Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու վերայցելէք, պարփակելով անոնք որ Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուած են, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, ջանացէք տեղաւորել Աստուած պաշտեցէք գիրքը։ Ամէն ջանք թափեցէք Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւն մը սկսելու, յատկապէս եթէ ոմանք արդէն ուսումնասիրած են Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը պահանջէ գրքոյկը։ Յունիսին. Մեծ Ուսուցիչէն սորվիր։ Եթէ անհատը ըսէ թէ զաւակներ չունի, ներկայացուցէք Ընտանիք գիրքը կամ Գիտութիւն գիրքը, ջանալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Յուլիսին. Գիտութիւն գիրքը կամ Ի՛նչ կը պահանջէ գրքոյկը։ Եթէ տանտէրը արդէն զանոնք ունի, ներկայացուցէք այլ յարմար գրքոյկ մը, որ ժողովքը ունի։
◼ Ապրիլէն սկսեալ, 2005–ի նահանգային համաժողովի լանջանշանները ինքնաբերաբար պիտի ուղարկուին գրականութեան առաքումին հետ։ Հարկ չկայ ապսպրել զանոնք, բացի եթէ օտարախօս խումբ մը կ’ընկերակցի ձեր ժողովքին։ Լանջանշանները պիտի ուղարկուին 25–ական ծրարներով, իւրաքանչիւր ժողովքի ծաւալին համաձայն։ Եթէ ժողովքը յաւելեալ լանջանշաններու պէտք ունենայ, զանոնք կրնաք ապսպրել Գրականութիւններու ապսպրանքի պատճեն–ով (S-14)։ Ժողովքէն անոնք որ կը փափաքին լանջանշանի կերպընկալ պատեաններ ունենալ, պէտք է ապսպրեն զանոնք։
◼ Մասնաճիւղին համար անհրաժեշտ է, վերակացու տեսուչներու եւ քարտուղարներու ընթացիկ հասցէներն ու հեռախօսի թիւերը ունենալ։ Եթէ որեւէ ատեն փոփոխութիւն ըլլայ, Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը Վերակացու տեսուչի/քարտուղարի հասցէի փոփոխութիւն (S-29) պատճեն պէտք է լեցնէ, ստորագրէ եւ փութով մասնաճիւղ ուղարկէ։ Ասիկա կը պարփակէ հեռախօսի քոտ–երու որեւէ փոփոխութիւն։
◼ Ժողովքի քարտուղարը հետեւեալ պատճեններէն բաւարար քանակ պէտք է ունենայ. Կանոնաւոր ռահվիրայական ծառայութեան դիմումնագիր (S-205) եւ Օժանդակ ռահվիրայական ծառայութեան դիմումնագիր (S-205b)։ Ասոնք կրնան ապսպրուիլ Գրականութիւններու ապսպրանքի պատճեն–ով (S-14)։ Առնուազն մէկ տարուան պահեստ ունեցէք։ Կանոնաւոր ռահվիրայութեան բոլոր դիմումնագիրները ուղարկելէ առաջ, վստահ եղէք որ ամբողջացուած են։