Եհովայի Սիրոյն Հանդէպ Գնահատութիւն Ցուցաբերելուն Օրհնութիւնները—Մաս Բ.
1 Այս նիւթին մասին անցեալ ամսուան բաժնին մէջ աչքառու դարձուցինք չորս կերպեր, որոնցմով Եհովայի սիրոյն հանդէպ մեր գնահատութիւնը կրնանք ցոյց տալ ծառայութեան մէջ։ (Ա. Յովհ. 4։9-11) Այս բաժնին մէջ ասիկա ընելու հինգ կերպեր պիտի աւելցնենք։ Երբ լիովին բաժին բերենք ուրիշներու հոգեւորապէս օգնելու մէջ, կ’օրհնուինք։
2 Անպաշտօն Վկայութիւն. Ասիկա արդարութեան համար անօթի ու ծարաւ անհատները գտնելու եւ անոնց օգտակար գրականութիւններ տեղաւորելու համար ազդու կերպ մըն է։ Կ’արժէ ‘ժամանակը ծախու առնել’ եւ վկայել ամէն առիթով եւ ոեւէ անհատի որ կը հանդիպինք։ (Եփ. 5։16) Թերեւս այս կերպով վկայելու համար քաջութիւն պէտք է հաւաքենք, սակայն, եթէ կը գնահատենք Եհովայի սէրը եւ մարդոց կարիքները, ամէն առիթով պիտի վկայենք։—Բ. Տիմ. 1։7, 8
3 Միսիոնար մը մեծապէս օրհնուեցաւ, թէքսի–ի մը մէջ անհատի մը հետ խօսակցութիւն մը սկսելուն համար։ Մարդը հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ։ Վերայցելութիւններ եղան եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ։ Այս մարդը ճշմարտութեան եկաւ եւ յառաջդիմելով ժողովքի մը մէկ երէցը եղաւ։
4 Նամակ Գրել. Թերեւս ֆիզիքական անկարողութեան կամ աննպաստ օդին պատճառաւ, տունէ տուն երթալու կարողութիւն չունինք։ Կրնանք նամակ գրել, թղթատարական միջոցաւ հակիրճ վկայութիւն մը տալով այն անհատներուն, որոնք սիրելի մը կորսնցուցած են, կամ որոնք տունը չէին երբ թաղամասին մէջ կը քարոզէինք։ Կրնանք ներփակել մեր այժմէական թերթիկներէն մէկը, որ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրաւիչ պատգամ մը ունի եւ ընթերցողը կը քաջալերէ ընդառաջելու, որեւէ հարցում ունենալու պարագային։ Գործածեցէք ձեր անձնական կամ Թագաւորութեան Սրահին հասցէն. հաճեցէք մասնաճիւղի գրասենեակին հասցէն չգործածել։
5 Հեռաձայնով Վկայութիւն. Ասիկա հոյակապ կերպ մըն է հասնելու այն մարդոց, որոնց չենք կրնար հանդիպիլ տունէ տուն գործունէութեան ընթացքին։ Եթէ զայն խոհեմութեամբ, ազնուութեամբ, փափկանկատութեամբ եւ հմտութեամբ ընենք, շատ լաւ ընդառաջում մը կրնանք ձեռք ձգել։ Փետրուար 2001–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը, էջ 5-6–ի մէջ, գործնական թելադրութիւններ կը հայթայթէ, լաւագոյն արդիւնքները ի՛նչպէս ձեռք ձգելու մասին։
6 Երբ քոյր մը հեռաձայնով կը վկայէր, կնոջ մը հարցուց թէ երբեք խորհա՞ծ էր թէ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ իրեն եւ իր ընտանիքին համար։ Կինը դրական պատասխան մը տուաւ։ Ան յայտնեց թէ իր յուսահատ վիճակին պատճառաւ, տան մէջ մեկուսացած էր։ Մեր քրոջ անկեղծ հետաքրքրութենէն մղուած, կինը համաձայնեցաւ անոր հանդիպիլ մօտակայ շուկայի մը մէջ։ Որպէս արդիւնք, կինը իսկոյն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։
7 Օտարներուն Բարի Գալուստ Մաղթել. Եթէ կը սիրենք մեր դրացիները, արթուն պիտի ըլլանք նկատելու որեւէ օտարական, որ կ’այցելէ մեր ժողովի սրահը եւ անոր զգացնել պիտի տանք թէ բարի եկած է։ (Հռովմ. 15։7) Թող տեսնէ թէ շրջապատուած է անհատներով, որոնք անկեղծօրէն իր հոգեւոր բարօրութեամբ հետաքրքրուած են։ Մեր անկեղծ հետաքրքրութիւնը եւ առաջարկած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը կրնան զինք մղել որ մեր օգնութիւնը ընդունի։
8 Մեր Լաւ Վարքը. Մեր լաւ վարքով, ճշմարտութիւնը կը զարդարենք։ (Տիտ. 2։10) Երբ աշխարհային մարդիկ, որպէս Եհովայի Վկայ մեր մասին գովասանքով կը խօսին, անոնք մեր Աստուծոյն պատիւ կը բերեն։ (Ա. Պետ. 2։12) Այս ալ ուրիշներու կ’օգնէ որ կեանքի ճամբուն մէջ սկսին քալել։
9 Եհովայի մեծ սիրոյն հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցոյց տալու այս հինգ կերպերը ինչո՞ւ վերաքաղ չընէք եւ ի գործ չդնէք։ (Ա. Յովհ. 4։16) Մինչ ասիկա կ’ընէք, բազմաթիւ օրհնութիւններ պիտի քաղէք։