Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, 25 Ապրիլ 2005–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 7 Մարտէն մինչեւ 25 Ապրիլ 2005 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշմար. Երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընես։—Տես՝ Ծառայութեան դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Դասախօսութիւն մը պատրաստելու ատեն, ի՞նչպէս կրնանք մեզի նշանակուած նիւթէն լաւագոյնս օգտուիլ, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ [կօ էջ 234 պարբ. 1-3, շրջանակներ]
2. Նշանակուած նիւթէն ո՞րքան դասախօսութեան մէջ պէտք է ջանանք ծածկել։ [կօ էջ 234 պարբ. 4–էջ 235 պարբ. 1]
3. Ի՞նչպէս կրնանք հարցումներ գործածել դաշտի ծառայութեան մէջ խօսակցութիւն քաջալերելու համար։ (Գործք 8։30, 31) [կօ էջ 236 պարբ. 2-5]
4. Ի՞նչպէս կրնանք հարցումներ գործածել Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնելու որ իրենց ‘բանաւորութիւնը’ գործածեն։ (Հռովմ. 12։1) [կօ էջ 238 պարբ. 1]
5. Հռովմայեցիս 8։31, 32 եւ Եսայեայ 14։27–ի մէջ ուղղուած հարցումներուն ազդեցութիւնը ի՞նչ է։ [կօ էջ 239 պարբ. 1-2]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ի՞նչպէս կրնանք ‘Քրիստոսը որպէս հիմ դնել’ մեր աշակերտելու գործին մէջ։ (Ա. Կորն. 3։11) [կօ էջ 278 պարբ. 1-2]
7. Որովհետեւ Եհովա իր Որդիին իշխելու լման հեղինակութիւն շնորհեց 1914–ին, ի՞նչ ըսել կ’ուզենք երբ կ’աղօթենք՝ «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։ (Մատթ. 6։9, 10) [կօ էջ 279 պարբ. 4]
8. Ինչո՞ւ բոլոր Քրիստոնեաները պէտք է հետաքրքրուած ըլլան կարդալու կարողութեամբ, իսկ Յիսուս այս ուղղութեամբ ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։ [w03 3/15 էջ 10 պարբ. 5. էջ 12 պարբ. 2]
9. Յովսիայի եւ Յիսուսի օրինակները ի՞նչպէս կրնան դեռատիներուն օգնել հոգեւորապէս յառաջդիմելու։ [w03 4/1 էջ 8 պարբ. 3-4. էջ 10 պարբ. 3]
10. Ինչո՞ւ կրնանք Աստուծոյ վստահիլ։ (Առ. 3։5, 6) [w03 11/1 էջ 4 պարբ. 6-7]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Աննա ինչո՞ւ աղօթեց որ Եհովա ‘իր թագաւորին ոյժ տայ’, երբ Իսրայէլի վրայ մարդկային թագաւոր մը չկար։ (Ա. Թագ. 2։10)
12. Ի՞նչ կը սորվինք այն իրողութենէն թէ Իսրայէլ պարտութիւն կրեց՝ ուխտի տապանակը իրենց մէջ ունենալով հանդերձ։ (Ա. Թագ. 4։3, 4, 10)
13. Ա. Մնացորդաց 2։13-15–ը ինչո՞ւ Դաւիթի կ’ակնարկէ որպէս Յեսսէի եօթներորդ որդին, մինչ Ա. Թագաւորաց 16։10, 11–ը կը նշէ թէ ան ութերորդ որդին էր։
14. Ի՞նչ «չար ոգի» Սաւուղի նեղութիւն տուաւ։ (Ա. Թագ. 16։14)
15. Ենդովրի վհուկ կնոջ միջոցով «Սամուէլի» ըրած նախագուշակութիւնը ճշգրի՞տ էր։ (Ա. Թագ. 28։16-19)