Քարոզչութիւնը մեզի կ’օգնէ տոկալու
1 Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ որ «համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը»։ (Եբր. 12։1) Ճիշդ ինչպէս վազորդ մը յաջողութեամբ մրցելու համար համբերատարութեան կարիք ունի, նոյնպէս համբերատարութեան պէտք ունինք որ յաւիտենական կեանքի մրցանակը ձեռք ձգենք։ (Եբր. 10։36) Քրիստոնէական ծառայութիւնը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ մինչեւ վերջ հաւատարմօրէն տոկանք։—Մատթ. 24։13
2 Հոգեւորապէս ամրապնդուած. Աստուածաշունչի խոստացած արդար նոր աշխարհը յայտարարելով, մեր յոյսը վառ կը պահենք։ (Ա. Թես. 5։8) Երբ կանոնաւորաբար դաշտի ծառայութեան կը մասնակցինք, Աստուածաշունչէն մեր սորված ճշմարտութիւնները տարածելու պատեհութիւն կ’ունենանք։ Նաեւ մեր հաւատքը պաշտպանելու առիթ կ’ունենանք, որ իր կարգին կ’օգնէ որ հոգեւորապէս ամրապնդուինք։
3 Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները յստակօրէն պէտք է հասկնանք, որպէսզի կարենանք ուրիշներուն ազդուօրէն սորվեցնել։ Անհրաժեշտ է որ պրպտում ընենք ու նիւթին վրայ խոկանք։ Մեր թափած ջանքը մեր գիտութիւնը կը խորացնէ, մեր հաւատքը կը զօրացնէ եւ մեզ հոգեւորապէս կը թարմացնէ։ (Առ. 2։3-5) Արդ, մինչ կը ջանանք ուրիշներուն օգնել, մենք մեզ կը զօրացնենք։—Ա. Տիմ. 4։15, 16
4 Նախանձախնդրաբար ծառայութեան մասնակցիլը ‘Աստուծոյ սպառազինութեան’ կենսական մէկ մասն է, որուն կարիք ունինք Բանսարկուին ու իր դեւերուն դէմ դնելու համար։ (Եփ. 6։10-13, 15) Սրբազան ծառայութեամբ զբաղելով, մեր միտքը շինիչ բաներու վրայ կեդրոնացած կը պահենք եւ Սատանայի աշխարհի պղծութիւններէն հեռու կը մնանք։ (Կող. 3։2) Մինչ Եհովայի ուղիները ուրիշներուն կը սորվեցնենք, յարատեւաբար կը յիշենք թէ սուրբ վարք պէտք է պահպանենք։—Ա. Պետ. 2։12
5 Աստուծմէ զօրութիւն ստացած. Աւետարանչութեան մէջ բաժին բերելը մեզի կը սորվեցնէ Եհովայի ապաւինիլ։ (Բ. Կորն. 4։1, 7) Ասիկա ի՜նչ օրհնութիւն է։ Այս վստահութիւնը մշակելը մեզ կը զինէ ո՛չ միայն մեր ծառայութիւնը կատարելու, այլեւ՝ կեանքի մէջ ամէն պարագայի դիմանալու։ (Փիլ. 4։11-13) Արդարեւ լիովին Եհովայի ապաւինիլ սորվիլը համբերատարութեան բանալին է։ (Սաղմ. 55։22) Քարոզչութիւնը մեզի բազմաթիւ կերպերով կ’օգնէ տոկալու։