Վկայել՝ Մինչեւ Երկրին Ծայրերը
Հաւանաբար որո՞նք կրկին անգամ պիտի դիտէին Մինչեւ Երկրին Ծայրերը խորագրով պատկերիզը։ Միսիոնար ըլլալու նպատակակէտը ունեցողները։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցին աւելի մօտէն ծանօթանան։ Այս պատկերիզը նշեց այս անզուգական դպրոցին 50 ամեակը, որ հիմնուած էր վկայութեան գործը «երկրի ամէն ծայրեր»ը տարածելու համար։ (Սաղմ. 22։27) Զայն դիտելը, կարեւորագոյն գործին՝ բարի լուրի քարոզչութեան՝ հանդէպ ձեր գնահատութիւնը պիտի աւելցնէ եւ ձեզ պիտի մղէ ձեր գործունէութիւնը աւելցնելու։ Հետեւեալը նկատի առէք. (1) 1940–ական թուականներու սկիզբը, ի՞նչ բան Եհովայի կազմակերպութեան գլխաւոր հետաքրքրութիւնը դարձած էր։ (Գործք 1։8) (2) 1942–ին, սուրբ գրային ո՞ր շշմեցուցիչ մարգարէութիւնը կը կատարուէր, եւ ի՞նչպէս մենք ու ընդհանուր աշխարհը իրարմէ տարբեր բաներու վրայ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էինք։ (Յայտ. 17։8. դ89 4/1 էջ 24 պարբ. 12) (3) Ի՞նչ ծրագիրներ եղան, Բ. Աշխարհամարտէն ետք ակնկալուած խաղաղութեան ժամանակաշրջանը օգտագործելու համար։ (jv էջ 522 պարբ. 1-2) (4) Գաղաադու Դպրոցի առաջին դասարանի աշակերտներուն ո՞ր յատկութիւններուն վրայ կը հիանաք։ (5) Գաղաադու առաջին 50 տարիներուն ընթացքին, քանի՞ աշակերտներ շրջանաւարտ եղան, եւ քանի՞ երկիրներ ղրկուեցան։ (6) Աշակերտները իրապէս որքա՞ն կրթութիւն կը ստանան Աստուածաշունչէն։ (7) Ի՞նչ բան որակաւոր միսիոնար եւ Աստուծոյ Խօսքը ուսուցանող մը յառաջ կը բերէ։ (8) Միսիոնարական կեանքը ի՞նչպէս է, եւ ի՞նչ մարտահրաւէրներ կան։ (9) Միսիոնարները ի՞նչ կը խորհին իրենց ապրելակերպին մասին, իսկ անոնց անձնազոհ ընթացքը ի՞նչ մասնայատուկ ուրախութիւններ յառաջ կը բերէ։ (10) Հազարաւոր միսիոնարներ մինչեւ օրս ի՞նչ իրագործած են։ Օրինակներ տուէք։ (11) Քարոզելու համար «մինչեւ երկրին ծայրերը» գացող եղբայրներն ու քոյրերը ձեր վրայ ի՞նչ տպաւորութիւն ձգած են։ (12) Միսիոնարներուն ձգած օրինակը ի՞նչ ընելու կը քաջալերէ ձեզ, եւ ինչո՛ւ։