Շարունակեցէք Թագաւորութիւնը Առաջին Տեղը Դնել
1 Թագաւորութիւնը կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելը ու զայն հոն պահելը դիւրին չէ, երբ տնտեսական ճնշումներ կամ այլ խնդիրներ դիմագրաւենք։ Ի՞նչպէս կրնանք շարունակել Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնել, երբ դժուարութիւններ ծագին։ Ի՞նչ ընենք եթէ մեզի գործ մը առաջարկուի, որ մեզմէ կը պահանջէ ժողովներէն բացակայիլ կամ դաշտի ծառայութեան արգելք կը հանդիսանայ։ Այն ատեն Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ պէ՞տք է երկրորդական տեղը առնէ։
2 Զօրաւոր Հաւատքը Անհրաժեշտ Է. Երբ մեր հաւատքը այսպիսի պարագաներու ներքեւ փորձուի, պէտք չէ մոռնանք Եհովայի խոստումը եւ Յիսուսի երաշխիքը. եթէ առաջ Թագաւորութիւնը փնտռենք, այն ատեն Աստուծոյ օգնութիւնը պիտի ստանանք։ (Սաղմ. 37։25. Մատթ. 6։31-34) Աշխարհային ազդեցութիւններն ու ճնշումները կրնան մեր տեսադաշտը աղօտել եւ Թագաւորութիւնը առաջնակարգ տեղը պահելուն արգելք հանդիսանալ։ Ոմանք թոյլ տուած են որ գործի մէջ կարկառուն դիրք մը կամ նիւթական շահեր ձեռք ձգելու հեռանկարը կեանքի մէջ շատ կարեւոր բան մը դառնայ։ Սակայն, Պօղոսի նման, պէտք է ճշգրտօրէն քննենք թէ կեանքի մէջ ի՛նչ բան իրապէս արժէքաւոր է։—Փիլ. 3։7, 8
3 Վերաճշդումներ Ընելու Հարկը Կա՞յ. Հրատարակչուհի մը ըսաւ. «Սիրտս գործիս մէջ էր. անիկա մեծագոյն սէրս էր։ Կը խորհէի թէ կրնայի Վկայ մը ըլլալ եւ միեւնոյն ատեն ժամանակիս մեծ մասը առեւտրական շահերու նուիրել»։ Սակայն, ան նեղութիւն կը զգար, քանի որ Եհովայի ծառայելու մէջ կրնար աւելին ընել։ Ժամանակ մը ետք, ան հրաժարեցաւ այդ գործէն, որ իր հոգեւոր յառաջդիմութեան արգելք մըն էր։ Անմիջապէս որ իր անձը լիովին Թագաւորութեան գործին նուիրեց, ան կարողացաւ ըսել. «Այժմ կը զգամ թէ Եհովայի աչքին կեանքս յաջող է, եւ կարեւորը այս է»։
4 Գովելիօրէն, շատեր աշխարհիկ գործեր եւ նիւթական աւելի մեծ շահ ապահովելու հեռանկարներէ հրաժարած, իրենց կեանքը պարզացուցած, եւ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկած են։ Ծառաներու Մարզումի Դպրոց յաճախող երիտասարդ, ամուրի օգնական ծառաներ եւ երէցներ ասիկա ըրած են, եւ այժմ ծառայութեան հոյակապ առանձնաշնորհումներ կը վայելեն։ Պօղոսի ընտիր օրինակը ընդօրինակելով, անոնք իրապէս գոհունակ են հիմնական նիւթական հայթայթումներով։—Ա. Կորն. 11։1. Ա. Տիմ. 6։6-8. Եբր. 13։5
5 Թէեւ աշխարհ կրնայ ծիծաղիլ կեանքի մասին մեր ունեցած հայեցակէտին վրայ, սակայն մենք Եհովայի օրհնութիւնը ունինք։ (Ա. Կորն. 1։26-31) Քաջալերական չէ՞ գիտնալ թէ ան մեզ կարելի եղածին չափ լիովին պիտի գործածէ եւ մեզի պիտի օգնէ որ իր գործը կատարենք։ Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութիւնը ծանուցանելու մեր ներկայ պատեհութիւնը երբեք պիտի չկրկնուի։ Ուստի հիմա է ժամանակը որ շարունակենք Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել։