2003–Ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր
Թելադրութիւններ
2003–ի ընթացքին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը հետեւեալ կարգադրութիւններուն համաձայն պիտի վարուի։
ԴԱՍԱԳՐՔԵՐ. Աստուածաշունչ, Դիտարան [դ, w], Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք [կօ], «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է» (1990–ի Հրատարակութիւն) [si], եւ Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել (1989–ի Հրատարակութիւն) [rs]։
Դպրոցը ՃԻՇԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ պէտք է սկսի երգեցողութեամբ, աղօթքով եւ հակիրճօրէն բարի գալուստ մաղթելով, ապա հետեւեալ կերպով պիտի վարուի.
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆ. 5 վայրկեան։ Դպրոցի տեսուչը, օժանդակ խրատատուն կամ ուրիշ որակելի երէց մը պիտի քննարկէ խօսակցութեան յատկութիւն մը, հիմնուած՝ Ծառայութեան Դպրոց դասագրքին վրայ։ (Քիչ երէցներ ունեցող ժողովքներու մէջ, որակելի օգնական ծառայ մը կրնայ գործածուիլ։) Եթէ ուրիշ բան յիշուած չէ, նշանակուած էջերուն մէջի շրջագծերը քննարկման մէջ պարփակեցէք։ Վարժութիւնները նկատի մի՛ առնէք։ Անոնք գլխաւորաբար անձնական գործածութեան եւ առանձին խրատ տալու համար են։
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 10 վայրկեան։ Ասիկա պէտք է ներկայացուի երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը կողմէ, եւ հիմնուած պիտի ըլլայ Դիտարան–ի, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք գրքին, կամ «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է» գրքին վրայ։ Ասիկա պէտք է ներկայացուի որպէս 10 վայրկեան տեւող հրահանգիչ ուղերձ, առանց բերանացի վերաքաղի։ Նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն նիւթը ծածկել, այլ՝ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել բացատրուած տեղեկութիւններուն գործնական արժէքին վրայ, ցցուն ընելով ինչ որ ժողովքին մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ։ Ցոյց տրուած բնաբանը պէտք է գործածել։ Այն եղբայրները որոնց նշանակուած է այս դասախօսութիւնը, պէտք է ուշադիր ըլլան որ որոշուած ժամանակին սահմանին մէջ մնան։ Կարելի է առանձին խրատ տալ եթէ անհրաժեշտ է։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԱՉՔԱՌՈՒ ԿԷՏԵՐ. 10 վայրկեան։ Առաջին վեց վայրկեանը, որակելի երէց մը կամ օգնական ծառայ մը նիւթը ազդուօրէն պէտք է կիրարկէ տեղական կարիքներուն։ Ան կրնայ այդ շաբթուան համար նշանակուած Աստուածաշունչի ընթերցանութեան որեւէ հատուածի մասին մեկնաբանել, քանի որ Թիւ 2 նշանակումը ներկայացնող եղբայրը իր կարդացած համարներուն մասին պիտի չմեկնաբանէ։ Ասիկա նշանակուած ընթերցանութեան միայն ամփոփում մը պէտք չէ ըլլայ։ Գլխաւոր նպատակն է ունկնդիրներուն օգնել որ գնահատեն թէ տեղեկութիւնները ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս արժէք ունին։ Անկէ ետք, չորս վայրկեան, դասախօսը ներկաները պիտի հրաւիրէ որ մասնակցին, հետեւեալ երկու հարցումներուն մասին հակիրճ պատասխաններ տալով (30 երկվայրկեան կամ նուազ). «Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութեան մէջ ի՞նչ գտաք, որ օգտակար պիտի ըլլայ ձեր ծառայութեան կամ ապրելակերպին մէջ», եւ «Ի՞նչ բան ձեր հաւատքը զօրացուց եւ Եհովայի հանդէպ ձեր գնահատութիւնը աւելցուց»։ Ապա դպրոցի տեսուչը պիտի արձակէ աշակերտները որ իրենց զանազան դասարանները երթան։
ԹԻՒ 2 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 4 վայրկեան։ Ասիկա եղբօր մը կողմէ ներկայացուելիք ընթերցում մըն է։ Ընթերցանութիւնը սովորաբար Աստուածաշունչէն պիտի ըլլայ։ Ամիսը անգամ մը այս նշանակումը Դիտարան–ի մէկ յօդուածը նկատի պիտի առնէ։ Աշակերտը նշանակուած նիւթը պէտք է կարդայ, առանց բացում մը կամ եզրակացութիւն մը տալու։ Ընթերցուելիք նիւթը ամէն շաբաթ նոյն չափով պիտի չըլլայ, բայց չորս վայրկեան կամ աւելի նուազ պէտք է տեւէ։ Դպրոցի տեսուչը նշանակումներ ընելէն առաջ, նիւթը աչքէ պէտք է անցընէ եւ աշակերտին տարիքին ու կարողութեան համաձայն նշանակէ։ Դպրոցի տեսուչը մասնաւորաբար պիտի օգնէ աշակերտներուն որ հասկնալով, սահունութեամբ, պատշաճ իմաստի շեշտով, ձայնի ելեւէջով, յարմար դադարով եւ բնականութեամբ կարդան։
ԹԻՒ 3 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 5 վայրկեան։ Ասիկա քրոջ մը պիտի նշանակուի։ Այս նշանակումը ստացող աշակերտուհիները կա՛մ իրենք մատուցման կերպ մը պիտի ընտրեն, եւ կամ իրենց հատ մը պիտի նշանակուի Ծառայութեան Դպրոց դասագրքին էջ 82–ի ցանկէն։ Աշակերտուհին նշանակուած բնաբանը պէտք է գործածէ եւ զայն կիրարկէ դաշտի ծառայութեան այն երեսակին, որ տեղական ժողովքի թաղամասին համար իրապաշտ ու գործնական է։ Երբ նիւթի մը աղբիւրը չէ տրուած, աշակերտուհին տեղեկութիւններ պիտի հաւաքէ, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային կողմէ հայթայթուած գրականութիւնները պրպտելով։ Նորեկ աշակերտուհիներուն պիտի նշանակուին աղբիւր ունեցող դասախօսութիւններ։ Դպրոցի տեսուչը յատկապէս նկատի պիտի առնէ այն կերպը, որով աշակերտուհին բնաբանը կը զարգացնէ, կ’օգնէ տանտիրուհիին որ Սուրբ Գրութիւններուն հիման վրայ պատճառաբանէ եւ ներկայացման գլխաւոր կէտերը հասկնայ։ Նշանակուած աշակերտուհին ընթերցելու կարող պէտք է ըլլայ։ Դպրոցի տեսուչը մէկ օգնական պիտի նշանակէ։
ԹԻՒ 4 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 5 վայրկեան։ Աշակերտը նշանակուած բնաբանը պէտք է զարգացնէ։ Երբ նիւթի մը աղբիւրը չէ տրուած, աշակերտը տեղեկութիւններ պիտի հաւաքէ, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային կողմէ հայթայթուած գրականութիւնները պրպտելով։ Երբ եղբօր մը նշանակուի, նիւթը կրնայ տրուիլ որպէս Թագաւորութեան Սրահին մէջ գտնուող ունկնդիրներուն ուղղուած դասախօսութիւն մը։ Կամ՝ որոշ խրատական կէտերու վրայ աշխատելու համար, դպրոցի տեսուչը կրնայ թելադրել որ եղբօր մը մատուցման կերպը ըլլայ դաշտի ծառայութիւնը։ Երբ քրոջ մը նշանակուի, միշտ պէտք է ներկայացուի Թիւ 3 Նշանակումի համար ուրուագծուած կերպին պէս։ Հաճեցէք նկատի առնել թէ այն նիւթերը որոնց քով աստղանիշ կայ, միայն եղբայրներու պէտք է նշանակուին, որպէս դասախօսութիւն ներկայացուելու համար։
ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐՈՒՄ. Ո՛չ մէկ դասախօսութիւն, ո՛չ ալ խրատատուին նշմարները աւելի ժամանակ պէտք է առնեն։ Թիւ 2–էն 4 Նշանակումները փափկանկատութեամբ պէտք է դադրեցնել, երբ ժամանակը վերջանայ։ Այն եղբայրները որոնք խօսակցութեան յատկութեան մը մասին բացման դասախօսութիւնը, Թիւ 1 Նշանակումը կամ Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն աչքառու կէտերը կը ներկայացնեն, եթէ աւելի ժամանակ առնեն, առանձին խրատ պէտք է տրուի իրենց։ Բոլորն ալ իրենց ժամանակը պէտք է յարգեն։ Ամբողջ յայտագիրը 45 վայրկեան է, երգեցողութենէն ու աղօթքէն զատ։
ԽՐԱՏ. 1 վայրկեան։ Իւրաքանչիւր աշակերտի ներկայացումէն ետք, դպրոցի տեսուչը մէկ վայրկեանէն աւելի չառնելով կարգ մը դրական դիտողութիւններ պիտի ընէ դասախօսութեան գովելի մէկ երեսակին մասին։ Անոր նպատակը չէ պարզապէս ըսել՝ «լաւ էր», այլ՝ ուշադրութեան յանձնել մասնայատուկ պատճառներ թէ ներկայացման այդ երեսակը ինչո՛ւ ազդու էր։ Իւրաքանչիւր աշակերտի կարիքին համաձայն, յաւելեալ շինիչ խրատ կարելի է տալ առանձին, ժողովէն ետք կամ ուրիշ ատեն։
ՕԺԱՆԴԱԿ ԽՐԱՏԱՏՈՒ. Երէցներու մարմինը կրնայ ատակ երէց մը ընտրել, դպրոցի տեսուչէն զատ, օժանդակ խրատատու ըլլալու նշանակումը ստանձնելու համար։ Անոր պատասխանատուութիւնը պիտի ըլլայ առանձին խրատ տալ, եթէ հարկ ըլլայ, Թիւ 1 Նշանակում եւ Աստուածաշունչէն աչքառու կէտեր ներկայացնող եղբայրներուն։ Պայման չէ որ ան խրատ տայ ամէն անգամ որ երէց մը կամ օգնական ծառայ մը այս բաժինները ներկայացնէ։ Այս կարգադրութիւնը ի զօրու պիտի ըլլայ 2003–ի ընթացքին, եւ թերեւս բարեճշդումի ենթարկուի։
ԽՐԱՏԻ ԹՂԹԻԿ. Դասագրքին մէջ։
ԲԵՐԱՆԱՑԻ ՎԵՐԱՔԱՂ. 30 վայրկեան։ Երկու ամիսը անգամ մը, դպրոցի տեսուչը բերանացի վերաքաղ մը պիտի վարէ։ Անոր պիտի կանխէ խօսակցութեան յատկութիւն մը եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն աչքառու կէտեր նկատի առնելը, ինչպէս որ վերը ուրուագծուած է։ Բերանացի վերաքաղը հիմնուած պիտի ըլլայ նախորդ երկու ամիսներու ընթացքին դպրոցին մէջ նկատի առնուած նիւթերուն վրայ, ի ներառեալ ընթացիկ շաբաթը։
ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Յուն. 6 Աստ. ընթ. Մատթէոս 1-6 Երգեցողութիւն 46
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Բարի Եկած Էք Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին (կօ էջ 5 պարբ. 1–էջ 8 պարբ. 1)
Թիւ 1. Աստուծոյ Խօսքէն Հաճոյք Առէք (կօ էջ 9 պարբ. 1-5)
Թիւ 2. Մատթէոս 4։1-22
Թիւ 3. Վերջին Օրերուն Նշանը Ի՞նչպէս Ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն կ’Ազդէ (rs էջ 238 պարբ. 2-3 [էջ 87 պարբ. 3–էջ 88 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Ներկայիս Յիսուս Ի՞նչ կ’Ընէ
Յուն. 13 Աստ. ընթ. Մատթէոս 7-11 Երգեցողութիւն 14
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Աստուածաշունչը Ամէ՛ն Օր Կարդացէք (կօ էջ 10 պարբ. 1–էջ 12 պարբ. 4)
Թիւ 1. «Այնպէս Վազեցէք» (դ01 1/1 էջ 28-31)
Թիւ 2. Մատթէոս 9։9-31
Թիւ 3. Ինչո՛ւ Ուրիշներուն կը Քարոզենք
Թիւ 4. Եհովայի Վկաները Ինչո՞ւ կ’Ըսեն թէ Վերջին Օրերը 1914–ին Սկսան (rs էջ 239 պարբ. 2–էջ 240 պարբ. 1 [էջ 88 պարբ. 3–էջ 89 պարբ. 2, Արաբ.])
Յուն. 20 Աստ. ընթ. Մատթէոս 12-15 Երգեցողութիւն 85
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ճշգրիտ Ընթերցանութիւն (կօ էջ 83 պարբ. 1-5)
Թիւ 1. Կրնա՛ք Գլուխ Ելլել Վհատութեան Հետ (դ01 2/1 էջ 20-23)
Թիւ 2. Մատթէոս 13։1-23
Թիւ 3. Համաշխարհային Ներկայ Դրութեան Վախճանէն Ետք, Երկրի Վրայ Ողջ Անհատներ Պիտի Ըլլա՞ն (rs էջ 240 պարբ. 2-5 [էջ 89 պարբ. 3–էջ 90 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուած կը Փոխուի՞
Յուն. 27 Աստ. ընթ. Մատթէոս 16-21 Երգեցողութիւն 129
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ի՛նչպէս Ճշգրիտ Կերպով Ընթերցել (կօ էջ 84 պարբ. 1–էջ 85 պարբ. 3)
Թիւ 1. Ժամանակը Որքա՜ն Արագ կ’Անցնի (si էջ 278-279 պարբ. 1-6)
Թիւ 2. դ01 1/15 էջ 20 պարբ. 20–էջ 21 պարբ. 24
Թիւ 3. Ի՞նչ Բան Աշխարհը Պիտի Միացնէ
Թիւ 4. Աստուած Ինչո՞ւ Այսքան Ժամանակ Թոյլատրած Է Ամբարիշտները Կործանելէ Առաջ (rs էջ 241 պարբ. 1-3 [էջ 90 պարբ. 4-6, Արաբ.])
Փետր. 3 Աստ. ընթ. Մատթէոս 22-25 Երգեցողութիւն 112
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Բառերու Յստակ Արտասանութիւն (կօ էջ 86 պարբ. 1-6)
Թիւ 1. «Նայեցէք թէ Ի՛նչպէս կը Լսէք» (կօ էջ 13 պարբ. 1–էջ 14 պարբ. 5)
Թիւ 2. Մատթէոս 22։15-40
Թիւ 3. Ի՛նչպէս Գիտենք թէ Նշանը Մեր Ապրած Ժամանակներուն կը Յարմարի (rs էջ 241 պարբ. 5–էջ 242 պարբ. 2 [էջ 90 պարբ. 8–էջ 91 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4. Իրապէս Ո՞վ Է Հաւատարիմ ու Իմաստուն Ծառան
Փետր. 10 Աստ. ընթ. Մատթէոս 26-28 Երգեցողութիւն 27
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ի՛նչպէս Յստակօրէն Խօսիլ (կօ էջ 87 պարբ. 1–էջ 88 պարբ. 3)
Թիւ 1. Իսկական Ուրախութիւն Ի՛նչպէս Գտնել (դ01 3/1 էջ 4-7)
Թիւ 2. Մատթէոս 26։6-30
Թիւ 3. Ինչո՛ւ Թմրեցուցիչներ Չեմ Գործածեր
Թիւ 4. Մարդկային Կեանքին Նպատակը Ի՞նչ Է (rs էջ 243 պարբ. 3–էջ 244 պարբ. 4 [էջ 167 պարբ. 2–էջ 168 պարբ. 3, Արաբ.])
Փետր. 17 Աստ. ընթ. Մարկոս 1-4 Երգեցողութիւն 222
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ճշգրիտ Առոգանութիւն՝ Նկատի Առնուելիք Ազդակներ (կօ էջ 89 պարբ. 1–էջ 90 պարբ. 2)
Թիւ 1. Սուրբ Գրային Ժամանակացոյցեր (si էջ 279-280 պարբ. 7-13)
Թիւ 2. դ01 2/15 էջ 25 պարբ. 10–էջ 26 պարբ. 14
Թիւ 3. Մարդիկ Կարճ Ժամանակ մը Ապրելու եւ Ապա Մեռնելու Համա՞ր Ստեղծուած Են (rs էջ 245 պարբ. 1-3 [էջ 168 պարբ. 4–էջ 169 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Բախտախաղ Խաղալը Ինչո՞ւ Սխալ Է
Փետր. 24 Աստ. ընթ. Մարկոս 5-8 Երգեցողութիւն 150
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Առոգանութիւնը Բարելաւելու Կերպեր (կօ էջ 90 պարբ. 3–էջ 92)
Բերանացի Վերաքաղ
Մարտ. 3 Աստ. ընթ. Մարկոս 9-12 Երգեցողութիւն 195
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Սահուն Խօսելակերպ (կօ էջ 93 պարբ. 1–էջ 94 պարբ. 3)
Թիւ 1. Մտիկ Ընել՝ Դասախօսութիւններու, Զրոյցներու ու Համաժողովներու Ընթացքին (կօ էջ 15 պարբ. 1–էջ 16 պարբ. 5)
Թիւ 2. Մարկոս 10։1-22
Թիւ 3. Ի՛նչպէս Կրնանք Աստուծմէ Զօրութիւն Ստանալ
Թիւ 4. Ի՞նչ Հիման Վրայ Կրնանք Յուսալ Յաւիտեան Ապրիլ (rs էջ 246 պարբ. 5-7 [էջ 170 պարբ. 1-3, Արաբ.])
Մարտ 10 Աստ. ընթ. Մարկոս 13-16 Երգեցողութիւն 57
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Սահունութիւնը Ի՛նչպէս Բարելաւել (կօ էջ 94 պարբ. 4–էջ 96 պարբ. 3, բացի էջ 95–ի շրջագծէն)
Թիւ 1. Ի՞նչ Է Հոգեւոր Դրախտը (դ01 3/1 էջ 8-11)
Թիւ 2. Մարկոս 13։1-23
Թիւ 3. Ապագայ Կեանքի Հեռանկարները Ի՞նչպէս Պիտի Իրականանան (rs էջ 246 պարբ. 8–էջ 247 պարբ. 1 [էջ 170 պարբ. 4–էջ 171 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուած Մարդկային Պատերազմներուն Մէջ Կողմ կը Բռնէ՞
Մարտ 17 Աստ. ընթ. Ղուկաս 1-3 Երգեցողութիւն 13
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Կակազութեան Հետ Գլուխ Ելլել (կօ էջ 95, շրջագիծ)
Թիւ 1. «Երանի՜ Այն Մարդուն, որ Իմաստութիւն կը Գտնէ» (դ01 3/15 էջ 25-28)
Թիւ 2. Ղուկաս 3։1-22
Թիւ 3. Յիսուսը Պաշտելը Պատշա՞ճ Է
Թիւ 4. aԿարեւո՞ր Է Օրինական Պահանջներուն Համաձայն Ամուսնանալ (rs էջ 248 պարբ. 2–էջ 249 պարբ. 2 [էջ 225 պարբ. 2–էջ 226 պարբ. 2, Արաբ.])
Մարտ 24 Աստ. ընթ. Ղուկաս 4-6 Երգեցողութիւն 212
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Դադար՝ Կէտադրութեան եւ Մտածումի Փոփոխութեան Համար (կօ էջ 97 պարբ. 1–էջ 98 պարբ. 5)
Թիւ 1. Կը Զգա՞ք թէ Սխալ Հասկցուած Էք (դ01 4/1 էջ 20-23)
Թիւ 2. Ղուկաս 6։1-23
Թիւ 3. Ի՞նչ Է Յիշատակատօնին Նշանակութիւնը (rs էջ 266 պարբ. 1–էջ 267 պարբ. 1 [էջ 210 պարբ. 1–էջ 211 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Քրիստոնեաները Կրնա՞ն Աստուածային Պաշտպանութիւն Ակնկալել
Մարտ 31 Աստ. ընթ. Ղուկաս 7-9 Երգեցողութիւն 47
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Դադար՝ Շեշտելու եւ Մտիկ Ընելու Համար (կօ էջ 99 պարբ. 1–էջ 100 պարբ. 4)
Թիւ 1. «Աստուծմէ Վախցի՛ր ու Անոր Պատուիրանքները Պահէ՛» (կօ էջ 272 պարբ. 1–էջ 275 պարբ. 3)
Թիւ 2. դ01 3/15 էջ 18 պարբ. 17–էջ 19 պարբ. 20
Թիւ 3. Ի՛նչպէս Գիտենք թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ Է
Թիւ 4. Յիշատակատօնի Խորհրդանիշերը Ի՞նչ կը Ներկայացնեն (rs էջ 267 պարբ. 2-3 [էջ 211 պարբ. 2-3, Արաբ.])
Ապրիլ 7 Աստ. ընթ. Ղուկաս 10-12 Երգեցողութիւն 152
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Պատշաճ Իմաստի Շեշտ (կօ էջ 101 պարբ. 1–էջ 102 պարբ. 3)
Թիւ 1. ‘Յիսուսի Համար Վկայութիւն Տալ’ (կօ էջ 275 պարբ. 4–էջ 278 պարբ. 4)
Թիւ 2. Ղուկաս 10։1-22
Թիւ 3. Որո՞նք Տիրոջ Ընթրիքին Պէտք Է Մասնակցին (rs էջ 267 պարբ. 5–էջ 268 պարբ. 1 [էջ 211 պարբ. 5–էջ 212 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Առաջին Հարսանիքը Ի՞նչպիսի Ձեւականութիւն Պարփակեց (rs էջ 249 պարբ. 3-4 [էջ 226 պարբ. 3-4, Արաբ.])
Ապրիլ 14 Աստ. ընթ. Ղուկաս 13-17 Երգեցողութիւն 162
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Իմաստի Շեշտը Բարելաւել (կօ էջ 102 պարբ. 4–էջ 104 պարբ. 4)
Թիւ 1. «Թագաւորութեան Այս Բարի Լուրը» (կօ էջ 279 պարբ. 1–էջ 281 պարբ. 4)
Թիւ 2. Ղուկաս 15։11-32
Թիւ 3. Մեր Անձերը Ի՛նչպէս Պաշտպանենք Դիւային Ազդեցութենէն
Թիւ 4. Յիշատակատօնը Ո՞րքան Յաճախ Պէտք Է Տօնակատարուի եւ Ե՛րբ (rs էջ 269 պարբ. 1-2 [էջ 213 պարբ. 1-2, Արաբ.])
Ապրիլ 21 Աստ. ընթ. Ղուկաս 18-21 Երգեցողութիւն 102
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Գլխաւոր Գաղափարները Շեշտուած (կօ էջ 105 պարբ. 1–էջ 106 պարբ. 2)
Թիւ 1. Եղանակները՝ Եհովայի Իմաստուն ու Սիրալիր Հայթայթումն Են (si էջ 280 պարբ. 14-17)
Թիւ 2. դ01 4/15 էջ 6 պարբ. 19–էջ 7 պարբ. 22
Թիւ 3. Յարութեան Յոյսը Ի՛նչպէս Մեր Կեանքին կ’Ազդէ
Թիւ 4. bԱստուածաշունչը Բազմակնութեան կը Հանդուրժէ՞ (rs էջ 250 պարբ. 1–էջ 251 պարբ. 2 [էջ 227 պարբ. 1–էջ 228 պարբ. 1, Արաբ.])
Ապրիլ 28 Աստ. ընթ. Ղուկաս 22-24 Երգեցողութիւն 55
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ներկաներուն Յարմար Ձայնածաւալ (կօ էջ 107 պարբ. 1–էջ 108 պարբ. 4)
Բերանացի Վերաքաղ
Մայիս 5 Աստ. ընթ. Յովհաննու 1-4 Երգեցողութիւն 59
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ձեր Ձայնածաւալը Ի՛նչպէս Բարելաւել (կօ էջ 108 պարբ. 5–էջ 110 պարբ. 2)
Թիւ 1. Ձեր Յիշողութիւնը Կրնաք Բարելաւել (կօ էջ 17 պարբ. 1–էջ 19 պարբ. 1)
Թիւ 2. Յովհաննու 2։1-25
Թիւ 3. Աստուած Ոգելից Ըմպելիներու Գործածութիւնը կը Դատապարտէ՞
Թիւ 4. cԱմուսնական Բաժանումին Նկատմամբ Աստուծոյ Տեսակէտը Ի՞նչ Է (rs էջ 251 պարբ. 3 [էջ 228 պարբ. 2, Արաբ.])
Մայիս 12 Աստ. ընթ. Յովհաննու 5-7 Երգեցողութիւն 150
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ձայներանգ՝ Ձեր Ձայնածաւալը Յարմարցուցէք (կօ էջ 111 պարբ. 1–էջ 112 պարբ. 2)
Թիւ 1. Ինչպիսի Մանկութիւն ալ Ունեցած Ըլլաք՝ Կրնա՛ք Յաջողիլ (դ01 4/15 էջ 25-28)
Թիւ 2. Յովհաննու 5։1-24
Թիւ 3. Նախասահմանումի Վարդապետութիւնը Ինչո՛ւ Անտրամաբանական Է
Թիւ 4. dԱմուսնալուծման ու Վերամուսնութեան Նկատմամբ Աստուածաշունչի Տեսակէտը Ի՞նչ Է (rs էջ 252 պարբ. 1-4 [էջ 228 պարբ. 3–էջ 229 պարբ. 3, Արաբ.])
Մայիս 19 Աստ. ընթ. Յովհաննու 8-11 Երգեցողութիւն 102
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ձայներանգ՝ Ձեր Ձայնի Արագութիւնը Փոխեցէք (կօ էջ 112 պարբ. 3-6)
Թիւ 1. ‘Իմաստութեամբ՝ Մեր Օրերը Պիտի Շատնան’ (դ01 5/15 էջ 28-31)
Թիւ 2. Յովհաննու 10։16-42
Թիւ 3. Անցեալին, Աստուած Ինչո՞ւ Թոյլատրեց Եղբայր–Քոյր Ամուսնութիւնը (rs էջ 252 պարբ. 5–էջ 253 պարբ. 1 [էջ 229 պարբ. 4-5, Արաբ.])
Թիւ 4. Ճնշուածութեան Հետ Ի՛նչպէս Գլուխ Ելլել
Մայիս 26 Աստ. ընթ. Յովհաննու 12-16 Երգեցողութիւն 160
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ձայներանգ՝ Ձեր Ձայնաստիճանին Մէջ Այլազանութիւն Դրէք (կօ էջ 113 պարբ. 1–էջ 114 պարբ. 3)
Թիւ 1. Տարին եւ Սուրբ Գրութիւնները (si էջ 280-282 պարբ. 18-23)
Թիւ 2. դ01 5/1 էջ 14 պարբ. 4–էջ 15 պարբ. 7
Թիւ 3. Ի՛նչ կը Նշանակէ ‘Աշխարհի Մէկ Մասը Չըլլալ’
Թիւ 4. Ի՞նչ Բան Կրնայ Ամուսնութիւնը Բարելաւել (rs էջ 253 պարբ. 2-5 [էջ 230 պարբ. 1-4, Արաբ.])
Յունիս 2 Աստ. ընթ. Յովհաննու 17-21 Երգեցողութիւն 34
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Զգացումով Խօսեցէք (կօ էջ 115 պարբ. 1–էջ 116 պարբ. 4)
Թիւ 1. Աստուծոյ Հոգիին Դերը Յիշելու Մէջ (կօ էջ 19 պարբ. 2–էջ 20 պարբ. 3)
Թիւ 2. Յովհաննու 20։1-23
Թիւ 3. Ի՞նչ Բան Կրնայ Ամուսնութիւնը Բարելաւել (rs էջ 254 պարբ. 1-4 [էջ 230 պարբ. 5–էջ 231 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4. Կրօնք մը Պէ՞տք Է Կազմակերպուած Ըլլայ
Յունիս 9 Աստ. ընթ. Գործք 1-4 Երգեցողութիւն 143
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Նիւթին Պատշաճող Խանդավառութիւն (կօ էջ 116 պարբ. 5–էջ 117 պարբ. 4)
Թիւ 1. Եհովա Հանդէպ Ձեր Վստահութիւնը Զօրացուցէք (դ01 6/1 էջ 7-10)
Թիւ 2. Գործք 4։1-22
Թիւ 3. Մարիամի Մասին Աստուածաշունչի Արձանագրութենէն Ի՞նչ Կրնանք Սորվիլ (rs էջ 254 պարբ. 5–էջ 255 պարբ. 2 [էջ 346 պարբ. 2–էջ 347 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուած կը Հետաքրքրուի՞ թէ Ի՛նչպէս կը Պաշտենք
Յունիս 16 Աստ. ընթ. Գործք 5-7 Երգեցողութիւն 113
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ջերմութիւն Արտայայտել (կօ էջ 118 պարբ. 1–էջ 119 պարբ. 5)
Թիւ 1. Հոգեւոր Բուժման Առաջնորդող Խոստովանութիւն (դ01 6/1 էջ 28-31)
Թիւ 2. Գործք 7։1-22
Թիւ 3. Եհովայի Վկաները Ուրիշ Կրօնքներէն Ի՛նչպէս Տարբեր Են
Թիւ 4. Մարիամ Ի՞րապէս Կոյս Էր Երբ Յիսուսի Ծնունդ Տուաւ (rs էջ 255 պարբ. 3-4 [էջ 347 պարբ. 3-4, Արաբ.])
Յունիս 23 Աստ. ընթ. Գործք 8-10 Երգեցողութիւն 28
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Զգացումներ Արտայայտել (կօ էջ 119 պարբ. 6–էջ 120 պարբ. 5)
Թիւ 1. Որբերուն ու Որբեւարիներուն Հոգ Տանիլ Նեղութեան Ատենը (դ01 6/15 էջ 9-12)
Թիւ 2. դ01 6/1 էջ 12 պարբ. 1–էջ 13 պարբ. 5
Թիւ 3. Մարիամ Մի՞շտ Կոյս Էր (rs էջ 255 պարբ. 5–էջ 256 պարբ. 2 [էջ 347 պարբ. 5–էջ 348 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. eԺողովներու Ներկայ Գտնուիլը Ինչո՛ւ Հոգեւոր Աճման Համար Կենսական Է
Յունիս 30 Աստ. ընթ. Գործք 11-14 Երգեցողութիւն 13
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Շարժուձեւերու եւ Դէմքի Արտայայտութիւններու Կարեւորութիւնը (կօ էջ 121 պարբ. 1-4)
Բերանացի Վերաքաղ
Յուլիս 7 Աստ. ընթ. Գործք 15-17 Երգեցողութիւն 38
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Շարժուձեւեր եւ Դէմքի Արտայայտութիւններ Գործածել (կօ էջ 122 պարբ. 1–էջ 123 պարբ. 2)
Թիւ 1. Կարդալու Հետամուտ Եղէք (կօ էջ 21 պարբ. 1–էջ 23 պարբ. 3)
Թիւ 2. Գործք 15։1-21
Թիւ 3. Եհովայի Գերիշխանութիւնը Ի՛նչպէս կը Պաշտպանենք
Թիւ 4. Մարիամ Աստուածամա՞յր Էր (rs էջ 256 պարբ. 3–էջ 257 պարբ. 2 [էջ 348 պարբ. 3–էջ 349 պարբ. 1, Արաբ.])
Յուլիս 14 Աստ. ընթ. Գործք 18-21 Երգեցողութիւն 32
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Աչքի Հաղորդակցութիւն Ծառայութեան Մէջ (կօ էջ 124 պարբ. 1–էջ 125 պարբ. 4)
Թիւ 1. Թոյլ Մի՛ Տաք որ Կասկածներ Ձեր Հաւատքը Կործանեն (դ01 7/1 էջ 18-21)
Թիւ 2. Գործք 19։1-22
Թիւ 3. fՄարիամ Անարատ Յղութեա՞մբ Ծնաւ (rs էջ 257 պարբ. 3–էջ 258 պարբ. 1 [էջ 349 պարբ. 2-3, Արաբ.])
Թիւ 4. Ի՛նչ կը Նշանակէ ‘Շարունակեցէք Առաջ Թագաւորութիւնը Փնտռել’
Յուլիս 21 Աստ. ընթ. Գործք 22-25 Երգեցողութիւն 222
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Աչքի Հաղորդակցութիւն՝ Երբ Դասախօսութիւն կու Տաք (կօ էջ 125 պարբ. 5–էջ 127 պարբ. 1)
Թիւ 1. Իրապէս Հանդուրժո՞ղ Էք (դ01 7/15 էջ 21-23)
Թիւ 2. Գործք 24։1-23
Թիւ 3. Բանսարկուն Իրակա՞ն Է
Թիւ 4. gՄարիամ Մարդկային Մարմնով Երկինք Համբարձա՞ւ (rs էջ 258 պարբ. 2-3 [էջ 350 պարբ. 1-2, Արաբ.])
Յուլիս 28 Աստ. ընթ. Գործք 26-28 Երգեցողութիւն 14
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Դաշտի Ծառայութեան Մէջ Բնական Ըլլալ (կօ էջ 128 պարբ. 1–էջ 129 պարբ. 1)
Թիւ 1. Զէռօ Տարի Չկայ (si էջ 282 պարբ. 24-26)
Թիւ 2. դ01 7/1 էջ 14 պարբ. 5-8
Թիւ 3. Պատշա՞ճ Է Մարիամին Աղօթել Որպէս Միջնորդ (rs էջ 258 պարբ. 4–էջ 259 պարբ. 1 [էջ 350 պարբ. 3–էջ 351 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Ի՛նչպէս Յարգանք կը Ցուցաբերենք Կեանքի Պարգեւին Հանդէպ
Օգոս. 4 Աստ. ընթ. Հռովմայեցիս 1-4 Երգեցողութիւն 46
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Բեմին Վրայ Բնական Ըլլալ (կօ էջ 129 պարբ. 2–էջ 130 պարբ. 1)
Թիւ 1. Ի՛նչպէս Կարդալու Հետամուտ Ըլլալ (կօ էջ 23 պարբ. 4–էջ 26 պարբ. 5)
Թիւ 2. Հռովմայեցիս 2։1-24
Թիւ 3. Ասկէ Առաջ Երբեք Ապրա՞ծ Էք
Թիւ 4. Մարիամ Առաջին Դարու Քրիստոնէական Ժողովքին Կողմէ Մասնայատուկ Պատիւ Ստացա՞ւ (rs էջ 259 պարբ. 3–էջ 260 պարբ. 3 [էջ 351 պարբ. 3–էջ 352 պարբ. 3, Արաբ.])
Օգոս. 11 Աստ. ընթ. Հռովմայեցիս 5-8 Երգեցողութիւն 63
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Բնական Ըլլալ Երբ Հրապարակային Ընթերցանութիւն կ’Ընէք (կօ էջ 130 պարբ. 2-4)
Թիւ 1. «Արդարին Գլխուն Վրայ Օրհնութիւններ Կան» (դ01 7/15 էջ 24-27)
Թիւ 2. Հռովմայեցիս 5։6-21
Թիւ 3. hԿոյս Մարիամին կը Հաւատա՞ք (rs էջ 260 պարբ. 4–էջ 261 պարբ. 2 [էջ 352 պարբ. 4–էջ 353 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Հոգեփոխութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք
Օգոս. 18 Աստ. ընթ. Հռովմայեցիս 9-12 Երգեցողութիւն 55
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Անձնական Մաքրութիւնը Պատգամը կը Զարդարէ (կօ էջ 131 պարբ. 1-3)
Թիւ 1. Թոյլ Տուէք որ Սովորութիւնը Ձեր Օգտին Ծառայէ (դ01 8/1 էջ 19-22)
Թիւ 2. դ01 8/15 էջ 22 պարբ. 10-13
Թիւ 3. Մարդիկ Աստուածաշունչը Փոխա՞ծ Են
Թիւ 4. Գոյափոխութիւնը Իրակա՞ն Է (rs էջ 262 պարբ. 1–էջ 263 պարբ. 2 [էջ 306 պարբ. 1–էջ 307 պարբ. 3, Արաբ.])
Օգոս. 25 Աստ. ընթ. Հռովմայեցիս 13-16 Երգեցողութիւն 95
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Համեստութիւնն ու Ողջամտութիւնը Ի՛նչպէս կ’Ազդեն Անհատին Հագուելակերպին ու Յարդարանքին (կօ էջ 131 պարբ. 4–էջ 132 պարբ. 3)
Բերանացի Վերաքաղ
Սեպտ. 1 Աստ. ընթ. Ա. Կորնթացիս 1-9 Երգեցողութիւն 10
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Վայելուչ Հագուստին Արժէքը (կօ էջ 132 պարբ. 4–էջ 133 պարբ. 1)
Թիւ 1. Ի՛նչպէս Ուսումնասիրել (կօ էջ 27 պարբ. 1–էջ 31 պարբ. 2)
Թիւ 2. Ա. Կորնթացիս 3։1-23
Թիւ 3. Յովհաննու 6։54-58 Ի՞նչ կը Նշանակէ (rs էջ 263 պարբ. 3-4 [էջ 307 պարբ. 4–էջ 308 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Աղքատութիւնը կ’Արդարացնէ՞ Գողութիւնը
Սեպտ. 8 Աստ. ընթ. Ա. Կորնթացիս 10-16 Երգեցողութիւն 123
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Անձնական Լաւ Երեւոյթը Ուրիշներու Գայթակղութիւն Չի Պատճառեր (կօ էջ 133 պարբ. 2-4)
Թիւ 1. Ձեր Յառաջդիմութեան Խոչընդոտները Յաղթահարեցէք (դ01 8/1 էջ 28-30)
Թիւ 2. Ա. Կորնթացիս 12։1-26
Թիւ 3. Աստուած Ինչո՞ւ կը Թոյլատրէ որ Գէշ Բաներ Պատահին
Թիւ 4. Պատարագի Տօնակատարութիւնը Յիսո՞ւս Հաստատեց (rs էջ 264 պարբ. 1–էջ 265 պարբ. 5 [էջ 308 պարբ. 2–էջ 310 պարբ. 2, Արաբ.])
Սեպտ. 15 Աստ. ընթ. Բ. Կորնթացիս 1-7 Երգեցողութիւն 59
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Լաւ Կեցուածք եւ Կոկիկ Պիտոյք (կօ էջ 133 պարբ. 5–էջ 134 պարբ. 4)
Թիւ 1. Յաջող Պատանեկութիւն մը Ունեցէք (դ01 8/15 էջ 4-7)
Թիւ 2. Բ. Կորնթացիս 6։1–7։1
Թիւ 3. Աշխարհիկ Հեղինակութեան Հանդէպ Քրիստոնեային Կեցուածքը (rs էջ 270 պարբ.1-3 [էջ 160 պարբ. 4–էջ 161 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուած Երկրի Ապականութեամբ կը Հետաքրքրուի՞
Սեպտ. 22 Աստ. ընթ. Բ. Կորնթացիս 8-13 Երգեցողութիւն 27
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Խօսելու Մտահոգութիւնը Ի՛նչպէս Նուազեցնել (կօ էջ 135 պարբ. 1–էջ 137 պարբ. 2)
Թիւ 1. Ի՛նչպէս Կրնաք Իմաստուն Որոշումներ Կայացնել (դ01 9/1 էջ 27-30)
Թիւ 2. Բ. Կորնթացիս 8։1-21
Թիւ 3. Մահուընէ Ետք Հոգիին Ի՛նչ կը Պատահի
Թիւ 4. Ֆիզիքական Պատերազմներու Նկատմամբ Քրիստոնեայի մը Տեսակէտին Ազդող Համարներ (rs էջ 271 պարբ. 1-4 [էջ 161 պարբ. 3–էջ 162 պարբ. 2, Արաբ.])
Սեպտ. 29 Աստ. ընթ. Գաղատացիս 1-6 Երգեցողութիւն 33
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ի՛նչպէս Չափաւորութիւն Ձեռք Ձգել (կօ էջ 137 պարբ. 3–էջ 138 պարբ. 5)
Թիւ 1. Առանցքային Թուականներու Մեծ Արժէքը (si էջ 282-283 պարբ. 27-30)
Թիւ 2. դ01 9/1 էջ 15 պարբ. 8–էջ 17 պարբ. 11
Թիւ 3. Աստուած Ո՞ր Պարագաներու Ներքեւ Թոյլ Տուաւ որ Իսրայելացիները Պատերազմներ Մղեն (rs էջ 271 պարբ. 5–էջ 273 պարբ. 1 [էջ 162 պարբ. 3–էջ 163 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4. Ի՛նչպէս Գիտենք թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’Իշխէ
Հոկտ. 6 Աստ. ընթ. Եփեսացիս 1-6 Երգեցողութիւն 160
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ձայնը Ուժեղացնելու Կարեւորութիւնը (կօ էջ 139 պարբ. 1–էջ 140 պարբ. 1)
Թիւ 1. Ուսումնասիրութիւնը Վարձահատոյց Է (կօ էջ 31 պարբ. 3–էջ 32 պարբ. 4)
Թիւ 2. Եփեսացիս 2։1-22
Թիւ 3. Աստուծոյ Հանդէպ Հաւատք Ունենալը Իրապաշտութիւն Է
Թիւ 4. Քաղաքական Հարցերու Միջամուխ Ըլլալու Հանդէպ Քրիստոնեայի մը Տեսակէտին Ո՞ր Համարները կ’Ազդեն (rs էջ 273 պարբ. 2–էջ 274 պարբ. 1 [էջ 164 պարբ. 1-5, Արաբ.])
Հոկտ. 13 Աստ. ընթ. Փիլիպպեցիս 1–Կողոսացիս 4 Երգեցողութիւն 138
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Բարձրախօսները Ազդու Կերպով Գործածեցէք (կօ էջ 140 պարբ. 2–էջ 142 պարբ. 1)
Թիւ 1. ‘Շիտակ Ճամբուն’ Մէջ Քալեցէք (դ01 9/15 էջ 24-28)
Թիւ 2. Փիլիպպեցիս 2։1-24
Թիւ 3. Հայրենասիրական Արարողութիւններու Հանդէպ Քրիստոնեայի մը Տեսակէտին Ո՞ր Համարները կ’Ազդեն (rs էջ 274 պարբ. 2–էջ 275 պարբ. 3 [էջ 165 պարբ. 1–էջ 166 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Ներկայիս Եհովա Մեզմէ Ի՛նչ կը Պահանջէ
Հոկտ. 20 Աստ. ընթ. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1–Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3 Երգեցողութիւն 123
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Աստուածաշունչով Պատասխանել (կօ էջ 143 պարբ. 1-3)
Թիւ 1. Ժամանակի Նկատմամբ Եհովայի Տեսակէտը (si էջ 283-4 պարբ. 31-3)
Թիւ 2. դ01 10/15 էջ 23 պարբ. 6–էջ 24 պարբ. 9
Թիւ 3. Որո՞նք Երկինք կ’Երթան
Թիւ 4. Քրիստոնեաներուն Չէզոքութիւնը կը Նշանակէ՞ թէ Իրենց Դրացիներուն Բարօրութեամբ Հետաքրքրուած Չեն (rs էջ 276 պարբ. 1 [էջ 166 պարբ. 3, Արաբ.])
Հոկտ. 27 Աստ. ընթ. Ա. Տիմոթէոս 1–Բ. Տիմոթէոս 4 Երգեցողութիւն 46
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Աստուածաշունչը Գործածելու Մէջ Ի՛նչպէս Բարելաւումներ Ընել (կօ էջ 144 պարբ. 1-4)
Բերանացի Վերաքաղ
Նոյ. 3 Աստ. ընթ. Տիտոս 1–Փիլիմոն Երգեցողութիւն 222
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Քաջալերել Սուրբ Գիրք Գործածելը (կօ էջ 145-146)
Թիւ 1. Աստուածաշունչով Ի՛նչպէս Պրպտում Կատարել (կօ էջ 33 պարբ. 1–էջ 35 պարբ. 2)
Թիւ 2. Փիլիմոն 1-25
Թիւ 3. Կատարելութեան Մէջ Ապրիլը Ձանձրացուցի՞չ Պիտի Ըլլայ
Թիւ 4. Եհովայի Անունը Ինչո՞ւ Գործածուած Է Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն Մէջ (rs էջ 278 պարբ. 1-3 [էջ 102 պարբ. 4–էջ 103 պարբ. 1, Արաբ.])
Նոյ. 10 Աստ. ընթ. Եբրայեցիս 1-8 Երգեցողութիւն 55
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Համարները Ազդու Կերպով Ներկայացնելուն Կարեւորութիւնը (կօ էջ 147 պարբ. 1–էջ 148 պարբ. 2)
Թիւ 1. Ենովք Աստուծոյ Հետ Քալեց՝ Անաստուած Աշխարհի մը Մէջ (դ01 9/15 էջ 29-31)
Թիւ 2. Եբրայեցիս 2։1-18
Թիւ 3. i‘Դուք Ձեր Անձնական Աստուածաշունչը Ունիք’ Ըսողներուն Պատասխանել (rs էջ 279 պարբ. 1-4 [էջ 103 պարբ. 3–էջ 104 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4. Յարուցեալները Ի՞նչպէս Իրենց Գործերուն Համաձայն Պիտի Դատուին
Նոյ. 17 Աստ. ընթ. Եբրայեցիս 9-13 Երգեցողութիւն 129
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Համարներ Ներկայացնելու Համար Պատշաճ Խօսքեր Ընտրել (կօ էջ 148 պարբ. 3–էջ 149 պարբ. 2)
Թիւ 1. Ի՞նչ կը Նշանակէ Հաւատարիմ Ըլլալ (դ01 10/1 էջ 20-23)
Թիւ 2. Եբրայեցիս 9։11-28
Թիւ 3. Աստուծոյ Երկնային Արարածները Կազմակերպուա՞ծ Են (rs էջ 280 պարբ. 2-3 [էջ 404 պարբ. 5–էջ 405 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուածպաշտութիւն Ի Գործ Դնելը Ինչո՛ւ Օգտակար Է
Նոյ. 24 Աստ. ընթ. Յակոբու 1-5 Երգեցողութիւն 34
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Պատշաճ Շեշտը Զգացում կը Պարփակէ (կօ էջ 150 պարբ. 1-2)
Թիւ 1. Դէպքերը Բնորոշել Ժամանակի Հոսանքին Մէջ (si էջ 284-285 պարբ. 1-4)
Թիւ 2. դ01 11/1 էջ 12 պարբ. 15–էջ 13 պարբ. 19
Թիւ 3. Համեստութեան Արժէքը
Թիւ 4. Անցեալին Աստուած Իր Երկրային Ծառաներուն Ի՞նչպէս Ցուցմունքներ Հաղորդեց (rs էջ 281 պարբ. 1-2 [էջ 405 պարբ. 2-3, Արաբ.])
Դեկտ. 1 Աստ. ընթ. Ա. Պետրոս 1–Բ. Պետրոս 3 Երգեցողութիւն 150
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Շիտակ Բառերը Շեշտեցէք (կօ էջ 150 պարբ. 3–էջ 151 պարբ. 2)
Թիւ 1. Պրպտումի Ուրիշ Գործիքներ Գործածել Սորվիլ (կօ էջ 35 պարբ. 3–էջ 38 պարբ. 4)
Թիւ 2. Ա. Պետրոս 1։1-16
Թիւ 3. Աստուածաշունչը Ցոյց կու Տա՞յ թէ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները Կազմակերպուած Պիտի Ըլլային (rs էջ 282 պարբ. 1-4 [էջ 406 պարբ. 2–էջ 407 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Քրիստոսի Փրկանքի Զոհը Ի՛նչպէս Մեր Կեանքին Պէտք Է Ազդէ
Դեկտ. 8 Աստ. ընթ. Ա. Յովհաննու 1–Յուդա Երգեցողութիւն 57
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Շեշտի Կերպեր (կօ էջ 151 պարբ. 3–էջ 152 պարբ. 5)
Թիւ 1. Ձեր Խղճմտանքը Պահպանեցէք (դ01 11/1 էջ 4-7)
Թիւ 2. Ա. Յովհաննու 3։1-18
Թիւ 3. Ինչո՛ւ Չենք Կրնար Աստուածաշունչը Մեղադրել Կիներու Հանդէպ Ցուցաբերուած Անյարգալից Վերաբերմունքին Համար
Թիւ 4. Աստուծոյ Հաւատարիմ Ծառաները Պարզապէս Քրիստոնեայ Աշխարհի Եկեղեցիներուն Մէջ Ցիրուցա՞ն Եղած Են (rs էջ 283 պարբ. 1-3 [էջ 407 պարբ. 2-4, Արաբ.])
Դեկտ. 15 Աստ. ընթ. Յայտնութիւն 1-6 Երգեցողութիւն 123
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Համարներուն Կիրարկումը Շիտակ (կօ էջ 153 պարբ. 1–էջ 154 պարբ. 3)
Թիւ 1. Նոյի Հաւատքը Աշխարհը կը Դատապարտէ (դ01 11/15 էջ 28-31)
Թիւ 2. Յայտնութիւն 2։1-17
Թիւ 3. Եհովայի Կազմակերպութեան Տեսանելի Մասը Ի՞նչպէս Կարելի Է Բնորոշել (rs էջ 283 պարբ. 4–էջ 284 պարբ. 2 [էջ 407 պարբ. 5–էջ 408 պարբ. 5, Արաբ.])
Թիւ 4. Ծնունդը Ինչո՛ւ Քրիստոնեաներուն Համար Չէ
Դեկտ. 22 Աստ. ընթ. Յայտնութիւն 7-14 Երգեցողութիւն 10
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Համարներուն Կիրարկումը Յստակ Դարձնել (կօ էջ 154 պարբ. 4–էջ 155 պարբ. 4)
Թիւ 1. Կրնա՛ք Խուսափիլ Հոգեւոր Սրտի Տագնապէ մը (դ01 12/1 էջ 9-13)
Թիւ 2. դ02 1/1 էջ 13 պարբ. 10–էջ 15 պարբ. 13 (ստորանիշը ներառեալ)
Թիւ 3. Շրջապատի Ճնշումին Հետ Ի՛նչպէս Գլուխ Ելլել
Թիւ 4. Եհովայի Կազմակերպութեան Հանդէպ Ի՞նչպէս Կրնանք Յարգանք Ցուցաբերել (rs էջ 284 պարբ. 3-7 [էջ 408 պարբ. 6-10, Արաբ.])
Դեկտ. 29 Աստ. ընթ. Յայտնութիւն 15-22 Երգեցողութիւն 114
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Սուրբ Գրքով Պատճառաբանեցէք (կօ էջ 155 պարբ. 5–էջ 156 պարբ. 5)
Բերանացի Վերաքաղ
[Ստորանիշներ]
a Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք։
b Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք։
c Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք։
d Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք։
e Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք։
f Ժամանակին ներած չափով, նկատի առէք առարկութիւններ, կարծիքներ, եւայլն, որոնք տեղական թաղամասի կարիքներուն յարմար են։
g Ժամանակին ներած չափով, նկատի առէք առարկութիւններ, կարծիքներ, եւայլն, որոնք տեղական թաղամասի կարիքներուն յարմար են։
h Ժամանակին ներած չափով, նկատի առէք առարկութիւններ, կարծիքներ, եւայլն, որոնք տեղական թաղամասի կարիքներուն յարմար են։
i Ժամանակին ներած չափով, նկատի առէք առարկութիւններ, կարծիքներ, եւայլն, որոնք տեղական թաղամասի կարիքներուն յարմար են։