Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Նշմար. Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը ամառուան ընթացքին իւրաքանչիւր շաբթուան համար Ծառայութեան Ժողով մը պիտի յայտագրէ։ Ժողովքները կրնան կարիքին համաձայն ճշդումներ ընել, նկատի ունենալով «Աստուծոյ Հետ Քալեցէք» Նահանգային Համաժողովին ներկայ գտնուիլը։ Եթէ յարմար է, համաժողովէն առաջ տեղի ունենալիք վերջին Ծառայութեան Ժողովի ընթացքին, 15 վայրկեան տրամադրեցէք այս ամսուան յաւելուածականէն կարգ մը գործնական կէտեր վերաքաղ ընելու համար։ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, լման Ծառայութեան Ժողով մը պիտի յատկացուի, համաժողովի յայտագրին աչքառու կէտերը վերաքաղ ընելու համար։ Այդ քննարկման պատրաստուելու համար, բոլորս կրնանք համաժողովի ընթացքին իմաստալից նոթեր առնել, ի ներառեալ՝ մասնայատուկ կէտեր որ կը փափաքինք անձամբ կիրարկել մեր կեանքին ու դաշտի ծառայութեան։ Ապա կրնանք ուրիշները քաջալերել, բացատրելով թէ այս թելադրութիւնները ի՛նչպէս կիրարկեցինք։
Ապրիլ 12–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, Դիտարան 1 Մայիս եւ Զարթի՛ր 22 Ապրիլ թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութեան մէջ, խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը՝ «Զբաղած եմ» ձեռք առնելու տարբեր կերպ մը ցոյց տուէք։—Տես՝ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 19-20։
15 վյրկ. «Եհովայի Տանք Մեր Լաւագոյնը»։a Երբ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, ներկաներէն խնդրեցէք որ յիշեն մասնայատուկ կերպեր, որոնցմով կրնանք մարդոց հանդէպ սէր ցոյց տալ մեր ծառայութեան ընթացքին։
20 վյրկ. «Միասի՛ն Բարձրացնենք Անոր Անունը»։b Ժողովքի քարտուղարը նիւթը նկատի կ’առնէ, հայթայթուած հարցումները գործածելով։ Յիշեցէք թէ ձեր ժողովքը ո՛ր համաժողովին նշանակուած է։ Յայտագրին ժամերը նշուած են Դեկտեմբեր 2003–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին մէջ։ Կարելի է այդ յաւելուածականէն այլ կէտեր ալ մէջբերել կարիքին համաձայն։ Եզրափակեցէք, յառաջիկայ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին նկատի առնուելիք «Ատենին Տրուած Հոգեւոր Կերակուր» յօդուածէն երկու կամ երեք հարցումներ հարցնելով։
Երգեցողութիւն Թիւ 14 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 19–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 55
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
17 վյրկ. «Յիսուսի Մտավիճակը Ընդօրինակեցէք»։c Հայթայթուած հարցումները գործածեցէք։ Երբ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, թող օժանդակ ռահվիրաները թուեն իրենց վայելած օրհնութիւնները։
20 վյրկ. «Ատենին Տրուած Հոգեւոր Կերակուր»։d Հայթայթուած հարցումները գործածեցէք։ Երբ 2–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնէք, մէկ կամ երկու անհատներէ խնդրեցէք որ հակիրճօրէն պատմեն իրենց ներկայ գտնուած յիշատակելի մէկ համաժողովին մասին։ Եզրափակեցէք, յառաջիկայ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին նկատի առնուելիք «Սո՛ւրբ Եղէք Ձեր Ամբողջ Վարքին Մէջ» յօդուածէն երկու կամ երեք հարցումներ հարցնելով։
Երգեցողութիւն Թիւ 113 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 26–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 46
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Ապրիլ ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Մայիս ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնները յիշեցէք։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, Դիտարան 1 Մայիս եւ Զարթի՛ր 8 Մայիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։ Ներկայացումներէն մէկուն մէջ, գործակիցի կամ դասընկերի մը վկայելու կերպը ցուցադրեցէք։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
18 վյրկ. «Սո՛ւրբ Եղէք Ձեր Ամբողջ Վարքին Մէջ»։e Հայթայթուած հարցումները գործածեցէք։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ պատմեն թէ ի՛նչպէս նկատած են որ համաժողովին մէջ բարի վարքը Եհովայի փառք կը բերէ։ Եզրափակեցէք, յառաջիկայ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին նկատի առնուելիք «Համեստ ու Գովելի Անձնական Երեւոյթ» յօդուածէն երկու կամ երեք հարցումներ հարցնելով։
Երգեցողութիւն Թիւ 38 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 3–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 129
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հակիրճօրէն խօսեցէք ամառուան համար սովորաբար ծրագրուած գործունէութիւններու մասին, ինչպէս՝ նահանգային համաժողովի յաճախել, օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել, տունը նորոգել եւ թերեւս որոշ զբօսանք վայելել։ Եթէ ժողովքը հազուադէպօրէն աշխատցուած թաղամաս ունի, ծանուցանեցէք թէ ի՛նչ կարգադրութիւններ կ’ըլլան զայն ամբողջովին ծածկելու համար։ Լա՛ւ ծրագրելով վստահ կ’ըլլանք որ ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը, ժողովքային հանդիպումները եւ դաշտի ծառայութիւնը չանտեսուին, երբ մեր առօրեայ սովորութիւնը խանգարուի ճամբորդութեան կամ ամառնային այլ գործունէութիւններու պատճառով։ (Առ. 21։5) Բոլորին յիշեցուցէք որ ո՛ւր որ ալ ըլլան, իրենց դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։
15 վյրկ. «Պատանինե՛ր, Աստուծոյ Խօսքը Կարդացէք»։f Կանխաւ կարգադրեցէք որ մէկ կամ երկու պատանիներ խօսին իրենց Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագրին մասին եւ թէ ի՛նչպէս կ’օգտուին անկէ։ Պատանիները քաջալերեցէք որ ամբողջ Աստուածաշունչը կարդալու նպատակակէտ դնեն։ Պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ առնուած՝ Ծառայութեան Դպրոց գիրքէն, էջ 10, պարբերութիւն 4։
20 վյրկ. «Համեստ ու Գովելի Անձնական Երեւոյթ»։g Հայթայթուած հարցումները գործածեցէք։ Ժամանակին ներած չափով, նշուած համարները կարդացէք ու քննարկեցէք։
Երգեցողութիւն Թիւ 10 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։
c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։
d Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։
e Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։
f Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։
g Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակեցէք։