Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/04 էջ 8
  • Կրնա՛նք Եհովայի Խնդրածը Ընել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրնա՛նք Եհովայի Խնդրածը Ընել
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հաւատարմութեան մարտահրաւէրը դիմագրաւենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Քարոզչութիւնը մեզի կ’օգնէ տոկալու
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • «Համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Հաւատարմութեան օրինակներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 2/04 էջ 8

Կրնա՛նք Եհովայի Խնդրածը Ընել

1. Երբեմն ի՞նչպիսի զգացումներու հետ կրնանք պայքարիլ, եւ ինչո՛ւ։

1 Եհովայի օրէնքներուն ու սկզբունքներուն հետեւիլը լաւագոյն ապրելակերպն է ներկայիս, եւ անիկա մեզի կ’օգնէ որ յաւիտենական կեանքի համար լաւ հիմ դնենք։ (Սաղմ. 19։7-11. Ա. Տիմ. 6։19) Սակայն Սատանայի աշխարհը մեր վրայ ծանր ճնշում կը բանեցնէ։ Մեր անկատար մարմինն ալ մարտահրաւէրը կ’աւելցնէ։ Մինչ կը ջանանք մեր սուրբ գրային պատասխանատուութիւնները կատարել, երբեմն կրնանք ջախջախուած զգալ։ (Սաղմ. 40։12. 55։1-8) Թերեւս նոյնիսկ հարց տանք թէ արդեօք կարո՞ղ ենք Եհովայի խնդրած բոլոր բաները կատարել։ Այս պարագային ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ մեր հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը պահպանենք։

2. Եհովա ի՞նչպէս մեր վրայ անտրամաբանական պահանջներ չի դներ։

2 Եհովայի Պատուիրանները Ծանր Չեն. Եհովա մեր վրայ անտրամաբանական պահանջներ երբեք չի դներ։ Անոր պատուիրանները ծանր չեն, հապա մեր օգտին համար են։ (Բ. Օր. 10։12, 13. Ա. Յովհ. 5։3) Ան մեր մարդկային տկարութիւնները հաշուի կ’առնէ, ‘յիշելով թէ հող ենք’։ (Սաղմ. 103։13, 14) Աստուած իրեն ծառայելու մեր թափած լաւագոյն ջանքերը ողորմածօրէն կ’ընդունի, նոյնիսկ եթէ անոնք մեր պարագաներուն պատճառով սահմանափակ են։ (Ղեւտ. 5։7, 11. Մար. 14։8) Ան մեզ կը հրաւիրէ մեր հոգերը իր վրայ ձգելու, եւ մեզ կը վստահեցնէ թէ կարելի պիտի դարձնէ որ հաւատարիմ մնանք։—Սաղմ. 55։22. Ա. Կորն. 10։13

3. Եհովա ի՞նչպէս կը զօրացնէ մեզ որ համբերենք։

3 Համբերութեան Կարիքը. Եղիայի, Երեմիայի ու Պօղոսի նման ուղղամտութիւն–պահողներու վերաբերեալ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ համբերութեան կարիքը կայ։ (Եբր. 10։36) Եհովա անոնց նեցուկ կանգնեցաւ նեղութեան ու վհատութեան ժամանակներուն։ (Գ. Թագ. 19։14-18. Երեմ. 20։7-11. Բ. Կորն. 1։8-11) Իսկ արդի ժամանակներուն, մեր եղբայրներուն հաւատարմութիւնը մեզ կ’ոգեւորէ։ (Ա. Պետ. 5։9) Այսպիսի օրինակներու մասին խոկալը կ’օգնէ որ չվհատինք։

4. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր աչքերը սեւեռած պահենք Աստուծոյ խոստումներուն վրայ։

4 Աստուծոյ խոստումներուն յուսալը ‘խարիսխ մըն է մեր անձին’։ (Եբր. 6։19) Անիկա Աբրահամն ու Սառան մղեց Եհովայի խնդրանքը ընդունելու. իրենց տունը ձգել եւ ‘պանդխտանալ աւետեաց երկրին մէջ որպէս թէ օտարութեան մէջ’։ Անիկա Մովսէսը ամրապնդեց որ ճշմարիտ պաշտամունքի կողքին քաջարի կեցուածք մը առնէ։ Անիկա Յիսուսը զօրացուց որ տանջանքի ցիցին տոկայ։ (Եբր. 11։8-10, 13, 24-26. 12։2, 3) Արդար նոր աշխարհի մը նկատմամբ Աստուծոյ խոստումը մեր սիրտերուն մէջ վառ պահելը նոյնպէս պիտի օգնէ մեզի որ հաստատ մնանք։—Բ. Պետ. 3։11-13

5. Մեր հաւատարմութեան նախկին արարքներուն մասին խոկալը ինչո՞ւ կրնայ քաջալերական ըլլալ։

5 Հաւատարմութեան, անձնուիրութեան ու քաջութեան մեր նախկին արարքները մտաբերելը նոյնպէս կրնայ մեզ զօրացնել մեր ծառայութեան մէջ։ (Եբր. 10։32-34) Անիկա մեզի կը յիշեցնէ այն ուրախութիւնը որ կը վայելենք, երբ Եհովայի տանք մեզմէ խնդրածը. սրտաբուխ անձնուիրութիւնը։—Մատթ. 22։37

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել