Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Նոյեմբերին. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ կամ՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Դեկտեմբերին. Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն կրնաք գործածել Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ, Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց կամ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գիրքը։ Յունուարին. Որեւէ 192 էջնոց հին գիրք, որ ժողովքը ունի։ Ժողովքներ որոնք այս գրքերէն չունին, կրնան՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գիրքը ներկայացնել։ Փետրուարին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է, կամ՝ որեւէ 192 էջնոց հին գիրք, որ ժողովքը ունի։
◼ Դեկտեմբեր 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։
◼ Ժողովքները պէտք է սկսին ապսպրել Եհովայի Վկաներու 2002–ի Տարեգիրք–ը, Նոյեմբերի իրենց գրականութեան խնդրագրին հետ։ Տարեգիրք–ը մատչելի պիտի ըլլայ հետեւեալ լեզուներով. Ալպաներէն, Անգլերէն, Արաբերէն, Գերմաներէն, Թակալոկ, Իլոքօ, Ինտոնեզերէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Հոլանտերէն, Հունգարերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Շուէտերէն, Չեխերէն, Չինարէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սերպերէն, Սէպուանօ, Սլովաքերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն, Ֆինլանտերէն, եւ Ֆրանսերէն։ Մինչեւ որ Տարեգիրք–ը մատչելի ըլլայ եւ անոր առաքումը կատարուի, անիկա ժողովքի ծրարումի ցանկերուն վրայ «Առկախուած» պիտի մնայ։ Տարեգիրք–երը մասնայատուկ ապսպրանքներ են։
◼ Ժողովքի հրատարակիչներ պէտք չէ տանտէրներու նամակատուփին մէջ յայտաթերթիկներ, թերթիկներ, պարբերաթերթեր, կամ որեւէ այլ գրականութիւն դնեն, հարկ եղած դրոշմաթուղթը չդրած։ Թղթատարական նոյն կանոնը որ ասիկա կ’արգիլէ, կը կիրարկուի նաեւ դռներուն վրայ եղած նամակի յատուկ ճեղքերուն։
◼ Ժողովքի մը հետ ընկերակցող անհատները Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի նոր, կամ վերանորոգուած, բոլոր բաժանորդագրութիւնները, մէջը ըլլալով իրենց անհատական բաժանորդագրութիւնները, ժողովքին միջոցով պէտք է ղրկեն։
◼ Մասնաճիւղի գրասենեակը չ’ընդունիր հրատարակիչներու կողմէ անհատական գետնի վրայ եղած գրականութեան ապսպրանքները։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի գրականութեան ամսական խնդրագիրը մասնաճիւղին ղրկուելէն առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք հետաքրքրուած են գրականութիւններ ստանալով, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն գրականութեան պատասխանատու եղբօր։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ո՛ր գրականութիւնները յատուկ ապսպրանքներ են։
◼ Ներկայիս Զարթի՛ր–ը լոյս կը տեսնէ Կիրգիզերէն լեզուով, որպէս եռամսեայ հրատարակութիւն։
◼ Ներկայիս Ճափոներէն լեզուով Զարթի՛ր–ը մատչելի է ձայներիզի վրայ։
◼ Ներկայիս Դիտարան–ը մատչելի է Չինարէն Պարզացուած (Փինյին) եւ Սուահիլի լեզուներով, որպէս մեծատառ տպագրութիւն։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
«Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ»—Լահուերէն
Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ—Մահորերէն (Արաբերէն տառերով), Վրացերէն, Տինքա
Աստուածաշունչի Խօսակցութեան Բնաբաններ—Արեւելահայերէն, Էսթոներէն
Աստուծոյ Բարեկամը Կրնա՛ք Ըլլալ—Թամուլերէն, Թրքերէն, Լաոսերէն, Ուոլոֆերէն, Պաուլ
Արիւնը Ի՞նչպէս Կրնայ Փրկել Ձեր Կեանքը—Վիեթնամերէն
Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար—Էֆիկերէն
Դժոխքի Կրակ. Աստուածային Արդարութեան Մաս կը Կազմէ՞ (Մահմետականներուն համար) (Թերթիկ Թիւ 74)—Սպաներէն
Դիտարան (2000–ի կազմուած հատորը)—Հոլանտերէն
Եհովայի Վկաներու Հաւատալիքները Ի՞նչ Են (Թերթիկ Թիւ 14)—Թոնկայերէն, Լինկալա
Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Ա.—Չինարէն, Չինարէն (Պարզացուած), Պարսկերէն
Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Ա.—Մեծատառ Տպագրութիւն—Իտալերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն
Զարթի՛ր (2000–ի կազմուած հատորը)—Հոլանտերէն
Ընտանեկան Հաճելի Կեանք մը Վայելեցէք (Թերթիկ Թիւ 21)—Թոնկայերէն
Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք—Իպօ
Ի՞նչ Յոյս՝ Մեր Սիրելի Ննջեցեալներուն Համար (Թերթիկ Թիւ 16)—Թոնկայերէն
Ի՛նչպէս Աստուածաշունչի Խօսակցութիւններ Սկսիլ եւ Շարունակել—Ուքրաներէն
Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը Մէջ (Թերթիկ Թիւ 15)—Թոնկայերէն
Խօսելու եւ Սորվեցնելու Ձեր Կարողութիւնը Ի՛նչպէս Բարելաւել—Ալպաներէն
Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ (Թերթիկ Թիւ 26)—Գամպոտերէն, Եօրուպա, Թուի, Իտալերէն, Յունարէն, Չինարէն, Չինարէն (Պարզացուած), Սուահիլի, Վիեթնամերէն, Փափիամէնթօ, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն
Ճակատագի՞րը կ’Իշխէ Մեր Կեանքին, Թէ Ոչ Աստուած Մեզ Պատասխանատու կը Բռնէ (Մահմետականներուն համար) (Թերթիկ Թիւ 71)—Սպաներէն
Մեծագոյն Անունը (Մահմետականներուն համար) (Թերթիկ Թիւ 72)—Սպաներէն
Միտք Դիր Կարդալու եւ Գրելու—Գրիօլ, Խրուաթերէն, Հայիթիեան Գրէօլ
Մխիթարութիւն Յուսալքեալներուն (Թերթիկ Թիւ 20)—Թոնկայերէն
Յիսուս Քրիստոս Ո՞վ Է (Թերթիկ Թիւ 24)—Արեւելահայերէն, Ճափոներէն
Որո՞նք Են Եհովայի Վկաները (Մահմետականներուն համար) (Թերթիկ Թիւ 73)—Սպաներէն
Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան—Թամուլերէն
Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը—Միանմար
Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն—Իպօ
1998–ի Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—Սպաներէն
1998-1999–ի Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—Արաբերէն
◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.
Առաջին Թագաւորաց (մէկ ձայներիզով)—Հոլանտերէն
Երկրորդ Թագաւորաց (մէկ ձայներիզով)—Հոլանտերէն
◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.
Նոյ՝ Աստուծոյ Հետ Քալեց—Փորթուկալերէն
Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը—Պատկերիզի Վրայ, Հատոր Գ.—Ամերիկեան Համրերու Լեզու