Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Յուլիս 8–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 195
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Օգոստոս եւ Զարթի՛ր 22 Յուլիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, ցոյց տուէք «Մենք արդէն Քրիստոնեայ ենք» խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը ձեռք առնելու տարբեր կերպ մը։—Տես Պատճառաբանել գիրքը, էջ 19։
10 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ, նիւթին տեղական կիրարկումը ընելով։
20 վյրկ. Անպաշտօն Կերպով Վկայելու Համար Կազմակերպուինք։ Ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Կազմակերպուած գրքին 93-94–րդ էջերուն վրայ։ Գործածելով Յունուար 2002 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկի յաւելուածականին առաջին էջին վրայ գտնուող թելադրութիւնները, հակիրճօրէն ցուցադրեցէք երկու կամ երեք կերպեր, անպաշտօն կերպով վկայելու համար օտարի մը, դրացիի մը, ազգականի մը կամ ծանօթի մը։
Երգեցողութիւն Թիւ 59 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 15–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 55
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. Աստուածաշունչը Մեր Ծառայութեան Մէջ Գործածելու Լաւ Պատճառներ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Յիսուս Սուրբ Գրութիւնները լաւ գիտէր եւ ուսուցանելու ատեն յաճախ անոնց ակնարկութիւն կ’ընէր։ (Ղուկ. 24։27, 44-47) Ի՛նչ որ սորվեցուց իրմէ ծագում չէր առած։ (Յովհ. 7։16-18) Կարեւոր է որ մենք ալ Աստուծոյ Խօսքը գործածենք։ Անիկա մեր ըսած որեւէ բանէն աւելի զօրութիւն ունի։ (Յովհ. 12։49, 50. Եբր. 4։12) Սուրբ Գրութիւններուն հրամցուցած մխիթարութիւնն ու յոյսը կը հրապուրէ անկեղծ անհատները։ Ձեր նպատակակէտը դարձուցէք Աստուածաշունչէն առնուազն համար մը կարդալ ձեր ներկայացումներուն մէջ։ Մատնանշեցէք թէ այս ամսուան համար թելադրուած պարբերաթերթի ներկայացումներուն մէջ համարներ պարփակուած են։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ մեկնաբանեն թէ ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կը գործածեն եւ ասիկա ի՛նչ ազդեցութիւն ունեցած է իրենց եւ իրենց քարոզած անհատներուն վրայ։
Երգեցողութիւն Թիւ 46 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 22–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 47
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ծառայութեան մէջ միասնաբար աշխատող ծնող մը ու իր զաւակը կը ցուցադրեն ի՛նչպէս գործածել էջ 4–ի վրայ գտնուող թելադրութիւնները, ներկայացնելու համար 1 Օգոստոս եւ 8 Օգոստոս պարբերաթերթերը։ Անոնցմէ մէկը կը ցուցադրէ Դիտարան–ը, իսկ միւսը՝ Զարթի՛ր–ը։ Ծնողները քաջալերեցէք որ իրենց զաւակները ծառայութեան մէջ յառաջդիմական կերպով մարզեն։
17 վյրկ. Մահմետականութեան Մասին Հարցում Հարցնող Անհատի մը Ի՞նչ Պիտի Պատասխանէիք։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւն։ Գործածելով Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը, գլուխ 12, հակիրճօրէն բացատրեցէք Աստուածաշունչի ու Գուրանի մէջ եղած նմանութիւնները։ (Տես շրջագիծը էջ 285–ի վրայ։) Հոգիի մասին Մահմետական ուսուցումը (էջ 297-300) հակադրեցէք Աստուածաշունչի բացատրութեան։ (Տես էջ 299–ի ստորանիշը։) Գործածելով Պատճառաբանել գիրքը, էջ 375-379 (կամ՝ 387-392, Արաբ.), ցուցադրեցէք նոր հետաքրքրուած անհատի մը ի՛նչպէս բացատրել թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ հոգիի մասին։
18 վյրկ. Ի՞նչպէս Կրնամ Համացանցի Վրայ Գտնուող Վտանգներէն Խուսափիլ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Զարթի՛ր 22 Յունուար 2000 թիւին վրայ, էջ 19-21։ Ուշադրութեան յանձնեցէք համացանցի անսանձ գործածութեան թակարդները, եւ բացատրեցէք ծուղակին մէջ չիյնալու կերպերը։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ ըսեն թէ ի՛նչպէս օգտուած են այս խրատը կիրարկելով։
Երգեցողութիւն Թիւ 10 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 29–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Յուլիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։
10 վյրկ. «Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր»։ Դասախօսութիւն։ Յաջորդ շրջանային համաժողովի թուականը ծանուցանեցէք։ Բոլորը յորդորեցէք որ ներկայ ըլլան եւ ուշի ուշով յայտագրին հետեւին։ Չմկրտուած հրատարակիչները քաջալերեցէք որ մկրտութեան որակելի ըլլալու մասին մտածեն։ Աստուածաշունչի աշակերտներ հրաւիրելու համար մասնայատուկ ջանք թափեցէք։
25 վյրկ. «Ներդաշնակօրէն Միացած Եղէք»։ Երբ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Զարթի՛ր 22 Ապրիլ 2000 թիւէն, էջ 9-10։ Չորրորդ պարբերութեան հետ պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 1 Յուլիս 1995 թիւէն, էջ 16-17, պարբերութիւն 4-6։
Երգեցողութիւն Թիւ 81 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 5–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 38
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
20 վյրկ. «Բոլոր Լեզուներէն Անհատներ Հաւաքել»։ Պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 2002 թիւէն, էջ 24 (Անգլ.)։ Եթէ կիրարկելի է, հակիրճօրէն բացատրեցէք թէ ձեր թաղամասին մէջ ի՛նչպէս օտարախօս անհատներու օգնութիւն կը տրուի, եւ ցուցադրեցէք 4–րդ պարբերութեան մէջի ներկայացումը։
15 վյրկ. Տեղական փորձառութիւններ։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ կարգ մը շինիչ փորձառութիւններ պատմեն, որոնք կապ ունին նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուելուն, օժանդակ ռահվիրայութեան, կամ ամառուան ընթացքին հոգեւոր այլ գործունէութիւններու մասնակցելուն հետ։
Երգեցողութիւն Թիւ 113 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։