Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, 25 Հոկտեմբեր 2004–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 6 Սեպտեմբերէն մինչեւ 25 Հոկտեմբեր 2004 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշմար. Երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընէք։—Տես՝ Ծառայութեան Դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ի՞նչպէս կրնանք դրական կերպով արտայայտուիլ, երբ մեր քրիստոնէական գործունէութեան մէկ երեսակին մասին դասախօսութիւն տանք։ [կօ էջ 203 պարբ. 3-4]
2. Ի՞նչ է կրկնումը, եւ ինչո՞ւ կարեւոր է։ [կօ էջ 206 պարբ. 1-4]
3. Ի՞նչպէս կրնանք մեր դասախօսութիւններուն բնաբանը շեշտել։ [կօ էջ 210 պարբ. 1-5, շրջանակ]
4. Ի՞նչպէս կրնանք մեզի նշանակուած դասախօսութեան գլխաւոր կէտերը որոշել։ [կօ էջ 212 պարբ. 1-4]
5. Ինչո՞ւ պէտք է զգոյշ ըլլանք որ գլխաւոր կէտերը շատ չըլլան։ [կօ էջ 213 պարբ. 2-4]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ջրհեղեղէն առաջ ի՞նչ զարգացումներ հաւանաբար դժուարացուցին որ մարդիկ հաւատան թէ իրենց շուրջ գտնուող բաները վերջ պիտի գտնեն։ [w02 3/1 էջ 5-6]
7. Ինչո՞ւ ուշադրութեան արժանի է թէ Յիսուսի ժամանակակիցները զինք «Վարդապետ» կոչեցին, եւ ոչ թէ՝ «Բժիշկ»։ (Ղուկ. 3։12. 7։40) [դ02 5/1 էջ 3 պարբ. 3. էջ 4 պարբ. 7]
8. Առակաց 11։24, 25–ը ի՞նչպէս ուշագրաւ կը դարձնէ դաշտի ծառայութեան մէջ լման մասնակցութիւն բերելուն արժէքը։ [w02 7/15 էջ 30 պարբ. 2-4]
9. Եդեմի մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութիւնը բարոյական ի՞նչ հարց յարուց, եւ այդ ըմբոստութեան հետեւանքները ի՞նչ եղան։ (Ծննդ. 3։1-6) [դ02 10/1 էջ 5 պարբ. 6. էջ 6 պարբ. 2-3]
10. Երուսաղէմի մէջ ճշմարիտ պաշտամունքի վերահաստատման թուականը ի՞նչպէս կ’որոշուի։ [si էջ 285 պարբ. 5]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Որովհետեւ Բաղաամի ըսաւ որ Բարակի մարդոց հետ երթայ, Եհովա ինչո՞ւ բարկացաւ երբ Բաղաամ անոնց հետ գնաց։ (Թուոց 22։20-22)
12. Քրիստոնեայ կնոջ մը ամուսինը կրնա՞յ անոր ուխտերը անվաւեր դարձնել։ (Թուոց 30։6-8)
13. Ներկայիս «ապաստանի քաղաք»ները ի՞նչ կը ներկայացնեն։ (Թուոց 35։6) [դ96 3/1 էջ 27 պարբ. 8]
14. Բառացիօրէ՞ն պէտք է հասկցուի Բ. Օրինաց 6։6-9–ի մէջ տրուած պատուէրը թէ Աստուծոյ օրէնքները «ձեռքիդ վրայ կապէ ու ճակատանոցի համար աչքերուդ մէջտեղը թող ըլլան»։
15. «Քու վրայէդ լաթերդ չհինցան» արտայայտութիւնը կը նշանակէ՞ թէ Իսրայելացիներուն յարատեւաբար նոր հագուստներ կը հայթայթուէին։ (Բ. Օր. 8։4)