Մաս 6. Աստուածաշունչի Յառաջդիմական Ուսումնասիրութիւններ Վարենք
Երբ Աշակերտը Հարցում մը Ուղղէ
1 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատուելէ ետք, սովորաբար լաւագոյն բանն է Աստուածաշունչի ուսուցումները կարգաւ նկատի առնել, փոխանակ մէկ նիւթէն միւսին ցատկելու։ Ասիկա աշակերտին կ’օգնէ ճշգրիտ գիտութեան հաստատ հիմ դնելու եւ հոգեւորապէս յառաջդիմելու։ (Կող. 1։9, 10) Սակայն յաճախ աշակերտները ուսումնասիրութեան ընթացքին զանազան նիւթերու շուրջ հարցումներ կ’ուղղեն։ Ասոնք ի՞նչպէս կրնաս ձեռք առնել։
2 Խորատես Եղիր. Ուսումնասիրութեան նիւթին առնչուած հարցումներուն սովորաբար կարելի է տեղւոյն վրայ պատասխանել։ Եթէ հարցումը հետագային նկատի պիտի առնուի ուսումնասիրութեան գրականութեան մէջ, կրնաս պարզապէս այս մէկը նշել։ Սակայն եթէ հարցումը ուսումնասիրութեան նիւթին հետ կապ չունի կամ պատասխանը պրպտում կը պահանջէ, լաւ կ’ըլլայ որ զայն նկատի առնես ուսումնասիրութենէն ետք կամ ուրիշ ատեն։ Ոմանք նկատած են թէ հարցումը գրի առնելը աշակերտին ցոյց կու տայ թէ իր հարցումը լուրջի կ’առնուի, եւ կ’օգնէ ուսումնասիրութեան նիւթէն չշեղելու։
3 Աստուածաշունչի ուսուցումներէն շատեր համառօտաբար բացատրուած են մեր ուսումնասիրութեան հիմնական գրականութիւններուն մէջ։ Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ աշակերտը որոշ ուսուցում մը ընդունելու դժուարութիւն ունի կամ սերտօրէն կառչած է սուտ վարդապետութեան մը։ Շահաւէտ է իրեն հետ յաւելեալ գրականութիւն մը նկատի առնել, որ լման կերպով կը քննարկէ թէ Աստուածաշունչը այդ նիւթին մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ Եթէ աշակերտը տակաւին համոզուած չէ, յետաձգէ նիւթին քննարկումը եւ շարունակէ սովորական ուսումնասիրութիւնը։ (Յովհ. 16։12) Մինչ Աստուածաշունչի իր գիտութիւնը կ’աւելնայ եւ հոգեւորապէս կը յառաջդիմէ, թերեւս կարենայ Աստուածաշունչի այդ ուսուցումը ըմբռնել։
4 Համեստ Եղիր. Եթէ պատասխանէն վստահ չես, անձնական կարծիքդ տալու փորձութեան դէմ դիր։ (Բ. Տիմ. 2։15. Ա. Պետ. 4։11) Բացատրէ թէ կէտին շուրջ պրպտում պիտի ընես եւ պատասխանը պիտի բերես։ Նոյնիսկ կրնաս այս առիթը օգտագործել աշակերտին սորվեցնելու պրպտում ընելու կերպը։ Աստիճանաբար անոր ցոյց տուր Եհովայի կազմակերպութեան հայթայթած պրպտումի գործիքները գործածելու կերպը։ Այս կերպով, ան ի վերջոյ պիտի կարենայ պատասխանել իր անձնական հարցումներուն։—Գործք 17։11