Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Փետրուար 14–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ կը յարմարին), Դիտարան 1 Մարտ եւ Զարթի՛ր 22 Փետրուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Համառօտաբար նկատի առ թէ ի՛նչպէս կարելի է ներկայացումի նմոյշները յարմարցնել տեղական թաղամասի կարիքներուն։—Տես՝ Յունուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 8։
35 վյրկ. «Յիշատակատօնի Շրջանը՝ Յաւելեալ Գործունէութեան Ժամանակ Է»։a Նիւթը նկատի թող առնուի ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ Երբ 6–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, մէջբերէ կարգ մը կէտեր Զարթի՛ր 8 Սեպտեմբեր 2004 թիւէն, էջ 12-13։ Ծանուցանէ օժանդակ ռահվիրաներու անունները։ Յիշէ դաշտի ծառայութեան յաւելեալ ժողովները։ Բոլորը քաջալերէ որ իրենց հոգեւոր գործունէութիւնը կերպով մը աւելցնեն այս Յիշատակատօնի շրջանին։
Երգեցողութիւն Թիւ 14 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 21–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 152
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Էջ 6–ի վրայ գտնուող «Անոնց Օգնէ Յաւելեալ Վկայութիւն Ստանալու» խորագրով շրջանակին գլխաւոր կէտերը նկատի առ։ Բոլորը քաջալերէ որ Հաճեցէք Հետապնդել (S-43) պատճենը փութով լեցնեն, երբ կարիքը ծագի։
20 վյրկ. «Եհովայի Ողորմութեան Համար Շնորհակալ Եղիր»։b Ծանուցանէ Յիշատակատօնին ժամն ու վայրը, նաեւ դասախօսին անունը եւ յարակից այլ մանրամասնութիւններ։ Երբ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, ցուցադրութիւն մը պարփակէ, ուր հրատարակիչը կանոնաւորաբար պարբերաթերթ առնող մը Յիշատակատօնի կը հրաւիրէ։ Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսերը մատչելի պէտք է ըլլան ժողովէն ետք, եթէ նախապէս մատչելի չէին։
15 վյրկ. «Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք՝ Մաս 6»։c Չորս վայրկեան տեւող ցուցադրութիւն մը պարփակէ, որուն մէջ Աստուածաշունչի աշակերտը կը հարցնէ թէ Յիշատակատօնի ներկաներէն ինչո՞ւ միայն քանի մը հոգի հացին ու գինիին կը մասնակցին։ Հրատարակիչը զինք կը գովէ իր հարցումին համար, զայն գրի կ’առնէ, ապա կը թելադրէ որ անոր մասին խօսին՝ ուսումնասիրութեան նիւթը նկատի առնելէն ետք։ Դասին աւարտին, հրատարակիչը աշակերտին ուշադրութեան կը յանձնէ՝ «Որո՞նք հացին ու գինիին կը մասնակցին» հարցումին ներքեւ գտնուող տեղեկութիւնները Պատճառաբանել գիրքին մէջ, էջ 267-268 (կամ՝ էջ 211-212, Արաբ.)։ Անոնք նիւթը միասնաբար կը կարդան, եւ աշակերտը շնորհակալութիւն կը յայտնէ որ իր հարցումին յստակ պատասխան ստացաւ։
Երգեցողութիւն Թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 28–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 127
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Փետրուար ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ կը յարմարին), Դիտարան 1 Մարտ եւ Զարթի՛ր 8 Մարտ թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է իրատես այլ ներկայացումներ գործածել։ Ներկայացումներէն մէկուն վերջաւորութեան, հրատարակիչը թող տանտէրը Յիշատակատօնի հրաւիրէ, գործածելով Զարթի՛ր 8 Մարտ թիւին վերջին էջը։
20 վյրկ. Տկարներով Հետաքրքրուիր։ (Գործք 20։35) Մէկ վայրկեանէն նուազ տեւող բացման խօսքէն ետք, հարց–պատասխանով նկատի առ Դիտարան 1 Յուլիս 2004, էջ 28-29, պարբերութիւն 12-16, Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան վարուած կերպով։ Լաւ ընթերցող եղբայր մը թող կարդայ պարբերութիւնները։ Գլխաւորաբար կեդրոնացիր թէ ի՛նչպէս տեղեկութիւնները կարելի է կիրարկել մօտալուտ Յիշատակատօնին ու մասնաւոր դասախօսութեան առնչութեամբ։
10 վյրկ. Արթո՛ւն Կեցէք Գրքոյկը Ներկայացուր։ Քննարկէ ու ցուցադրէ ներկայացումներ, որոնք կրնան գործածուիլ Մարտ ամսուան ընթացքին այս գրքոյկը տեղաւորելու։ Կարելի է գործածել Յունուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկի յաւելուածականին մէջի ներկայացումի նմոյշները, կամ՝ տեղական թաղամասին մէջ գործնական եղող այլ ներկայացումներ։
Երգեցողութիւն Թիւ 222 եւ փակման աղօթք։
Մարտ 7–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 123
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ «Յիշատակատօնի Վերաբերեալ Վերյիշեցումներ» շրջանակին գլխաւոր կէտերը աչքէ անցուր։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Ծառայութեանդ Մէջ Պարբերաթերթեր Ներկայացուր»։d Երբ 3 եւ 4–րդ պարբերութիւնները նկատի կ’առնես, նիւթը տեղականօրէն կիրարկէ։ Համառօտակի տեսակցութիւն ունեցիր մէկ կամ երկու հրատարակիչներու հետ, որոնք պարբերաթերթեր տեղաւորելու մէջ ատակ են, երբ կը վկայեն առեւտրական շրջաններու մէջ, փողոցը, հանրային վայրերու մէջ կամ անպաշտօն կերպով։ Անոնցմէ խնդրէ որ բացատրեն թէ ծառայութեան այս երեսակներուն մէջ պարբերաթերթերը ի՛նչպէս կը ներկայացնեն։ Համառօտաբար ներկայացում մը ցուցադրէ կամ փորձառութիւն մը խաղարկէ։
Երգեցողութիւն Թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
d Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։