Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/02 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Փետրուար 11–ով Սկսող Շաբաթ
  • Փետրուար 18–ով Սկսող Շաբաթ
  • Փետրուար 25–ով Սկսող Շաբաթ
  • Մարտ 4–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
թծ 2/02 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Փետրուար 11–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 14

12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ կարդան կամ վերաքաղ ընեն Ծննդոց 6։1–էն մինչեւ 9։19, եւ Նոյ՝ Աստուծոյ Հետ Քալեց պատկերիզը դիտեն, Փետրուար 25–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ անոր քննարկման առ ի պատրաստութիւն։

20 վյրկ. «Աստուծոյ Խօսքը Լման Քարոզենք»։ (Պարբերութիւն 1-13) Նկատի պիտի առնուի վերակացու տեսուչին կողմէ։ Խանդավառ քննարկութիւն մը թէ Մարտ ամսուն եւ անկէ ետք ի՛նչ կը փափաքինք իրագործել։ Ամէն ոք պէտք է յաւելուածականին մէջ հայթայթուած օրացոյցը գործածէ, գործնական յայտագիր մը պատրաստելու համար, որպէսզի Մարտ ամսուան ընթացքին կարելի եղածին չափ ծառայութեան մասնակցի։ Քաջալերեցէք կարելիութիւն ունեցող բոլոր անհատները որ այդ ամիս օժանդակ ռահվիրայ ըլլան։ Երբ 7-8–րդ պարբերութիւնները նկատի կ’առնէք, խնդրեցէք անոնցմէ որոնք անցեալ Յիշատակատօնի շրջանին ռահվիրայ եղան, որ խօսին իրենց վայելած օրհնութիւններուն մասին։ Ծանուցանեցէք թէ օժանդակ ռահվիրայութեան դիմումնագիրները մատչելի պիտի ըլլան այս ժողովէն ետք։

13 վյրկ. «Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք»։ Հրատարակիչներուն հարցուցէք թէ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին այս երեսակը ի՛նչպէս իրենց օգնեց աւելի լաւ պատրաստուած ըլլալու՝ յօդուածները եւ այս դժուար օրերու խռովեցուցիչ դէպքերը իրարու հետ կապելու համար։ Ոմանք ի՞նչ փորձառութիւններ ունեցան մարդոց մխիթարութիւն տալով եւ անոնց օգնելով որ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած պատասխաններ գտնեն։ Երկու հակիրճ ցուցադրութիւններով, ցոյց տուէք ի՛նչպէս ներկայացնել Դիտարան 1 Մարտ ու ետքը՝ Զարթի՛ր 22 Փետրուար թիւերը։

Երգեցողութիւն Թիւ 204 եւ փակման աղօթք։

Փետրուար 18–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 95

8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։

12 վյրկ. «Երկրի Ամենէն Ուրախ Ժողովուրդը»։” Հակիրճօրէն պարփակեցէք «Ուրախութեան Առաջնորդող Քայլեր» շրջագիծը, Դիտարան 1 Մարտ 1998, էջ 6։

25 վյրկ. «Աստուծոյ Խօսքը Լման Քարոզենք»։ (Պարբերութիւն 14-23) Նկատի պիտի առնուի ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ Վերաքաղ ըրէք տեղական մասնայատուկ ծրագիրներ՝ Մարտի ընթացքին գործունէութիւնը աւելցնելու համար։ Յիշեցէք այդ ամսուան ընթացքին դաշտի ծառայութեան ժողովներու ամբողջ յայտագիրը։ Շեշտը դրէք անգործունեայ դարձած անհատները վերստին գործունեայ դարձնելու, եւ զաւակներուն եւ Աստուածաշունչի աշակերտներուն աջակցելու վրայ, որ չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլան։ Մարտի ընթացքին օժանդակ ռահվիրայ եղողներուն անունները ծանուցանեցէք եւ քաջալերեցէք որ աւելի շատ անհատներ անկեղծօրէն մտածեն անոնց միանալ։

Երգեցողութիւն Թիւ 143 եւ փակման աղօթք։

Փետրուար 25–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 138

15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ցուցադրեցէք երկու հակիրճ պարբերաթերթի ներկայացումներ. մէկը՝ գործածելով Դիտարան 1 Մարտ, իսկ միւսը՝ Զարթի՛ր 8 Մարտ թիւը։ Անոնցմէ մէկը թող պատանի մը ներկայացնէ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Փետրուար ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։

15 վյրկ. «Վկայութիւն Տուող Պատկերիզներուն Ազդեցութիւնը»։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ Մինչեւ հիմա, մեր պատկերիզներէն ութը հատը վերաքաղ ըրինք Ծառայութեան Ժողովի յայտագրին մէջ։ Յօդուածին մէջ տրուած օրինակները հակիրճօրէն նկատի առնելէ ետք, հրատարակիչներէն խնդրեցէք որ պատմեն թէ ի՛նչ յաջողութիւններ ունեցած են պատկերիզները ուրիշներուն ցուցադրելով։

15 վյրկ. «Ամէն Ոք Կրնայ Սորվիլ Նոյ՝ Աստուծոյ Հետ Քալեց Պատկերիզէն»։ Ուղղակիօրէն սկսեցէք ներկաներուն հետ քննարկել Նոյ–ի պատկերիզը, գործածելով միայն այն հարցումները որոնք կը գտնուին այս էջի շրջագծին մէջ։ Ապրիլին վերաքաղ պիտի ընենք Պատանիները կը Հարցնեն. Ի՞նչպէս Իսկական Ընկերներ Կրնամ Ունենալ պատկերիզը։

Երգեցողութիւն Թիւ 55 եւ փակման աղօթք։

Մարտ 4–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 13

5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

12 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

12 վյրկ. Գիտութիւն Գիրքը Գործածեցէք Ուսումնասիրութիւններ Սկսելու Համար։ Մարտի ընթացքին կը փափաքինք մասնայատուկ ջանք թափել տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Հակիրճօրէն պատմեցէք Օգոստոս 1998 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ գտնուող փորձառութիւնները, էջ 4, պարբերութիւն 8։ Եթէ մէկը վերջերս Գիտութիւն գրքով ուսումնասիրութիւն մը սկսած է, խաղարկեցէք թէ ասիկա ի՛նչպէս կատարուեցաւ։ Բոլորին յիշեցուցէք «Թելադրութիւններ՝ Գիտութիւն Գիրքը Ներկայացնելու Համար» յօդուածը, Յունուար 2002 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին մէջ։ Գիրքը գործածելով, ցուցադրեցէք յաւելուածականին էջ 6–ին վրայ՝ «Ուղղակի Մօտեցումը» խորագրով ենթագլուխին ներքեւ գտնուող թելադրութիւններէն մէկը։

16 վյրկ. «Ինչո՞ւ Շարունակենք Քարոզել»։ Եզրափակեցէք տեսակցութիւն ունենալով մէկ կամ երկու հրատարակիչներու հետ, որոնք երկար տարիներ շարունակած են քարոզել։ Թող իրենց զգացումները բաժնեն թէ ինչո՛ւ յարատեւած են այս գործին մէջ եւ անիկա ի՛նչպէս օգտակար եղած է իրենց։

Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել