Ձեր Հասկնալու Կարողութիւնը Մշակեցէք
1 Նեղացուցիչ վերջին օրերը, որոնց մէջ կ’ապրինք, ամէնուրեք Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ յաւելեալ ճնշումներ եւ բազմատեսակ լուրջ փորձութիւններ բերած են։ (Բ. Տիմ. 3։1-5) Բոլորս ալ հաւատքին մէջ հաստատ մնալու համար քաջալերութեան կարիքը ունինք։ (Ա. Կորն. 16։13) Կրնանք ասիկա ընել Եհովայի օգնութեամբ, մինչ կը շարունակենք կանոնաւորաբար իր Խօսքով սնուցանուիլ, իր հոգիին ապաւինիլ, եւ իր կազմակերպութեան սերտօրէն կառչիլ։—Սաղմ. 37։28. Հռովմ. 8։38, 39. Յայտ. 2։10
2 Լաւ պատճառով մը, անցեալ տարուան միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագիրը՝ «Հասկնալու Կարողութեան Մէջ Չափահաս Եղէք» բնաբանը զարգացուց։ Անիկա հիմնուած էր Ա. Կորնթացիս 14։20–ի վրայ, ուր կը կարդանք Պօղոս առաքեալի խօսքերը. «Եղբայրնե՛ր, մտքով տղայ մի՛ ըլլաք, հապա չարութիւն գիտնալու կողմէ տղայ եղէք ու մտքով [«հասկնալու կարողութեան մէջ», ՆԱ]՝ չափահաս»։ Ի՞նչ էր ձեր կարծիքը յայտագրին մասին։
3 «Շա՛տ քաջալերական էր»։ «Ճի՛շդ ասոր կարիքը ունէինք»։ Ասոնք միայն երկու անհատներու արտայայտութիւններն են։ Նոյնիսկ Վկայ չեղող անհատ մը, որ միօրեայ մասնաւոր համաժողովին եկաւ իր 12 տարեկան աղջկան մկրտութիւնը տեսնելու համար, ըսաւ թէ յայտագիրը զինք շատ տպաւորած էր եւ կրնար տեսնել թէ ինչո՛ւ անիկա իր ընտանիքին համար օգտակար պիտի ըլլար։ Դուք ալ նոյնպէս կը զգա՞ք։ Մտաբերենք յայտագրին կարգ մը աչքառու կէտերը։
4 Ճշգրիտ Գիտութիւնը Անհրաժեշտ Է Հասկնալու Կարողութիւն Մշակելու Համար. «Ձեր Հասկնալու Կարողութիւնը Մշակեցէք Ներկայիս» խորագրով բացման դասախօսութեան մէջ, ներկայ դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու համար դասախօսը ի՞նչ բանի կարիքը շեշտեց։ Մտային կարողութենէն աւելիին կարիքը կայ։ Պէտք է Աստուածաշունչի հասկացողութեան մէջ մեր կարողութիւնը մշակենք եւ խորացնենք, որպէսզի մեր շուրջը գտնուող չար միջավայրէն չնուաճուինք։ Այս հասկացողութիւնը աստուածային ուղղութիւն կը պահանջէ։ Սաղմոսերգուին նման, աղօթքով պէտք է Եհովայէ խնդրենք որ մեզի օգնէ իր օրէնքներն ու վերյիշեցումները հասկնալու, որպէսզի կարենանք բոլորանուէր կերպով ծառայել իրեն։—Սաղմ. 119։1, 2, 34
5 Յաջորդ բաժնին մէջ, շրջանային տեսուչը ցոյց տուաւ թէ Եհովան, իր Խօսքին ու կազմակերպութեան միջոցաւ, մեզի կը հայթայթէ «Աստուածաշունչի Հասկացողութեան Մէջ Չափահաս Ըլլալու Օժանդակող Բաներ»։ Սահմանուեցաւ թէ հասկացողութիւնը «հարցին խորը տեսնելու եւ անոր բաղադրութիւնը ըմբռնելու կարողութիւնն է, անոր զանազան մասերուն եւ ամբողջութեան միջեւ եղած կապակցութիւնները ըմբռնելով, անոր իմաստը հասկնալն է»։ Ո՞վ կրնայ մեզի օգնել որ այս կարողութիւնը մշակենք։ Եհովան տղամարդիկ հայթայթած է որպէս պարգեւներ, մեզի օգնելու համար որ հոգեւորապէս յառաջդիմենք։ (Եփ. 4։11, 12) Իր երկրային կազմակերպութիւնը մեզ կը յորդորէ որ ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդանք եւ բոլոր ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուինք։ (Սաղմ. 1։2) Սորված ենք ի՛նչպէս Աստուածաշունչը եւ քրիստոնէական գրականութիւնները գործածել՝ անձնական եւ ընտանեկան ուսումնասիրութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ ժողովներու եւ դաշտի ծառայութեան պատրաստուելու համար։ Այս բոլոր կարգադրութիւններէն կ’օգտուի՞ք։ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան կանոնաւոր եւ անձնական յայտագիր մը կը պահպանէ՞ք։ Ասիկա կենսական է եթէ կ’ուզենք պաշտպանուիլ աշխարհային հոսանքներու, նորաձեւութիւններու, փիլիսոփայութիւններու, եւ խաբուսիկ ազդեցութիւններու զոհ դառնալէ։—Կող. 2։6-8
6 Մեր Ըմբռնողութիւնը Պէտք Է Մարզուի. «Հոգեւորականութիւնը Պահպանեցէք՝ Ձեր Ըմբռնողութիւնը Մարզելով» խորագրով իր առաջին դասախօսութեան մէջ, այցելու դասախօսը բացատրեց թէ աշխարհի պատկանող մարդիկը չեն կրնար շիտակը սխալէն զանազանել։ (Եսայ. 5։20, 21) Քանի որ անոնք կը մերժեն ընդունիլ եւ պահել Աստուծոյ արդար չափանիշները։ Ասոր հակառակը, մենք որ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ հոգեւոր մարզում ստացած ենք, կ’ընդունինք Աստուծոյ չափանիշները, որոնք մեր գործունէութիւնները եւ վարմունքը ուղղելու կը ծառայեն։ Հետեւաբար, ի վիճակի ենք քննելու թէ ի՛նչը բարի ու հաճելի է Եհովայի աչքին եւ ի՛նչը ներդաշնակ՝ իր կատարեալ կամքին հետ։—Հռովմ. 12։2
7 Աշխարհի շփոթած մտածելակերպէն ու անկէ առթած գէշ հետեւանքներէն խուսափելու համար, շարունակ պէտք է մեր ըմբռնողութիւնը մարզենք։ Ասիկա ի՞նչպէս կ’իրագործուի։ Ինչպէս արձանագրուած է Եբրայեցիս 5։12-14–ի մէջ, Պօղոս առաքեալ ընդգծեց թէ խօսքին ‘կաթով’ սնուցանուելէն աւելիին կարիքը կայ։ Հոգեւոր հաստատ կերակուրի կարիք ունինք, ինչպէս ստացանք Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան մէջ Դանիէլի մարգարէութիւնը ուսումնասիրելով։ Պէտք է մեր սորվածը շուտով կիրարկենք մեր կեանքին մէջ։ Այն ատեն, կը համոզուինք որ Եհովայի սկզբունքներն ու չափանիշները շիտակ են։ Ասիկա մեր ըմբռնողութիւնը կը մարզէ, որպէսզի բարին ու չարը յստակօրէն զանազանենք։
8 Դժբախտաբար, ոմանք հոգեւորապէս քանդուած են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իրենց ուշադրութիւնը Եհովայի աչքին բարի եւ ուղիղ նկատուած բաներուն վրայ չեն կեդրոնացուցած։ Որպէս հետեւանք, անոնք սուրբ գրայինօրէն առարկելի նիւթեր պարունակող ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի ասուլիսներու, նուաստացուցիչ երաժշտութեան, կամ համակարգիչի զրոյցի սենեակներու չար ազդեցութիւններուն զոհ գացած են։ Իմաստուն կերպով վարուելով, անբարոյ, անմիտ կամ ամբարիշտ մարդոց կողմէ ազդուելէ պիտի խուսափինք։—Առ. 13։20. Գաղ. 5։7. Ա. Տիմ. 6։20, 21
9 Պատանիները Պէտք Է ‘Չարութիւն Գիտնալու Կողմէ Տղայ Ըլլան’. Յայտագիրը երկու բաժիններ ունէր, որոնք յատկապէս պատանիները քաջալերեցին, որ իրենց ըմբռնողութիւնը մշակեն։ Դասախօսը ցոյց տուաւ թէ «չարութիւն գիտնալու կողմէ տղայ» ըլլալը կը նշանակէ՝ Եհովայի աչքին պիղծ եղող բաներուն առնչութեամբ անփորձ, այսինքն՝ երախաներու պէս անմեղ մնալ։ (Ա. Կորն. 14։20) Բոլորիս քաջալերութիւն տրուեցաւ որ զգոյշ ըլլանք մեր ժամանակը ի՛նչպէս գործածելու նկատմամբ, որպէսզի կարենանք ամէն տեսակ չարութեան դէմ դնել եւ անկէ ազդուելէ խուսափիլ։ (Եփ. 5։15-17) Քաջալերութիւն ստացանք հաշիւ ընելու թէ ո՛րքան ժամանակ կը տրամադրենք նիւթեր կարդալու, որոնք հոգեւոր բաներ հասկնալու ուղղակիօրէն չեն նպաստեր։ Ասիկա ըրի՞ք։ Արդիւնքները ի՞նչ ցոյց տուին։ Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութեան կողքին, վճռեցէք կազմակերպութեան հայթայթած գրականութիւնները կանոնաւորաբար ընթերցել։ Ասիկա ընելը բոլորիս պիտի օգնէ, ի ներառեալ պատանիներուն, որ ‘հասկացողութիւն ստանանք’։—Առ. 4։7-9, ՆԱ
10 «Աստուածաշունչի Սկզբունքները Հասկացողութեամբ Գործադրելէն Օգտուեցէք». Ասիկա միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին փակման դասախօսութեան խորագիրն էր։ Այցելու դասախօսը բացատրեց թէ Եհովա Աղբիւրն է կենսատու հասկացողութեան, որ ամբողջ մարդկութեան ունեցած հասկացողութենէն անսահմանօրէն գերազանց է։ Պահ մը երեւակայեցէք Եհովայի հասկացողութիւնը ձեռք ձգելու պատեհութիւնը ունենալու մասին։ Ան առատաձեռնօրէն զայն կը շնորհէ անոնց, որոնք անկեղծօրէն զայն կը փնտռեն եւ հաւատքով զայն կը խնդրեն։ (Առ. 2։3-5, 9. 28։5) Իր առաջարկէն լիովին կ’օգտուի՞ք։
11 Քաջալերութիւն տրուեցաւ որ մինչ Աստուածաշունչը կը կարդանք, սորվինք սկզբունքներ բնորոշել։ (Բ. Տիմ. 3։16, 17) Ուշադրութեամբ զանոնք ուսումնասիրեցէք, որպէսզի Եհովայի ըսածներուն մասին ճշգրիտ հասկացողութիւն մը ունենաք։ Ժամանակ տրամադրեցէք այս սկզբունքներուն մասին խոկալու համար, եւ զանոնք ձեր մտքին ու սրտին վրայ դրոշմեցէք։ Ասիկա ձեր ըմբռնողութիւնը պիտի մարզէ, որպէսզի կեանքի մէջ յաջող որոշումներ տաք։ (Յես. 1։8) Նկատի առնենք քանի մը պարագաներ, զորս շատեր կը դիմագրաւեն, եւ տեսնենք թէ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելը ի՛նչպէս մեզի կ’օգնէ որ յաջողինք։
12 ‘Որոշ հագուելակերպ մը եւ յարդարանք մը պէ՞տք է որդեգրեմ’. Հագուելակերպի եւ յարդարանքի վերաբերեալ աշխարհի նորաձեւութեան հոսանքները, յաճախ կ’արտացոլացնեն ըմբոստութեան հոգի մը։ Այսպիսի հոգի մը կը մղէ մարդիկ որ թափթփած եւ անգրաւիչ կերպով հագնին, կամ սեռայնութիւն ցուցադրեն։ Աստուածաշունչի ո՞ր առնչակից սկզբունքները մեզի պիտի օգնեն որ այսպիսի հակումներու դէմ դնենք։ Մեր ըմբռնողութիւնը մարզած ըլլալով, նկատի պիտի առնենք Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10–ի մէջ գտնուող սկզբունքը, որ է՝ հագնիլ ‘ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ, ինչպէս կը վայելէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած անհատներուն’։ Կիրարկելի այլ սկզբունքներ կը պարփակեն Բ. Կորնթացիս 6։3 եւ Կողոսացիս 3։18, 20–ի մէջ յիշուածները։
13 ‘Ընտանիքիս անդամներուն միջեւ կապերը զօրաւոր պահելու համար ի՞նչ կրնամ ընել’. Ընտանիքի անդամներուն միջեւ լաւ հաղորդակցութիւնը կենսական է։ Յակոբու 1։19–ն մեզի կ’ըսէ. «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ»։ Ընտանիքի անդամները պէտք է իրարու մտիկ ընեն եւ իրարու հետ խօսին, քանի որ ընտանեկան հաղորդակցութիւնը երկկողմանի ճամբայ մըն է։ Նոյնիսկ երբ մեր ըսածը ճիշդ է, եթէ անիկա կոշտ, հպարտ կամ անզգայ կերպով ըսուի, աւելի վնասակար կրնայ ըլլալ, քան՝ օգտակար։ Ուստի, ըլլանք ամուսին թէ կին, ծնող թէ զաւակ, մեր խօսակցութիւնը պէտք է «ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ»։—Կող. 4։6
14 ‘Նիւթապաշտութիւնը վրաս ազդեցութիւն ունի՞’. Նիւթապաշտութիւնը աշխարհային ճնշում մըն է, որ անհատին կեանքը կը կնճռոտէ։ Անիկա երջանկութեան բանալին չէ։ (Ժող. 5։10. Ղուկ. 12։15. Ա. Տիմ. 6։9, 10) Նիւթապաշտութեան որոգայթէն խուսափելու համար, Յիսուս մեզի այս կարեւոր սկզբունքը սորվեցուց. Պարզ աչք մը պահեցէք։ Հաւասարակշռուած, նուազ բարդ կեանք մը կը պարփակէ մեր աչքերը կեդրոնացնել Թագաւորութեան շահերուն վրայ, միւս բոլոր բաները երկրորդական տեղը դնելով։—Մատթ. 6։22, 23, 33
15 Մեր Նպատակակէտը Ի՛նչ Պէտք Է Ըլլայ. Աստուծոյ Խօսքին մէջ արդար սկզբունքներու վստահելի աղբիւր մը ունինք, որոնք մեզ կ’ուղղեն որոշումներ տալու մէջ։ Պէտք է այս սկզբունքները սորվինք, անոնց վրայ խոկանք, եւ հասկնանք մեր կեանքին մէջ ի՛նչպէս զանոնք կիրարկել։ ‘Բարին ու չարը զանազանելու համար մեր ըմբռնողութիւնը մարզելով’, մենք մեզի օգտակար պիտի ըլլանք եւ Եհովան պիտի պատուենք։—Եբր. 5։14