Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/03 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Դեկտեմբեր 8–ով Սկսող Շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 15–ով Սկսող Շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 22–ով Սկսող Շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 29–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունուար 5–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 12/03 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Դեկտեմբեր 8–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 32

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, Դիտարան 1 Յունուար եւ Զարթի՛ր 22 Դեկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։

20 վյրկ. «Քրիստոնէական Իսկական Միութիւն՝ Ի՞նչպէս»։a Երբ 5–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, ներկաներէն խնդրեցէք որ անձնական փորձառութիւններ պատմեն, որոնք միջազգային համաժողովներու, աստուածպետական շինարարական ծրագիրներու կամ աղէտեալներու օգնութիւն մատուցանելու հետ կապ ունին ու մեր քրիստոնէական միութիւնը ցցուն կը դարձնեն։

15 վյրկ. «2004–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը»։ Դպրոցի տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն։ Հոկտեմբեր 2003–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականէն կէտեր պարփակեցէք։

Երգեցողութիւն Թիւ 28 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 15–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 46

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ դիտեն Արեան Ներարկման Փոխընտրութեան Վերաբերեալ Առողջապահական Խնամք—Հիւանդին Կարիքներուն եւ Իրաւունքներուն Գոհացում Տալ խորագրով պատկերիզը, առ ի պատրաստութիւն Դեկտեմբեր 29–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ տեղի ունենալիք քննարկման։ «Հաճեցէք Շուտով Այցելել» շրջագիծը նկատի առէք։ Եթէ մատչելի է, S-70 պատճենը ցոյց տուէք։ Յիշեցէք Դեկտեմբեր 25–ի եւ Յունուար 1–ի համար դաշտի ծառայութեան մասնայատուկ կարգադրութիւնները։

15 վյրկ. Անձնական Ուսումնասիրութիւնը՝ Պաշտամունքի Արարք մը։ Դասախօսութիւն՝ հիմնուած Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 2000 թիւին վրայ, էջ 14-15, պարբերութիւն 6-10։

20 վյրկ. «‘Յաւիտենական Կեանքի Տրամադիր’ Եղողներուն Օգնեցէք»։b Հայթայթուած հարցումները գործածեցէք։ Վերաքաղ ըրէք վերայցելութիւններ ընելու վերաբերեալ թելադրութիւնները, որոնք յիշուած են Մարտ 1997–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին 3–րդ էջի շրջագծին մէջ։

Երգեցողութիւն Թիւ 14 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 22–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 162

12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, Դիտարան 1 Յունուար եւ Զարթի՛ր 8 Յունուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Բոլորին ուշադրութեան յանձնեցէք յառաջիկայ շաբթուան մասնայատուկ Ծառայութեան Ժողովը, որու ընթացքին վերաքաղ պիտի ընենք Հիւանդին Կարիքներն ու Իրաւունքները խորագրով պատկերիզը, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկենք ու բաշխենք Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր քարտը եւ առողջապահական մնայուն փոխանորդագրի (DPA) պատճենը։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

18 վյրկ. «Արժանաւորները Փնտռենք»։c Նիւթը տեղականօրէն կիրարկեցէք։ Մարդիկ շատ հաւանաբար ե՞րբ տունը կը գտնուին։ Ուշ յետմիջօրէին կամ երեկոյեան կանուխ ժամերուն քարոզելով ի՞նչ արդիւնքներ ձեռք ձգուած են։ Հազուադէպօրէն տունը գտնուող անհատներուն հետ շփման մէջ գալու համար, ի՞նչ մեթոտներ կրնան գործածուիլ։

Երգեցողութիւն Թիւ 63 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 29–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 160

5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Դեկտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Յունուար ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնները յիշեցէք։

17 վյրկ. «Բժշկական Կարեւոր Հոսանք մը Աչքառու Դարձնող Պատկերիզ մը»։ Որակելի երէց մը թող նկատի առնէ այս յօդուածը։ Կարդացէք Գործք Առաքելոց 15։28, 29–ն, եւ հակիրճօրէն շեշտեցէք թէ Քրիստոնեաները արեան ներարկումները կը մերժեն՝ գլխաւորաբար արեան սրբութեան վերաբերեալ Աստուծոյ օրէնքը պատուելու համար։ Ապա քննարկեցէք Հիւանդին Կարիքներն ու Իրաւունքները խորագրով պատկերիզը, գործածելով յօդուածին մէջ հայթայթուած հարցումները։ Եզրափակեցէք՝ կարդալով վերջին պարբերութիւնը։

23 վյրկ. Բժշկական Մարտահրաւէրները Վստահութեամբ Դիմագրաւենք։ Որակելի երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, գործածելով մասնաճիւղի գրասենեակին հայթայթած ուրուագիծը։ «Կարգադրութիւններ՝ Մեզի Օգնելու որ Արիւնէ Ետ Կենանք» խորագրով շրջագծին գլխաւոր կէտերը վերաքաղ ըրէք։

Երգեցողութիւն Թիւ 38 եւ փակման աղօթք։

Յունուար 5–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 129

Նշմար. Ժողովքները Յունուար 5–ով սկսող շաբթուան իրենց Ծառայութեան Ժողովը որոշուած օրէն առաջ պէտք չէ ընեն, բացի եթէ անիկա շրջանային տեսուչին այցելութեան կը զուգադիպի։ Ամէն ժողովքի մէջ, համաժողովի յաւելուածականը պէտք է նկատի առնուի ինչպէս յայտագրուած է Ծառայութեան Ժողովին մէջ։ Եթէ այս շաբաթ շրջանային համաժողով կայ, գիրքի ուսումնասիրութեան տեսուչները նահանգային համաժողովի վայրն ու թուականները պէտք է ծանուցանեն, իրենց գիրքի ուսումնասիրութեան սովորական օրուան մէջ։ Տեսուչը Յանձնարարուած Իջեւանի Ցանկէն օրինակ մը պէտք է մատչելի ընէ, որպէսզի ներկաները կարենան պանդոկներուն հեռաձայնի թիւերը ընդօրինակել, իրենց վերապահումները ընելու համար։ Սակայն, այս ցանկին կրկնօրինակը պէտք չէ տրուի ոեւէ հրատարակիչի։

5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. Ձեր Աշխատանքը Պարապ Չէ։ (Ա. Կորն. 15։58) Ներկաներուն հետ զրոյց։ Կանխաւ կարգադրեցէք որ երկար տարիներէ գործունեայ եղող հրատարակիչներ մանրամասնօրէն պատմեն քարոզչութեան սկիզբի տարիներուն մասին։ Ժողովքին մէջ քանի՞ հոգի կար։ Որքա՞ն թաղամաս ժողովքին նշանակուած էր։ Մարդիկ ի՞նչպէս ընդառաջեցին Թագաւորութեան պատգամին։ Ի՞նչ հակառակութիւն դիմագրաւեցիք։ Թագաւորութեան գործը տեղական շրջանին մէջ ի՞նչպէս աճեցաւ տարիներու ընթացքին։

25 վյրկ. «‘Աստուծոյ Հետ Քալեցէք’ Բնաբանով Եհովայի Վկաներու 2004–ի Նահանգային Համաժողով»։ Նիւթը պիտի ներկայացուի ժողովքի քարտուղարին կողմէ։ Առաջին պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, կարդացէք 15 Դեկտեմբեր 2003 թուակիր՝ համաժողովի նշանակումի նամակը։ Երբ 3–րդ պարբերութիւնը կը քննարկէք, թող ներկաներէն կամաւորներ կարդան 4–րդ էջի շրջագիծերուն մէջի բոլոր կէտերը։ Բոլորը քաջալերեցէք որ համաժողովի իրենց կարգադրութիւնները ընեն կարելի եղածին չափ շուտ։

Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։

c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել