Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/04 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Յունիս 14–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունիս 21–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յունիս 28–ով Սկսող Շաբաթ
  • Յուլիս 5–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 6/04 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Յունիս 14–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 14

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածէ էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ յարմար են), Դիտարան 1 Յուլիս եւ Զարթի՛ր 22 Յունիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրելու համար։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, թող հրատարակիչը վկայէ առեւտրական թաղամասին մէջ։ Կարելի է այլ իրատես ներկայացումներ գործածել։

20 վյրկ. «Եհովա Իրեն Վստահողներուն կ’Օգնէ»։a Երբ 4–րդ պարբերութիւնը կը քննարկես, պարփակէ կէտեր՝ Դեկտեմբեր 1999–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն, էջ 4, պարբերութիւն 8-9, եւ Ծառայութեան Դպրոց գիրքէն, էջ 67, պարբերութիւն 2։

15 վյրկ. Ինչո՞ւ Թմրամոլութենէն Խուսափիլ։ Ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Պատճառաբանել գիրքին վրայ, էջ 106-109 (էջ 340-343, Արաբ.)։ Թմրեցուցիչները իբր «ժամանց» գործածելը սովորական բան մըն է։ Շատեր կը պնդեն որ անիկա անվնաս է. իսկ ոմանք նոյնիսկ անոր օրինականացումը կը ջատագովեն։ Քննարկէ թէ ի՛նչպէս կրնանք այսպիսի անհատներու հետ պատճառաբանել։ Պարփակէ կէտեր՝ Զարթի՛ր 8 Նոյեմբեր 1999 թիւէն, էջ 10, շրջագիծ։

Երգեցողութիւն Թիւ 32 եւ փակման աղօթք։

Յունիս 21–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 63

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. «Հրեշտակները Մեզի կ’Օգնեն»։b Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ նշուած համարներուն մասին մեկնաբանեն։

20 վյրկ. Վերին Իմաստութիւնը Բանաւոր Է։ (Յակ. 3։17) Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Ծառայութեան Դպրոց գիրքին վրայ, էջ 251-252։ Ի՞նչ կը նշանակէ բանաւոր ըլլալ։ Անիկա ինչո՞ւ կարեւոր է մեր ծառայութեան մէջ։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Պօղոս առաքեալի օրինակէն։ Հրատարակիչները ի՞նչպէս կրնան տեղական թաղամասին մէջ գտնուող մարդոց ենթահողը նկատի ունենալ։ Ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնել որ բանաւորութիւն ցուցաբերեն։ Կանխաւ կարգադրէ որ մէկ կամ երկու հոգի փորձառութիւններ պատմեն, որոնք բանաւոր մօտեցումին օգուտները ցոյց կու տան։

Երգեցողութիւն Թիւ 34 եւ փակման աղօթք։

Յունիս 28–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 143

12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Յունիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածէ էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ յարմար են), Դիտարան 1 Յուլիս եւ Զարթի՛ր 8 Յուլիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրելու համար։ Իւրաքանչիւր պարագային, թող հրատարակիչը նախ հակիրճ ու բարեկամական խօսք մը ըսէ։ Նշէ թէ ասիկա ընելը կրնայ տանտէրը հանդարտեցնել։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

18 վյրկ. «Ինչո՛ւ Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան Կարիք Ունինք»։c Հայթայթուած հարցումները գործածէ։ Պարփակէ կէտեր՝ «Ձեր Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան Տեսուչին Աջակցեցէք» յօդուածէն, Նոյեմբեր 2002–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, էջ 1։

Երգեցողութիւն Թիւ 28 եւ փակման աղօթք։

Յուլիս 5–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 162

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. Ի՞նչ Պիտի Ըսես։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Յուլիսի եւ Օգոստոսի ընթացքին գրքոյկներ պիտի ներկայացնենք։ Հրատարակիչները տեղական թաղամասին մէջ ո՞ր գրքոյկները ազդու գտած են։ Վերաքաղ ըրէ թելադրուած ներկայացումները՝ Յուլիս 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, էջ 8, կամ՝ այլ թիւերուն մէջ։ Ցցուն ըրէ թէ իւրաքանչիւր ներկայացում կը պարփակէ՝ (1) հարցում մը, (2) համար մը, եւ (3) գրականութեան յիշած մէկ կէտը ուշադրութեան յանձնել։ Մէկ կամ երկու ներկայացում թող ցուցադրուին։ Բոլորը քաջալերէ որ բարի լուրը ներկայացնելու ատեն Աստուածաշունչը գործածեն։

20 վյրկ. Երախաները Իրենց Ծնողներէն Ի՛նչ կ’Ակնկալեն։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Մեծ Ուսուցիչէն Սորվիր գիրքին վրայ, էջ 6-7։ Կենսական է որ երախաները ճշմարիտ պաշտամունքին վերաբերեալ Աստուածաշունչի սկզբունքները սորվին եւ կրթութեան մէջ ծնողներուն խաղցած բանալի դերը հասկնան։ Գիրքը ուսումնասիրելու վերաբերեալ տրուած թելադրութիւնները քննարկէ։ Ծնողներէն խնդրէ որ պատմեն թէ ի՛նչպէս կը գործածեն գիրքը։ Թող մէկ կամ երկու երախաներ պատմեն թէ ինչո՛ւ կը սիրեն այս գրականութիւնը։

Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել