Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Հոկտեմբեր 14–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ կարդան Թուոց 25–րդ գլուխը եւ Խորաթափանց Ակնարկ, Հատոր Բ., էջ 419, պարբերութիւն 3-5, ապա դիտեն Ազդարարական Օրինակներ՝ Մեր Օրերուն Համար պատկերիզը, Հոկտեմբեր 28–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ անոր քննարկման առ ի պատրաստութիւն։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր եւ Զարթի՛ր 22 Հոկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, ցոյց տուէք «Արդէն ձեր գործունէութեան ծանօթ եմ» խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը ձեռք առնելու տարբեր կերպ մը։—Տես Պատճառաբանել գիրքը, էջ 20։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան Տեսուչները Ի՛նչպէս Անձնական Հետաքրքրութիւն Ցոյց կու Տան»։ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչի մը կողմէ հարց պատասխանով քննարկութիւն։ Բացման խօսքերուն մէջ, հակիրճօրէն բացատրեցէք թէ գրքի ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը ի՛նչպէս սկսաւ։ (jv 237, պարբ. 4) Կանխաւ կարգադրեցէք որ երկու կամ երեք հրատարակիչներ խօսին թէ ի՛նչպէս օգտուած են Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան միջոցաւ իրենց հանդէպ ցուցաբերուած անձնական հետաքրքրութենէն։
Երգեցողութիւն Թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 21–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
35 վյրկ. «‘Թագաւորութիւնը Նախանձախնդրաբար Ծանուցանողներ’ Նահանգային Համաժողովէն Լիովին Օգտուիլ»։ Նիւթը նկատի թող առնուի Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան վարիչին կողմէ։ Մէկ վայրկեան տեւող բացման խօսքերէն ետք, նահանգային համաժողովի յայտագիրը ներկաներուն հետ քննարկեցէք, յօդուածին մէջ հայթայթուած հարցումները գործածելով։ Ձեր ժամանակը ուշադրութեամբ բաժնեցէք։ Կարելի է հակիրճ մեկնաբանութիւններ պարփակել, ներկաներուն կարեւոր կէտեր վերյիշեցնելու համար։ Երբ պատշաճ է, ներկաներուն հարցուցէք թէ իրենց սորվածը ի՛նչպէս կիրարկած են եւ ի՛նչ օգուտներ կը քաղեն։
Երգեցողութիւն Թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 28–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 204
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ անցեալ միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին վերաբերեալ իրենց նոթերը վերաքաղ ընեն, յաջորդ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ անոր քննարկման առ ի պատրաստութիւն։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Հոկտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները, քոյր մը թող ցուցադրէ Դիտարան 1 Նոյեմբեր թիւը ներկայացնելու կերպը, իսկ եղբայր մը՝ Զարթի՛ր 8 Նոյեմբեր թիւը ներկայացնելու կերպը։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութենէ ետք, հակիրճօրէն ուշագրաւ դարձուցէք ներկայացման դրական մէկ երեսակը։
12 վյրկ. Տեղական փորձառութիւններ։ Ժողովքէն խնդրեցէք որ փորձառութիւններ պատմեն, որոնք տեղի ունեցան նահանգային համաժողովի երթալ–գալու ատեն, համաժողովի ընթացքին, կամ՝ անպաշտօն կերպով վկայելու ատեն գործի, դպրոցի, շուկայի եւ այլ վայրերու մէջ։
25 վյրկ. «Լուրջի Առնուելիք Ազդարարական Օրինակներ՝ Մեր Օրերուն Համար»։ Բացման խօսքերը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլան, ապա անմիջապէս սկսեցէք ներկաներուն հետ քննարկել յօդուածին մէջ ներկայացուած հարցումները։ Դեկտեմբերին վերաքաղ պիտի ընենք՝ Բժշկութիւնը կը Դիմագրաւէ Արիւն Չգործածելու Մարտահրաւէրը պատկերիզը։
Երգեցողութիւն Թիւ 38 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 4–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը եւ Գիտութիւն գիրքը ներկայացնելու կարգ մը թելադրութիւններ, առնուած՝ Յունուար 2002–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականէն։ Ներկայացում մը ցուցադրեցէք։
13 վյրկ. Բարի Լուրը Ամօթ Չսեպել։ (Հռովմ. 1։16) Պատանի մը իր հօր կը մօտենայ խնդրով մը։ Պատանին կը վարանի ինքզինք բնորոշելու որպէս Եհովայի Վկայ մը, քանի որ կը վախնայ իր տարեկիցներէն ծաղրուիլ։ Հայրը շնորհակալ կ’ըլլայ պատանիին, այս հարցին շուրջ անկեղծ ըլլալուն համար։ Ան կը պատմէ թէ Պետրոս անգամ մը ի՛նչպէս հակազդեց, երբ շրջապատի ճնշումի ներքեւ գտնուեցաւ։ (Մատթ. 26։69-74) Հայրը հետեւեալ խրատը կը ներկայացնէ. Երբեք պէտք չէ ամչնանք որ Քրիստոնեաներ ենք։ (Մար. 8։38) Դպրոցին մէջ ձեր Վկայ ըլլալը գիտցնելը օգտակար է։ Երբ տեղեակ ըլլան, կարգ մը ուսուցիչներ ձեր ուսուցումները պիտի յարգեն եւ պիտի չփորձեն ձեզ մասնակից ընել այն գործունէութիւններուն, զորս առարկելի կը նկատէք։ Սկզբունքի տէր չեղող պատանիներ հաւանաբար չջանան ձեզ ճնշել որ սխալ ընթացքի մը միջամուխ ըլլաք։ Ուրիշ դասընկերներ աւելի դիւրաւ պիտի հասկնան թէ ինչո՛ւ հակառակ սեռի հետ չէք ժամադրուիր, արտակրթական մարմնամարզանքներու կամ արտադպրոցական գործունէութիւններու չէք մասնակցիր։ Եթէ ժամանակը ներէ, հայրը եւ տղան նկատի կ’առնեն կէտեր, առնուած՝ «Աստուծոյ Հետ Ձեր Բարեկամութիւնը Հանրապէս Գիտցնել» ենթագլուխէն, Պատանիներ էջ 315-318։ Պատանին տրուած լաւ խրատին համար երախտագիտութիւն կը յայտնէ։
22 վյրկ. Հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ՝ Սատանային Հակառա՛կ Կեցէք։ (Յակ. 4։7) Հոս հայթայթուած հարցումները գործածելով, երէց մը ներկաներուն հետ վառ կերպով նկատի կ’առնէ անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին տեղի ունեցած միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագիրը։ Ժողովքը հրաւիրեցէք որ պատմեն թէ իրենց սորվածը ի՛նչ կերպով կրցան կիրարկել։ (Կարելի է կանխաւ անհատներ նշանակել։) Ուշագրաւ դարձուցէք յայտագրին հետեւեալ մասերը. (1) «Աստուծոյ Հպատակինք՝ Գերեվարուած Աշխարհի մը Մէջ»։ Աշխարհային թակարդներէն խուսափելու համար ինչո՞ւ արթուն պէտք է ըլլանք։ (2) «Աստուածային Հպատակութիւն Ցոյց Տանք՝ Որպէս Ընտանիքի Անդամներ»։ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ ինչո՞ւ ընտանեկան կապերը զօրացնելու անմիջական կարիքը կայ։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ (3) «Նոր Աշակերտներուն Օգնեցէք որ Եհովայի Կողմը Դիրք Բռնեն»։ Ի՞նչպէս կրնանք նորեկներուն օգնել որ իրենց հաւատքը փորձող խոչընդոտները յաղթահարեն։ (4) «Սատանային Հակառակ Կենալ Ի՛նչ կը Նշանակէ»։ Բանսարկուին յաջողութեամբ դէմ դնելու բանալին ի՞նչ է։ Եփեսացիս 6։11-18–ի մէջ նկարագրուած հոգեւոր սպառազինութիւնը ի՞նչպէս կրնայ մեզ պաշտպանել։ (w92 5/15 21-23) (5) «Պատանիներ՝ Որոնք Յաջող Կերպով կ’Ընդդիմանան Չարին» եւ «Պատանիներ՝ Որոնք Աստուծոյ Հպատակելէն կ’Օգտուին»։ Ի՞նչ են Սատանայի հնարքներէն ոմանք, որոնցմէ պատանիները պէտք է զգուշանան։ Պատանիները ի՞նչպէս կ’օրհնուին Եհովայի հպատակելով։ (դ90 10/1 13-14, պարբ. 15-17) (6) «Աստուծոյ Հպատակելէն Օգտուինք»։ Բացատրեցէք թէ Քրիստոնեաները ի՛նչպէս հպատակութիւն ցոյց կու տան կառավարական հեղինակութիւններու եւ աշխարհիկ գործատէրերու հանդէպ, նաեւ՝ ընտանեկան շրջանակին եւ քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Ո՞ր յատկութիւնները մեզի պիտի օգնեն ասիկա ընելու։
Երգեցողութիւն Թիւ 59 եւ փակման աղօթք։