Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը կրնայ գործածուիլ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . . , Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը. Ինչպէ՞ս Կրնաք Գտնել Զայն, Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք եւ Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան։ Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար գրքոյկը կրնայ ներկայացուիլ, երբ յարմար է։ Սեպտեմբերին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է։ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ հետաքրքրութիւն գտնէք, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք, մասնաւոր ջանք թափելով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Նոյեմբերին. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ կամ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Եթէ անհատը արդէն ունի ասոնք, աւելի հին գրականութիւն մը կրնայ ներկայացուիլ։ Եթէ հին գրականութիւններ չունիք, կրնաք մօտակայ ժողովքներէն խնդրել զանոնք։
◼ Ժողովքները պէտք է սկսին խնդրել Եհովայի Վկաներու 2003–ի Օրացոյց–ը, Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր՝ 2003 եւ Եհովայի Վկաներու 2003–ի Տարեգիրք–ը, գրականութիւններու յաջորդ ապսպրանքին հետ։ Այս բոլորը մատչելի պիտի ըլլան հետեւեալ լեզուներով. Ալպաներէն, Անգլերէն, Արաբերէն, Գերմաներէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Հունգարերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Նորվեկերէն, Շուէտերէն, Չեխերէն, Չինարէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սերպերէն (Կիւրիլական), Սլովաքերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն, Ֆինլանտերէն եւ Ֆրանսերէն։ Ասկէ զատ, Եհովայի Վկաներու 2003–ի Օրացոյց–ը կրնայ ապսպրուիլ հետեւեալ լեզուներով. Արեւելահայերէն, Աֆրիքաներէն, Դանիերէն, Եբրայերէն, Թայ, Թրքերէն, Հայերէն, Հինտի, Հոլանտերէն, Ուքրաներէն եւ Պուլկարերէն։ Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր՝ 2003 գրքոյկը կարելի է նաեւ ապսպրել հետեւեալ լեզուներով. Ամհարիգերէն, Արեւելահայերէն, Գամպոտերէն, Դանիերէն, Եբրայերէն, Թակալոկ, Թայ, Թիկրինիա, Թուի, Թրքերէն, Իլոքօ, Իհուէ, Ինտոնեզերէն, Կուճարաթի, Հայերէն, Հինտի, Հոլանտերէն, Մալայալամ, Մակեդոներէն, Ուրտույերէն, Ուքրաներէն, Չինարէն (Պարզացուած), Պարսկերէն, Պենկալերէն, Պուլկարերէն, Սալոմոն Կղզիներու Փիճն, Սամոայերէն, Սէպուանօ, Սուահիլի, Վիեթնամերէն, Փափիամէնթօ (Գուրասօ) եւ Փունճապի (Կուրմուխի)։ Իսկ Եհովայի Վկաներու 2003–ի Տարեգիրք–ը նաեւ կրնայ ապսպրուիլ հետեւեալ լեզուներով. Թակալոկ, Իլոքօ, Ինտոնեզերէն, Հոլանտերէն եւ Սէպուանօ։
◼ Սեպտեմբեր 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ յետոյ, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ յետոյ։
◼ Մատչելի եղող բոլոր գրականութիւններուն եւ պարբերաթերթերուն տարեկան ցուցակագրութիւնը պէտք է ըլլայ՝ եթէ կարելի է, 31 Օգոստոս 2002–ին, կամ անկէ քիչ առաջ կամ ետք։ Այս ցուցակագրութիւնը նման է ամէն ամիս գրականութիւնները համադասողին կողմէ կատարուած բուն հաշիւին, իսկ ընդհանուր գումարները պէտք է արձանագրուին Գրականութիւններու Ցուցակագրութեան պատճենին վրայ (S-18)։ Մատչելի պարբերաթերթերուն ընդհանուր գումարը կարելի է առնել գրականութիւն ստացող խումբի իւրաքանչիւր ժողովքին պարբերաթերթերու ծառաներէն։ Իւրաքանչիւր համադասող ժողովք Գրականութիւններու Ցուցակագրութեան պատճենէն (S-18) երեք օրինակ պիտի ստանայ։ Հաճեցէք բուն օրինակը մասնաճիւղի գրասենեակ ղրկել Սեպտեմբեր 6–էն առաջ։ Օրինակ մը պահեցէք ձեր թղթածրարներուն համար։ Երրորդ օրինակը որպէս սեւագրութիւն կարելի է գործածել։ Համադասող ժողովքին քարտուղարը պէտք է հսկէ ցուցակագրութեան վրայ։ Համադասող ժողովքին քարտուղարը եւ վերակացու տեսուչը պիտի ստորագրեն պատճենը։
◼ 30 եւ 31 Օգոստոս 2002–ին, Պրուքլինի Պէթէլի մէջ գտնուած բոլոր գրականութիւնները պիտի ցուցակագրուին։ Այս ցուցակագրութեան պատճառով, այդ օրերուն ժողովքներու գրականութեան ապսպրանքներու առաքումը պիտի առկախուի։