Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ հետաքրքրութիւն գտնէք, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք, մասնաւոր ջանք թափելով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Նոյեմբերին. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ կամ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Եթէ անհատը արդէն ունի ասոնք, աւելի հին գրականութիւն մը կրնաք ներկայացնել։ Եթէ հարկ ըլլայ, կրնաք մօտակայ ժողովքներէն հին գրականութիւններ խնդրել։ Դեկտեմբերին. Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն, կրնաք գործածել Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ, Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց, կամ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գիրքը։ Եթէ հարկ ըլլայ, կրնաք այս գրականութիւնները մօտակայ ժողովքներէն խնդրել։ Յունուարին. 1988–էն առաջ հրատարակուած որեւէ գիրք որ ժողովքը ունի։ Եթէ հարկ ըլլայ, հաճեցէք մօտակայ ժողովքներէն հին գրականութիւններ խնդրել։ Հին գրականութիւններ չունեցող ժողովքները կրնան Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ գիրքը ներկայացնել։
◼ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին այս թիւին յաւելուածականը՝ «2003–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր»ն է, եւ պէտք է պահուի գործածուելու համար 2003–ի ընթացքին։
◼ Եթէ Յունուար 1–ին ձեր ժողովքային հանդիպումներու ժամերը պիտի փոխուին, ժողովքի քարտուղարը մասնաճիւղի գրասենեակը տեղեակ պէտք է պահէ եղած փոփոխութիւններէն, Ժողովներու Մասին Տեղեկութիւններ եւ Յայտաթերթիկներու Խնդրագիրի պատճեն (S-5) լեցնելով ու ղրկելով։ Եթէ կարիքը ունենաք, կրնաք միեւնոյն պատճենով յայտաթերթիկներու նոր քանակ մը ապսպրել։ Յայտաթերթիկները պէտք է ապսպրուին ձեր ստանալիք թուականէն առնուազն ութը շաբաթ առաջ։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ (Թերթիկ Թիւ 26)—Թամուլերէն, Թելուկու, Թուվալույերէն, Կիլպերդիզ, Մալայալամ, Մակեդոներէն, Մարաթի, Պարսկերէն, Սինհալա, Փունճապի (Կուրմուխի), Ֆիճիերէն
◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.
Ազդարարական Օրինակներ՝ Մեր Օրերուն Համար—Ձայներիզի Վրայ (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Էսթոներէն, Յունարէն
Առակաց, Ժողովողի, Երգ Երգոց (երկու ձայներիզով)—Նորվեկերէն
Մեր Հոգեւոր Ժառանգութիւնը Գնահատենք— Ձայներիզի Վրայ (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Յունարէն, Շուէտերէն
◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.
Մեր Եղբայրներու Ամբողջ Ընկերակցութիւնը—Իտալերէն
Պատանիները կը Հարցնեն. Ի՞նչպէս Իսկական Ընկերներ Կրնամ Ունենալ—Թայ, Ռումաներէն, Քորէայերէն