Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/01 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 12/01 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Դեկտեմբերին. Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն կրնաք գործածել Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ, Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց կամ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գիրքը։ Յունուարին. Որեւէ 192 էջնոց հին գիրք, որ ժողովքը ունի։ Ժողովքներ որոնք այս գրքերէն չունին, կրնան՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գիրքը ներկայացնել։ Փետրուարին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է, կամ՝ որեւէ 192 էջնոց հին գիրք, որ ժողովքը ունի։ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։

◼ Քանի որ Գաղաադու շրջանաւարտութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ 9 Մարտ 2002–ին, այդ օրը շրջապտոյտներ պիտի չըլլան մասնաճիւղի գրասենեակին՝ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Պրուքլինի, Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի համալիրներուն մէջ։ Անոնք որ ծրագրած են այդ Շաբաթ օրը այցելել, իրենց այցելութիւնը պէտք է յետաձգեն։ Այդ օրը, ժողովքներուն խնդրած գրականութիւններու յանձնում պիտի չըլլայ։

◼ Ժողովքները իրենց Դեկտեմբեր ամսուան գրականութիւններու ապսպրանքին հետ պէտք է սկսին ապսպրել 2001–ի Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի կազմուած հատորները։ Կազմուած հատորները մատչելի պիտի ըլլան հետեւեալ լեզուներով. Անգլերէն, Գերմաներէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Հոլանտերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Չինարէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն։ Մինչեւ որ կազմուած հատորները մատչելի ըլլան եւ առաքուին, անոնք ժողովքի ծրարումի ցանկերուն վրայ «Առկախուած» պիտի մնան։ Կազմուած հատորները մասնայատուկ ապսպրանքներ են։

◼ Իւրաքանչիւր ժողովքի գլխաւոր լեզուով, 2002–ի Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսեր շուտով պիտի ղրկուին ձեր ժողովքին։ Եթէ ձեր ժողովքի թաղամասին մէջ ուրիշ լեզուներ ալ կը խօսուին եւ կը փափաքիք այդ լեզուներով հրաւիրատոմսեր ունենալ, պէտք է անմիջապէս զանոնք ապսպրել, գործածելով Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճենը (S-14)։ Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսերը մատչելի են հետեւեալ լեզուներով. Ալպաներէն, Անգլերէն, Արաբերէն, Արեւելահայերէն, Գամպոտերէն, Թակալոկ, Թրքերէն, Իլոքօ, Ինտոնեզերէն, Իտալերէն, Լաոսերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Կուճարաթի, Հայերէն, Հինտի, Հոլանտերէն, Ճափոներէն, Մակեդոներէն, Մարշալերէն, Յունարէն, Չինարէն, Չինարէն (Պարզացուած), Պարսկերէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սամոայերէն, Սերպերէն, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փափիամէնթօ, Փունճապի, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն։ Հաճեցէք ապսպրել միայն այն լեզուներով, որոնց կարիքը կայ ձեր թաղամասին մէջ։

◼ Հաճեցէք նկատի առնել թէ 2003 թուականի Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի՝ Ապրիլ 16–ին, արեւնամուտէն ետք։ Այս ծանօթագրութիւնը կանխաւ կը տրուի, որպէսզի եղբայրները կարենան մատչելի սրահներուն համար հարկ եղած վերապահումները կամ պայմանագրութիւնները ընել, երբ մի քանի ժողովքներ միեւնոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն եւ ուրիշ վայրեր ապահովելու կարիքը ունին։ Երէցները վարչութեան հետ համաձայնութիւն մը պէտք է կնքեն, վստահ ըլլալու համար որ միեւնոյն կառոյցին մէջ տեղի ունեցող ուրիշ գործունէութիւններ չխանգարեն Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը, որպէսզի անիկա խաղաղութեամբ ու կարգապահութեամբ ընթանայ։ Առիթին կարեւորութեան ի տես, Յիշատակատօնի դասախօսը նշանակելու համար, երէցներու մարմինը պէտք է ընտրէ որակելի երէցներէն մէկը, փոխանակ պարզապէս ամէն տարի հերթականութեամբ երէց մը նշանակելու կամ նոյն եղբայրը գործածելու։ Եթէ օծեալ ատակ երէց մը կայ, որ կրնայ դասախօսութիւնը ներկայացնել, զինք պէտք է ընտրել։

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.

Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ—Մեծատառ Տպագրութիւն—Անգլերէն

Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ—Սանկօ, Վրացերէն

Եհովան Փառաբանենք Մեր Երգերով (29 երգեցողութիւններ)—Արեւելահայերէն

Եհովան Փառաբանենք Մեր Երգերով (Մեծ երգարան)—Սինհալա

Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Ա.—Ֆինլանտերէն

◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.

Պատանիները կը Հարցնեն. Ի՞նչպէս Իսկական Ընկերներ Կրնամ Ունենալ—Գերմաներէն, Իտալերէն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել