Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Նշմար. Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը ամառուան ընթացքին իւրաքանչիւր շաբթուան համար Ծառայութեան Ժողով մը պիտի յայտագրէ։ Ժողովքները կրնան կարիքին համաձայն ճշդումներ ընել, նկատի ունենալով «Աստուծոյ հնազանդիլ» նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուիլը։ Ուր յարմար է, համաժողովէն առաջ տեղի ունենալիք վերջին Ծառայութեան Ժողովին ընթացքին, 15 վայրկեան տրամադրեցէք այս ամսուան յաւելուածականէն յարմար խրատներ ու յիշեցումներ վերաքաղ ընելու համար։ Ձեր համաժողովէն մէկ կամ երկու ամիս ետք, Ծառայութեան Ժողովին մէջ 15-20 վայրկեան յատկացուցէք (թերեւս տեղական կարիքներուն բաժինը), վերաքաղ ընելու համաժողովին այն ուշագրաւ կէտերը, որ հրատարակիչները դաշտի ծառայութեան մէջ օգտակար գտած են։ Ասիկա մեզի պատեհութիւն պիտի տայ բացատրելու թէ համաժողովին մեր սորված բաները ի՛նչպէս կը գործածենք, մեր ծառայութիւնը աւելի ազդու դարձնելով։
Ապրիլ 11–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ կը յարմարին), Դիտարան 1 Մայիս եւ Զարթի՛ր 22 Ապրիլ թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ իրատես ներկայացումներ գործածել։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, հրատարակիչը փողոցի վկայութեան կը մասնակցի։
15 վյրկ. «Քարոզելու մէջ յարատեւէ»։a Ժամանակին ներած չափով, ներկաներէն խնդրէ որ նշուած համարներուն մասին մեկնաբանեն։
15 վյրկ. «Բարիք ըրէ եւ ուրիշներուն օգնէ»։b Նիւթը տեղական կարիքին համաձայն կիրարկէ, յիշելով գործնական կերպեր՝ որոնցմով կրնանք ուրիշներուն օգնել։
Երգեցողութիւն թիւ 47 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 18–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
20 վյրկ. «Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք՝ մաս 8»։c Համառօտ ցուցադրութիւն մը պարփակէ, որուն մէջ հրատարակիչը Աստուածաշունչի նոր աշակերտին կու տայ Եհովայի Վկաներ—որո՞նք են. ի՞նչ են իրենց հաւատալիքները գրքոյկը։ Հրատարակիչը ուշադրութեան կը յանձնէ էջ 20–ի պատկերը եւ համառօտաբար կը նկարագրէ Հանրային Ժողովը։ Ան յաջորդ հանրային դասախօսութեան բնաբանը կը յիշէ եւ աշակերտը կը հրաւիրէ ներկայ գտնուելու։
15 վյրկ. Ելեկտրոնի դարուն մէջ զգաստութեամբ ապրինք։ (Տիտ. 2։11, 12) Դասախօսութիւն՝ հիմնուած Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին վրայ, Սեպտեմբեր 2002, էջ 8, պարբերութիւն 1-7, Նոյեմբեր 1999, էջ 5, պարբերութիւն 24-26, եւ էջ 6, պարբերութիւն 35-36։ Ժամանակին ներած չափով, Նոյեմբեր թիւէն կրնաս յաւելեալ կէտեր պարփակել, որոնք տեղականօրէն կիրարկելի են։
Երգեցողութիւն թիւ 34 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 25–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 28
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Ապրիլ ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ կը յարմարին), Դիտարան 1 Մայիս եւ Զարթի՛ր 8 Մայիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ իրատես ներկայացումներ գործածել։ Ներկայացումներէն մէկուն մէջ ցոյց տուր «Հետաքրքրուած չեմ» խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը ձեռք առնելու կերպը։ (Տես՝ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 16։) Յիշէ այն յօդուածները որ թաղամասին աւելի գրաւիչ են։
30 վյրկ. «Մեծ համախմբումին մէջ Եհովան գովաբանէ»։d Նիւթը նկատի պիտի առնուի ժողովքի քարտուղարին կողմէ։ Յիշէ թէ ժողովքը ո՛ր համաժողովին նշանակուած է։ Պարբերութիւնները նկատի առ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան մեթոտով։ Թող պարբերութիւնները կարդայ նշանակուած ընթերցող մը։ Վերաքաղ ըրէ «Նահանգային համաժողովի վերաբերեալ յիշեցումներ» շրջանակը։
Երգեցողութիւն թիւ 127 եւ փակման աղօթք։
Մայիս 2–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 10
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Համառօտաբար վերաքաղ ըրէ «Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկը ուսումնասիրել» յօդուածը, էջ 6–ի վրայ։ Յիշէ թէ այս նիւթը կը պարփակէ գրքոյկը ուսումնասիրելու յայտագիրը, որ պիտի սկսի Մայիս 23–ով սկսող շաբաթը։ Բոլորը քաջալերէ որ ամէն շաբաթ լաւ պատրաստուին եւ ուսումնասիրութեան մասնակցին։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Ամէն տեսակ մարդիկ պիտի փրկուին»։e Նիւթը գործնական կերպով կիրարկէ տեղական թաղամասին։
Երգեցողութիւն թիւ 112 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
d Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
e Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։