Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Հոկտեմբեր 11–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերէ որ իրենց նոթերը աչքէ անցընեն՝ գործածելով առաջին էջի հարցումները, առ ի պատրաստութիւն «Աստուծոյ Հետ Քալեցէք» Նահանգային Համաժողովի յայտագրին քննարկման, յառաջիկայ Ծառայութեան Ժողովին։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ յարմար են), Դիտարան 1 Նոյեմբեր եւ Զարթի՛ր 22 Հոկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Հրատարակիչները քաջալերէ որ իրենց ներկայացումին մէջ համար մը պարփակեն։ Կարելի է այլ իրատես ներկայացումներ գործածել։
15 վյրկ. Ուրիշներուն Օգնելով Ուրախացիր։ (Յովհ. 4։34) Հարցազրոյցներ։ Ուրախութիւն է նկատել անհատի մը գնահատանքը, երբ Աստուծոյ Խօսքէն ճշմարտութիւններ սորվի։ (w94 3/1 էջ 29 պարբ. 6-7) Երկու կամ երեք հրատարակիչներու կամ ռահվիրաներու հետ հարցազրոյց ունեցիր, որոնք ծառայութեան ընթացքին Աստուածաշունչը գործածելու եւ ուսումնասիրութիւններ սկսելու եւ վարելու մէջ ատակ են։ Անոնք ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը ի՞նչպէս կը մշակեն։ Ասիկա ընելով ի՞նչ ուրախութիւն կը գտնեն։ Իրենց ծառայութենէն փորձառութիւններ թող պատմեն կամ խաղարկեն։
20 վյրկ. «Նոր Գրքոյկը Բաշխելու Մասնայատուկ Արշաւ»։a Նիւթը նկատի պիտի առնուի ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ Թելադրուած ներկայացումները ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, տանտէրը պատգամին հանդէպ չնչին հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ, եւ գրքոյկին տեղ թերթիկ մը կը ներկայացուի իրեն։
Երգեցողութիւն Թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 18–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 127
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Համառօտաբար վերաքաղ ըրէ նոր գրքոյկը բաշխելու մասնայատուկ արշաւին վերաբերեալ կարգադրութիւնները։
40 վյրկ. «Նահանգային Համաժողովը Մեզ կը Խթանէ Աստուծոյ Հետ Քալելու»։ Նիւթը նկատի պիտի առնուի երէցի մը կողմէ։ Մէկ վայրկեան կամ աւելի նուազ տեւող բացման խօսքէն ետք, ներկաներուն հետ նկատի առ համաժողովի յայտագիրը, գործածելով յօդուածին հարցումները։ Իւրաքանչիւր հարցումին բաւարար ժամանակ տրամադրէ, իսկ կարգ մը հարցումներուն համար կրնաս մէկ պատասխանով գոհանալ։ Քննարկման ընթացքին բոլոր նշուած համարները կարելի չէ կարդալ. անոնց նպատակն է դիւրացնել պատասխան գտնելը։ Մեկնաբանութիւնները պէտք է կեդրոնանան մեր սորվածը կիրարկելէն յառաջ եկած օգուտներուն վրայ։
Երգեցողութիւն Թիւ 55 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 25–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Նոր գրքոյկին վերաբերեալ ներկայացում մը ցուցադրէ, որ տեղական թաղամասին մէջ ազդու է։ Ժամանակին ներած չափով, մասնայատուկ արշաւին կապակցաբար փորձառութիւններ պատմէ։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. Աստուծոյ Խօսքին Թիկունք Կանգնող Ապացոյցներ Հայթայթէ։ Ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Ծառայութեան Դպրոց գիրքին վրայ, էջ 256-257։ Ի՞նչպէս կրնանք արտաստուածաշնչական աղբիւրներէ ապացոյցներ գործածել, մարդոց օգնելու որ Սուրբ Գրութիւններուն տրամաբանական ըլլալը ընդունին։ Ներկաները հրաւիրէ որ հետեւեալ հարցումներուն մասին մեկնաբանեն. Ֆիզիքական տիեզերքէն առնուած ի՞նչ օրինակներ կ’ապացուցանեն Ստեղծիչի մը գոյութիւնը։ (rs էջ 85-86 [էջ 188-189, Արաբ.]) Ի՞նչպէս կրնանք ուսումնականներու կամ մասնագէտներու մեկնաբանութիւնները գործածել, ուրիշներու օգնելու որ տեսնեն թէ Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է։ (rs էջ 62-64 [էջ 334-335, Արաբ.]) Ի՞նչ լուսաբանութիւն կամ համեմատութիւն կրնանք գործածել, ուրիշներու օգնելու որ ըմբռնեն թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ չարութիւնը։ (rs էջ 429 [էջ 249, Արաբ.]) Ի՞նչ փորձառութիւններ կամ օրինակներ գործածած ես, ուրիշներու օգնելու որ Աստուածաշունչի խրատներուն հետեւելու իմաստութիւնը արժեւորեն։
Երգեցողութիւն Թիւ 113 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 1–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բոլորին յիշեցուր որ դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։
20 վյրկ. Օտարախօսներուն Ի՛նչպէս Օգնենք։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Բարի Լուր՝ Բոլոր Ազգերուն գրքոյկի նախաբանին վրայ։ Նոր գրքոյկին յատկանշական երեսակները նշէ։ Բացատրէ երեք քայլերը, որ կրնանք առնել օտարախօսներուն օգնելու համար։ Յուլիս 2003–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին 4–րդ էջէն կարգ մը կէտեր պարփակէ։ Ուշադրութեան յանձնէ թէ Հաճեցէք Հետապնդել (S-43) պատճենը պէտք է լեցնել, նոյնիսկ եթէ անհատը Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ հետաքրքրութիւն չցուցաբերէ։ Թող ցուցադրութիւն մը ցոյց տայ նոր գրքոյկը գործածելու կերպը։
15 վյրկ. Տեղական փորձառութիւններ։ Ներկաներէն խնդրէ որ նոր գրքոյկը բաշխելու մասնայատուկ արշաւին վերաբերեալ փորձառութիւններ պատմեն։ Կանխաւ կարգադրէ որ ուշագրաւ փորձառութիւնները խաղարկուին։ Եթէ ժողովքին ունեցած գրքոյկներուն քանակը սպառուելու վրայ է, աւելորդ օրինակներ ունեցողներէն խնդրէ որ զանոնք գրականութեան ծառային վերադարձնեն։
Երգեցողութիւն Թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։