Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/02 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Ապրիլ 8–ով Սկսող Շաբաթ
  • Ապրիլ 15–ով Սկսող Շաբաթ
  • Ապրիլ 22–ով Սկսող Շաբաթ
  • Ապրիլ 29–ով Սկսող Շաբաթ
  • Մայիս 6–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
թծ 4/02 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Ապրիլ 8–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 14

13 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Պատանիները կը Հարցնեն. Ի՞նչպէս Իսկական Ընկերներ Կրնամ Ունենալ պատկերիզը դիտեն, Ապրիլ 22–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ անոր քննարկման առ ի պատրաստութիւն։ Էջ 8–ի թելադրութիւնները գործածելով, ներկայացուցէք երկու տարբեր ցուցադրութիւններ, Դիտարան 1 Մայիս եւ Զարթի՛ր 22 Ապրիլ թիւերը ի՛նչպէս ներկայացնելու մասին։ Իւրաքանչիւր պարագային, «Ես իմ կրօնքս ունիմ» խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը ձեռք առնելու տարբեր կերպ մը ցոյց տուէք։—Տես՝ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 18-19։

12 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. «Բարիք Ընենք Ամենուն»։ Նիւթը հարց պատասխանով նկատի առնելէ ետք, հարցազրոյց ունեցէք մէկ կամ երկու հրատարակիչներու հետ, որոնք կը նշեն թէ իրենց ծառայութիւնը ի՛նչպէս կ’ընդարձակեն։

Երգեցողութիւն Թիւ 95 եւ փակման աղօթք։

Ապրիլ 15–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 127

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։

15 վյրկ. Ռահվիրաները կը Շարունակեն Ուրիշներուն Օգնել։ Ծառայութեան տեսուչը խմբային քննարկում մը կը վարէ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչի մը, ռահվիրայի մը եւ հրատարակիչի մը հետ։ Ծառայութեան տեսուչը վերաքաղ կ’ընէ Սեպտեմբեր 1998 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին էջ 4–ի մէջ ուրուագծուած՝ Ռահվիրաները Ուրիշներուն կ’Օգնեն յայտագիրը։ Ապա խումբին իւրաքանչիւր անհատին հետ կը խօսակցի յայտագրին մէջ իր դերին մասին եւ թէ այդ դերը ի՛նչպէս կը ծառայէ իր նպատակին։ Ի՞նչ քայլեր առնուած են զայն իրագործելու համար։ Ծառայութեան տեսուչը բոլոր հրատարակիչները կը հրաւիրէ որ իրեն իմացնեն, եթէ կը փափաքին ծառայութեան մէջ աջակցութիւն ստանալ։ Անցեալին աջակցութիւն ստացողները դարձեալ կրնան պարփակուիլ, ծառայութեան այլ մարզի մը մէջ յաւելեալ օգնութիւն ստանալու համար։

20 վյրկ. «Լիաժամ Ծառայութեան Ուրախութիւնները»։ Քաջալերեցէք դեռատիները որ գարնան եւ ամրան ամիսներուն օժանդակ ռահվիրայութեան դիմումնագիր ներկայացնեն։

Երգեցողութիւն Թիւ 204 եւ փակման աղօթք։

Ապրիլ 22–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 32

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Էջ 8–ի թելադրութիւնները գործածելով, օգնական ծառայ մը թող ցուցադրէ թէ ի՛նչպէս կարելի է ներկայացնել Դիտարան Մայիս 1–ը, իսկ քոյր մը թող ցուցադրէ ի՛նչպէս ներկայացնել Զարթի՛ր Մայիս 8–ը։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութենէ ետք, վերստին յիշեցէք տանտէրին հետաքրքրութիւնը արթնցնելու համար գործածուած բացման մէկ կամ երկու նախադասութիւնները։

10 վյրկ. Ճշդապահ Եղէ՛ք։ Դասախօսութիւն։ Մեր պաշտամունքին ու ծառայութեան հետ առնչուած գործունէութիւնները կարեւոր գործեր են, որոնք «որոշուած ժամանակ մը» կը պահանջեն։ (Ժող. 3։1) Կ’ուզենք լաւագոյն օգուտը քաղել աստուածպետական կարգադրութիւններէն։ Ժողովքային հանդիպումները եւ դաշտի ծառայութեան ժողովները պէտք է ճիշդ որոշուած ժամանակին սկսին։ Եհովա իր գործունէութիւնները կատարելու մէջ երբեք չ’ուշանար։ (Ամբ. 2։3) Այս մարզին մէջ բարելաւուելու կարիքը ունի՞նք։ Երբեմն, կրնայ պատահիլ որ անհատ մը ուշանայ։ Սակայն, լաւ կազմակերպուելով, պէտք չէ ուշ գալը սովորութիւն դարձնենք, հասնելով ժողովի մը բացման երգեցողութենէն եւ աղօթքէն ետք, կամ՝ դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները ըլլալէն ետք։ Քննարկեցէք գործնական կերպեր, լաւ սովորութիւններ զարգացնելու համար, որոնք պիտի նպաստեն որ հոգեւոր բոլոր գործունէութիւններուն ժամանակին հասնինք։—Տես՝ Դիտարան 15 Յունիս 1990, էջ 29 (Անգլ.)։

25 վյրկ. «Խանդավառ Ընդառաջում մը»։ Առաջին պարբերութեան մէջ, թոյլ տուէք որ ժողովքը կարգ մը հակիրճ արտայայտութիւններ աւելցնէ Պատանիները կը Հարցնեն. Ի՞նչպէս Իսկական Ընկերներ Կրնամ Ունենալ պատկերիզին մասին։ Ապա անմիջապէս սկսեցէք ներկաներուն հետ քննարկել 2-7–րդ պարբերութիւններուն մէջ ներկայացուած հարցումներէն իւրաքանչիւրը։ Յունիսին վերաքաղ պիտի ընենք Մեր Եղբայրներու Ամբողջ Ընկերակցութիւնը պատկերիզը։

Երգեցողութիւն Թիւ 129 եւ փակման աղօթք։

Ապրիլ 29–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 162

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Ապրիլի դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։

15 վյրկ. «Թագաւորութեան Քարոզչութիւնը կ’Օգնէ Կեանքեր Փրկելու»։ Ներկաներէն մեկնաբանութիւններ խնդրեցէք, թէ համարները ի՛նչպէս կը կիրարկուին։

20 վյրկ. Պրպտում Կատարեցէք՝ Գործածելով Պատճառաբանել Գիրքը։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ Ծառայութեան մէջ յաճախ հարցումներ կը ծագին նիւթերու շուրջ, որոնք չեն նշուած Պատճառաբանել գրքին «Գլխաւոր Նիւթեր»ուն ներքեւ (էջ 5-6)։ «Ցանկը» (էջ 439-445) շատ օգտակար է գտնելու համար սուրբ գրային համարներ, որոնք մեր հաւատալիքներուն թիկունք կը կանգնին։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ մասնակցին պատասխաններ գտնելու հետեւեալ հարցումներուն, նայելով ցանկին մէջ իւրաքանչիւր շեղագիր բառին ներքեւ. Ի՞նչ է Քրիստոնեային տեսակէտը ազգային քայլերգներու եւ դրօշակներու նկատմամբ։ Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ աղէտները։ Ի՞նչպէս կրնաք բացատրել ամուսնալուծման շուրջ Աստուածաշունչին տեսակէտը։ Ինչո՞ւ եւ ե՛րբ քոյրեր կարիքը կ’ունենան գլխու ծածկոց մը դնելու։ Ի՞նչ է Մայրերու Օրուան ծագումը։ Ի՞նչպէս գիտենք թէ 144,000–ը բառացի թիւ մըն է Աստուածաշունչին մէջ։ Հարուստ մարդուն եւ Ղազարոսին առակին նշանակութիւնը ի՞նչ է։ Բոլորը քաջալերեցէք որ ծառայութեան մէջ Պատճառաբանել գիրքը գործածեն։

Երգեցողութիւն Թիւ 28 եւ փակման աղօթք։

Մայիս 6–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 21

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Նկատի առէք «Շարունակեցէք Օգտուիլ Դիտարան եւ Զարթի՛ր Պարբերաթերթերէն» յօդուածը։

10 վյրկ. Ամրան Համար Կանխաւ Ծրագրել։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Խօսեցէք ամառուան համար սովորաբար ծրագրուած գործունէութիւններուն մասին. նահանգային համաժողովի լման յայտագրին ներկայ գտնուիլ, մէկ կամ աւելի ամիսներ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել, տան վերաբերեալ բարեփոխումներ ընել, եւ թերեւս արձակուրդ կամ որոշ զբօսանք մը վայելել։ Հրաւիրեցէք քանի մը անհատներ որ իրենց ամառուան ծրագիրները յիշեն եւ թէ ի՛նչպէս վստահ պիտի ըլլան որ իրենց ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը, ժողովները, եւ դաշտի ծառայութիւնը չանտեսեն, նոյնիսկ եթէ այլ շրջան մը ճամբորդեն։ Եթէ ժողովքը հազուադէպօրէն աշխատցուած թաղամաս ունի, ծանուցանեցէք թէ ի՛նչ կարգադրութիւններ կ’ըլլան, որպէսզի լիովին աշխատցուի։ Բոլորին յիշեցուցէք որ վստահ ըլլան որ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչը իրենց դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները կը ստանայ, իրենց տան մէջ ըլլան թէ՝ ճամբորդած։

25 վյրկ. «Հոգեւորապէս Զօրաւոր Ընտանիքներ՝ Ի՞նչպէս»։ Յօդուածը նկատի առնելէ ետք, պատմեցէք կարգ մը գործնական փորձառութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 15 Փետրուար 1999, էջ 10-12 (Անգլ.)։

Երգեցողութիւն Թիւ 172 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել