Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Վերայցելութիւններու ընթացքին եթէ հետաքրքրութիւն գտնէք, անհատը պարփակեցէք կանոնաւորաբար պարբերաթերթ առնողներու ցանկին մէջ։ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք, սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակով։ Յունիսին. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ կամ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Եթէ տանտէրը այս գրականութիւնները ունի, ներկայացուցէք յարմար գրքոյկ մը, որ ժողովքը ունի։ Յուլիսին ու Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը կրնայ գործածուիլ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . . , Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը. Ինչպէ՞ս Կրնաք Գտնել Զայն, Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք եւ Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան։ Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար գրքոյկը կրնայ ներկայացուիլ երբ յարմար է։
◼ Մայիս ամսուան գրականութիւններու առաքումէն սկսեալ, ժողովքի պատճեններու տարեկան քանակը ժողովքներուն պիտի ղրկուի, երբ անոնք մատչելի կը դառնան։ Պատճեններու բաշխումին առնչութեամբ ցուցմունքներ պիտի տրուին առաքուած ծրարին ցուցակին մէջ։ Եթէ Թագաւորութեան Սրահի մը մէջ մէկէ աւելի ժողովքներ կը հաւաքուին, գրականութիւնները համադասող եղբայրը վստահ պէտք է ըլլայ որ իւրաքանչիւր ժողովք իրեն ղրկուած պատճեններու քանակը անմիջապէս ստանայ։
◼ Յունիս 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։
◼ Դրամատոմսով կատարուած եւ Թագաւորութեան Սրահի մը նուիրատուութեան տուփերուն մէջ դրուած նուիրատուութիւնները, որոնք երկրածաւալ գործին եւ Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին համար են, պէտք է վճարելի ըլլան՝ «Եհովայի Վկաներ»ուն։ Համաժողովներու մէջ կամ մասնաճիւղի գրասենեակ ղրկուած դրամատոմսով կատարուած նուիրատուութիւնները պէտք է վճարելի ըլլան՝ «Դիտարան»ին։ Դրամական հարցերու վերաբերեալ մասնաճիւղի գրասենեակին հասցէն հետեւեալն է՝ Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania, c/o Office of Secretary and Treasurer, 25 Columbia Heights, Brooklyn, NY 11201-2483։
◼ Վերակացու տեսուչը պէտք է Ուոլգիլի Պարբերաթերթի Բաժինը հեռաձայնէ, եթէ ժողովքը չստանայ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, մինչեւ նախորդ ամսուն 25–ը։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ (Պզտիկ չափ)—Չինարէն, Չինարէն (Պարզացուած)
Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ—Ուզպեքերէն, Ցօնկերէն
Աստուծոյ Բարեկամը Կրնա՛ք Ըլլալ—Տաքոթա
Եհովան Փառաբանենք Մեր Երգերով (Մեծ երգարան)—Պուլկարերէն
Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Ա.—Մեծատառ Տպագրութիւն—Խրուաթերէն
Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք—Եբրայերէն
Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ (Թերթիկ Թիւ 26)—Արեւելահայերէն, Թակալոկ, Թայ, Իլոքօ, Հայերէն, Հիլիկայնոն, Ճափոներէն, Նորվեկերէն, Չեխերէն, Պենկալերէն, Սամոայերէն, Սերպերէն, Սէպուանօ, Սլաւերէն, Վրացերէն
Մեռելներու Հոգիները. Կրնա՞ն Օգնել Կամ՝ Վնասել. Անոնք Իրապէս Գոյութիւն Ունի՞ն—Ռուսերէն
Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն (Ոսկեզօծ՝ գրպանի չափով. մատչելի է սեւ կամ թուխ կարմիր կաշիէ կողքով)—Չինարէն
1999–ի Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—Հոլանտերէն
◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.
Ձեր Աչքը Պարզ Պահեցէք (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Փորթուկալերէն
Մեր Հոգեւոր Ժառանգութիւնը Գնահատենք (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Հոլանտերէն
Չորրորդ Թագաւորաց (երկու ձայներիզով)—Հոլանտերէն
Սաղմոսաց (հինգ ձայներիզով)—Նորվեկերէն
◼ Պրայլ Լեզուով Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք (չորս հատորով)—Բ. կարգի Անգլերէն
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք (վեց հատորով)—Ա. կարգի Սպաներէն
Նշմար. Պրայլ գրականութիւնները պէտք է ապսպրուին ժողովքին միջոցաւ։ Պրայլ գրականութիւններու համար տարբեր Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճեն մը (S-14) պէտք է ղրկուի, պարփակելով զայն գործածող անհատին անունն ու հասցէն։ Խնդրագրին վրայ հաճեցէք գրել՝ ATTENTION: BRAILLE DESK։
◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.
Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ— Պատկերիզի Վրայ—Քոլոմպիական Համրերու Լեզու
Մեր Եղբայրներու Ամբողջ Ընկերակցութիւնը—Լեհերէն, Յունարէն