Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Յունուար 14–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Քննարկեցէք «Նոր Հիմնարկներ Կազմուեցան» շրջագիծը։
25 վյրկ. Սիրալիր Հայթայթումներէն Օգտուիլ։ Ատակ երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ մասնաճիւղի գրասենեակին կողմէ հայթայթուած 1 Դեկտեմբեր 2001 թուակիր ուրուագծին վրայ։ Ժողովքը պէտք է բաւարար քանակով ունենայ հետեւեալ բաները, զանոնք բաշխելու համար. Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտը, Անձնագիրը, առողջապահական մնայուն փոխանորդագրի պատճենը (ՄՓ), եւ Կանխայայտ Ուղեցոյցը։ Այս փաստաթուղթերը մկրտուած հրատարակիչներուն մատչելի պիտի ըլլան այս գիշերուան ժողովէն ետք, բայց պէտք ՉԷ այս գիշեր լեցուին։ Ձեր ու վկաներուն ստորագրութիւնը, ինչպէս նաեւ քարտերուն թուականը դնելը պիտի ըլլան յաջորդ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան ժողովին, գրքի ուսումնասիրութեան վարիչին աջակցութեամբ, եթէ կարիքը տեսնուի։ Որպէս վկաներ ստորագրողները պէ՛տք է տեսնեն անհատին իր փաստաթուղթը ստորագրելը։ ՄՓ–ն ամբողջացնելէ առաջ, պէտք է Կանխայայտ Ուղեցոյցը ուշադրութեամբ նկատի առնուի։ Եթէ արդէն իսկ լեցուցած էք ՄՓ մը, անհրաժեշտ պիտի չըլլայ ուրիշ մը լեցնել, բացի եթէ անոր թուականը 2001–էն առաջ է, կամ ձեր ընթացիկ փափաքները չի յայտներ։ Եթէ հրատարակիչ մը ուրիշ նահանգ փոխադրուած է, հարկ է որ նոր ՄՓ պատճեն մը լեցնէ, այդ նահանգին համար։ Այս փաստաթուղթերուն գործածած լեզուն իրենց անհատական պարագաներուն ու համոզումներուն յարմարցնելով, չմկրտուած հրատարակիչները՝ իրենց եւ իրենց զաւակներուն գործածութեան համար՝ կրնան իրենց անձնական ցուցմունքը գրել։
10 վյրկ. «Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք»։ Ցուցադրեցէք ի՛նչպէս ներկայացնել Դիտարան 1 Փետրուար եւ Զարթի՛ր 22 Յունուար թիւերը։ Բոլոր հրատարակիչները քաջալերեցէք որ Պարբերաթերթի Օրուան թիկունք կանգնին։
Երգեցողութիւն Թիւ 55 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 21–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 46
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Նկատի առէք «Բան մը ‘Մէկ Կողմ Դրէք’» խորագրով շրջագիծը։
13 վյրկ. Աստուածաշունչը Ամէն Օր կը Քննէ՞ք։ Ընտանիքի մը կողմէ քննարկում։ Ամէն օր օրուան համարի իրենց քննարկման օգուտները աւելցնելու համար, անոնք նկատի կ’առնեն Դիտարան 1 Յունուար 1997, էջ 15, պարբերութիւն 13-14։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք վերջերս նկատի առնուած երկու կամ երեք օրուան համարներ, եւ բացատրեցէք թէ անոնց բովանդակած տեղեկութիւնը ի՛նչպէս յատկապէս օգտակար եղած է։ Շեշտեցէք թէ այս կարգադրութիւնը պէտք է մէկ մասը ըլլայ ընտանեկան կանոնաւոր ուսումնասիրութեան յայտագրի մը, որուն նպատակն է ընտանիքի անդամները հոգեւորապէս գործունեայ պահել։
22 վյրկ. «Շարունակեցէք Թագաւորութիւնը Առաջին Տեղը Դնել»։ Պարփակեցէք մի քանի հարցումներ, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1998, էջ 29-31–ի գլխաւոր կէտերուն վրայ։
Երգեցողութիւն Թիւ 172 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 28–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Յունուար ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Էջ 8–ի մէջ գտնուող թելադրութիւնները գործածելով, ցուցադրեցէք պարբերաթերթի երկու հակիրճ ներկայացումներ, մէկը՝ գործածելով Դիտարան 1 Փետրուար թիւը, իսկ միւսը՝ Զարթի՛ր 8 Փետրուար թիւը։ Յիշեցէք Փետրուար ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնը, ուշագրաւ դարձնելով ժողովքին ունեցած գրականութիւնները։
20 վյրկ. «Ո՛վ Ծնողներ՝ Ձեր Զաւակները Մարզեցէք Իրենց Մանկութենէն»։ Պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Ապրիլ 1998, էջ 32–ին վրայ (Անգլ.)։ Ծնողները հրաւիրեցէք որ պատմեն այն լաւ արդիւնքներուն մասին, զորս ձեռք ձգած են, իրենց զաւակներուն հոգեւոր մարզումը մանկութենէն սկսած ըլլալով։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։ Հրատարակիչները հրաւիրեցէք որ պատմեն փորձառութիւններ, զորս ունեցած են Պատճառաբանել գիրքը գործածելով, մարդոց հարցումներուն պատասխանելու համար մասնայատուկ գրքոյկներ տեղաւորելով, կամ՝ Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . . գրքոյկէն սուրբ գրային մխիթարութիւն տալով։ Թերեւս կրնաք մէկ կամ երկու փորձառութիւններ խաղարկել։
Երգեցողութիւն Թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 4–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 212
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
17 վյրկ. «Ի՞նչպէս Պիտի Լսեն»։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ համարներուն կիրարկման մասին մեկնաբանեն։ Պարփակեցէք հարցումներ, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1998, էջ 17, 17-18–րդ պարբերութիւններուն վրայ։
20 վյրկ. «Դաշտի Ծառայութեան Համար Թելադրուած Ներկայացումներ»։ Ծառայութեան տեսուչը նիւթը կը քննարկէ ներկաներուն հետ։ Այս յաւելուածականը կը բովանդակէ թելադրուած ներկայացումներ, որոնք Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին նախկին համարներուն մէջ լոյս տեսած են, ի ներառեալ կարգ մը նոր ներկայացումներ։ Պարապ տողերը կրնան գործածուիլ գրելու համար այլ թելադրութիւններ, որոնք ապագային կրնան լոյս տեսնել եւ որոնք տեղական թաղամասին մէջ կրնան ազդու ըլլալ։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ յիշեն թէ յատկապէս ո՛ր ներկայացումները կը սիրեն եւ ինչո՛ւ։ Ցուցադրեցէք մէկ կամ երկու ներկայացումներ, որոնք Փետրուար ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութեան հետ կրնան գործածուիլ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ այս յաւելուածականը պահեն եւ անոր յաճախ դիմեն, երբ ծառայութեան համար կը պատրաստուին։
Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։