Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Հոկտեմբեր 8–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Միացած՝ Աստուածային Ուսուցումով պատկերիզը դիտեն, Հոկտեմբեր 22–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ անոր քննարկման առ ի պատրաստութիւն։ Էջ 8–ի վրայ եղած թելադրութիւնները գործածելով, ցուցադրեցէք պարբերաթերթի յատուկ երկու հակիրճ ներկայացումներ, մէկը՝ գործածելով Դիտարան 15 Հոկտեմբեր թիւը, իսկ միւսը՝ Զարթի՛ր 22 Հոկտեմբեր թիւը։
35 վյրկ. «‘Աստուծոյ Խօսքը Ուսուցանողներ’ Նահանգային Համաժողովին Ձեր Սորված Բաները կը Կիրարկէ՞ք»։ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան վարիչը ներկաներուն հետ նկատի կ’առնէ համաժողովի յայտագիրը։ Մէկ վայրկեան տեւող բացումէ մը ետք, իւրաքանչիւր օրուան յայտագրին համար 10-12 վայրկեան տրամադրեցէք։ Հակիրճօրէն ներկայացուցէք իւրաքանչիւր ենթագլուխին գլխաւոր կէտերը, ապա ներկաները հրաւիրեցէք որ խօսին թէ (1) ի՛նչպէս ջանացած են հրահանգները կիրարկել, (2) ասիկա ընելով ի՛նչպէս օգտուած են, եւ (3) ասկէ աւելի ի՛նչ ընելու կարիքը կը զգան։ Միտք գրգռող հարցումներ գործածեցէք, վառ զրոյց մը քաջալերելու համար։ Բոլորին օգնեցէք որ իրենց սորված բաները գործածելու կարիքը ըմբռնեն։
Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 15–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 113
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
15 վյրկ. «Հնազանդ Սիրտ» մը Ունի՞ք։ (Գ. Թագ. 3։9, ՆԱ) Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Յուլիս 1998, էջ 29-31–ի վրայ (Անգլերէն)։ Նկատի առէք կերպեր, որոնցմով կրնանք հնազանդութիւն ցուցաբերել՝ ժողովքին հետ աշխատելու մէջ։
20 վյրկ. Մեր Պարբերաթերթերը Լաւ Կերպով Գործածենք։ Ծառայութեան տեսուչը եւ պարբերաթերթերու ծառան ժողովքին պարբերաթերթի ցրուումին նկատմամբ իրենց մտահոգութիւնները կը յայտնեն։ Անոնք կը յիշեն թէ ժողովքը ամէն ամիս քանի՛ օրինակ կը ստանայ, եւ քանի՛ օրինակ կը տեղաւորէ։ Բացայայտօրէն, կարգ մը օրինակներ չեն բաշխուիր կամ կը նետուին։ Հրատարակիչները ի՞նչպէս կրնան իրենց պարբերաթերթերը աւելի լաւ կերպով գործածել։ Եղբայրները նկատի կ’առնեն այն եօթը կէտերը որոնք յիշուած են՝ 1999–ի Հոկտեմբեր 4–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովի «Մի՛շտ Պատրաստ Եղէք Պարբերաթերթ Ներկայացնելու» խորագրով բաժինին մէջ։ Անոնք վերաքաղ կ’ընեն Դիտարան 15 Փետրուար 1998 (Անգլերէն), էջ 28-29–ի վրայ գտնուած փորձառութիւնը, ապա նկատի կ’առնեն կարգ մը կերպեր, տրուած թելադրութիւնները տեղականօրէն կիրարկելու համար։ Ամէն անհատի քաջալերութիւն կը տրուի որ ամէն ամիս Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ լոյս տեսնող ներկայացումի նմոյշները փորձէ։
Երգեցողութիւն Թիւ 38 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 22–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 59
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Էջ 8–ի վրայ գտնուող թելադրութիւնները գործածելով, երկու հակիրճ պարբերաթերթի ներկայացումներ ցուցադրեցէք, մէկը՝ գործածելով Դիտարան 1 Նոյեմբեր թիւը, իսկ միւսը՝ Զարթի՛ր 8 Նոյեմբեր թիւը։
10 վյրկ. Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք։ Հակիրճօրէն աչքառու դարձուցէք Պատճառաբանել գրքին էջ 204-205–րդ էջերը (կամ՝ էջ 261-262, Արաբերէնով), ուր յստակ պատասխան մը կը տրուի՝ «Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս Աստուածաշունչի իրենց բացատրութիւնը ձեռք կը ձգեն» հարցումին։ Ներկայացուցէք լաւ պատրաստուած ցուցադրութիւն մը, վերայցելութեան մը ընթացքին այս հարցումին ի՛նչպէս պատասխանելու մասին, ապա ժողովներուն ներկայ գտնուելու ջերմ հրաւէր մը թող տրուի։
25 վյրկ. «Միացած՝ Աստուածային Ուսուցումով. Ակնարկ մը՝ Եղբայրական Իսկական Միութեան Վրայ»։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ Այս նիւթին բացման ու եզրափակութեան համար, առաջին ու վերջին պարբերութիւնները գործածեցէք։ Պատկերիզին մասին վառ զրոյց մը քաջալերելու համար, հայթայթուած իւրաքանչիւր հարցում հարցուցէք։ Եթէ ժողովքին մէջէն ոմանք ուրիշ երկիրներու մէջ համաժողովներու ներկայ գտնուած են, մեր կազմակերպութեան միջազգային տարողութիւնն ու միութիւնը անձամբ տեսնելու մասին իրենց զգացումները թող բաժնեն։ Եթէ ոչ, գործածեցէք կարգ մը սրտապնդիչ փորձառութիւններ, առնուած՝ 1994–ի Տարեգիրք–էն, էջ 7-9, եւ 1995–ի Տարեգիրք–էն, էջ 8-11։ Դեկտեմբերին վերաքաղ պիտի ընենք Մինչեւ Երկրին Ծայրերը խորագրով պատկերիզը։
Երգեցողութիւն Թիւ 47 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 29–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 46
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Հոկտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնը՝ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը կամ Գիտութիւն գիրքն է։ Ցուցադրեցէք հետեւեալ հակիրճ ներկայացումը. «Տնտեսական այս նեղ ժամանակներուն, շատեր դժուարաւ իրենց ապրուստը կը ճարեն։ Կը խորհի՞ք թէ մարդկային կառավարութիւններ այս խնդիրը պիտի լուծեն, այնպիսի կերպով մը որ բոլորին ի նպաստ պիտի ըլլայ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչի այս խոստումը շատ քաջալերական գտած եմ»։ Կարդացէք Սաղմոս 72։12-14–ը։ Ապա Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը կամ Գիտութիւն գիրքը ներկայացուցէք, գրականութեան մէջէն յարմար կէտ մը պարփակելով։
15 վյրկ. Տեղական Կարիքներ։
18 վյրկ. «Հոգեւորապէս Որքա՞ն Լաւ կը Կերակրուիք»։ Հրաւիրեցէք որ ներկաները Դիտարան 15 Ապրիլ 1997–ի թիւէն, էջ 28-31 (Անգլերէն), յաւելեալ մեկնաբանութիւններ ընեն, բացատրելու համար թէ ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս մեծ ջանք պէտք է թափենք, հոգեւորապէս կերակրուելու լաւ սովորութիւններ զարգացնելու համար։
Երգեցողութիւն Թիւ 129 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 5–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 162
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
18 վյրկ. Ժողովներու Համար Ընտանեօք Պատրաստութիւն Տեսնել։ Հայր մը իր ընտանիքին հետ նկատի կ’առնէ թէ ի՛նչպէս բոլորն ալ կրնան պատրաստել, ժողովներուն մէջ բաւարար մասնակցութիւն բերելու համար։ Դիտարան 1 Յուլիս 1999, էջ 29-30, պարբերութիւն 9–ի մէջ եղած ուղեգծերը գործածելով, անոնք պատասխաններ կը պատրաստեն այս շաբթուան Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան համար։ (1) Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ մէկ կամ երկու հարցում կ’ընտրէ, որոնց կ’ուզէ պատասխանել։ (2) Ընտրուած պարբերութիւնները աչքէ անցընելէ ետք, անոնք իրենց բառերով պատասխաններ կը պատրաստեն։ (3) Անոնք կ’ընտրեն յիշուած բանալի համարները, նկատի կ’առնեն թէ իւրաքանչիւրը ի՛նչպէս առնչուած է նիւթին հետ, եւ կը ծրագրեն ի՛նչ ըսել զանոնք դասին կիրարկելու համար։ Բոլորն ալ անհամբեր են ժողովին մասնակցելու։
17 վյրկ. «Ի՞նչ Է Նպատակը»։ Շեշտեցէք աշակերտներուն օգնելու կարեւորութիւնը, որ տեսնեն ժողովներուն ներկայ գտնուելու արժէքը։ Պարփակեցէք լաւ պատրաստուած ցուցադրութիւն մը թէ ասիկա ի՛նչպէս կ’ըլլայ, գործածելով Գիտութիւն գրքին, 17–րդ գլուխը, պարբերութիւն 6-8–ը։
Երգեցողութիւն Թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։