիտի օգնէ ձեզի։ (Ա. Կորն. 10։13) Աղօթքի մէջ յարատեւեցէք, Եհովայէ խնդրելով որ ձեզի օգնէ որ տոկաք։ (Հռովմ. 12։12) Ուրախացէք այն համոզումով թէ ձեր համբերութեամբ, Եհովայի հաճութիւնը պիտի ունենաք։ (Հռովմ. 5։3-5) «Քրիստոս Յիսուսին ունեցած մտավիճակը» զարգացնելու մէջ հաւատարիմ ըլլալով, գոհացում պիտի ունենաք եւ Եհովայի սիրտը պիտի ուրախացնէք։—Հռովմ. 15։5. Առ. 27։11

3 Շարունակեցէք Բարիք Ընել. Լիովին օգտագործեցէք այն հայթայթումները զորս Եհովա ըրած է, իր ժողովուրդին օգնելու համար որ շարունակեն բարիք ընել։ Աստուծոյ Խօսքը կարդալու եւ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւնները ուսումնասիրելու անձնական լաւ վարժութիւն մը պահպանեցէք։ Ժողովքի բոլոր հանդիպումներուն հաւատարմօրէն պատրաստուեցէք, ներկայ գտնուեցէք եւ մասնակցեցէք։ Քրիստոնէական ժողովներէն առաջ եւ վերջ, ձեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ սերտօրէն ընկերակցեցէք։ Ձեր ծառայութեան համար իրապաշտ նպատակակէտեր դրէք, որպէսզի դաշտի ծառայութեան մէջ իմաստալից մասնակցութիւն մը ունենաք եւ բարի լուրը ուրիշներուն ներկայացնելու մէջ ձեր հմտութիւնները բարելաւէք։

4 Այս կերպով կրնաք շարունակել բարիք ընել եւ միեւնոյն ժամանակ՝ շատ ուրախ ըլլալ։ Այս առնչութեամբ, Իտալիոյ մէջ եղբայր մը ըսաւ. «Երբ իրիկուն կ’ըլլայ, եւ ամբողջ օրը Եհովայի ծառայելէն ետք տուն կը վերադառնամ, ճիշդ է որ յոգնած կը զգամ։ Բայց ուրախ եմ եւ Եհովայի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ որ ինծի տուած է այս ուրախութիւնը որ մէ՛կը չի կրնար ինծմէ խլել»։ Հետեւաբար, շարունակեցէք բարիք գործել, եւ դո՛ւք ալ մեծ ուրախութիւն պիտի ունենաք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել