Ամէն տեսակ մարդիկ պիտի փրկուին
1. Աստուած մեզ կ’ընդունի ի՞նչ բանի հիման վրայ։
1 Աստուծոյ շնորհքը փրկութեան ճամբան բացած է։ Եհովայի կամքն է որ «բոլոր [«ամէն տեսակ», ՆԱ] մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմ. 2։3, 4) Աստուած մեզ կ’ընդունի ո՛չ թէ մեր ցեղին, ընկերային մակարդակին, կարողութիւններուն կամ դրսերեւոյթին պատճառով, այլ՝ քանի որ Յիսուսի փրկանքի զոհին հաւատք կ’ընծայենք։ (Յովհ. 3։16, 36) Աստուծոյ գործակիցները ըլլալով, ամէն կանխադատութենէ պէտք է ձերբազատուինք, որ կրնայ մեր սիրտը մղել անհատներ մերժելու, որոնք ընդունելի են Եհովայի կողմէ։
2, 3. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ անհատները չդատենք իրենց դրսերեւոյթին համաձայն։
2 Դատելէ զգուշացիր. Եհովա մարդոց ներքին անձնաւորութեան կը նայի, առանց չարամտութեան կամ աչառութեան։ (Ա. Թագ. 16։7) Ան նաեւ կը տեսնէ թէ անոնք ի՛նչ կրնան ըլլալ։ Ուստի ան զինք հաճեցնել ուզողները կը նկատէ ցանկալի բաներ։ (Անգ. 2։7) Ուրիշները Աստուծոյ տեսանկիւնէն կը դիտե՞ս։
3 Ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած անհատներէն ոմանց երեւոյթը կրնայ մեզ ցնցել։ Ոմանք թափթփած կամ անպատշաճ հագուստներ կը հագնին, չսանտրուած մօրուք ունին, իրենց քթին կամ շրթունքին վրայ օղեր կը դնեն։ Ոմանք տնազուրկ են։ Իսկ ուրիշներ թերեւս մեր հետ կոպտօրէն վարուին։ Փոխանակ այսպիսիները դատելու, խորհելով թէ անոնք երբեք Եհովայի երկրպագու մը չեն կրնար ըլլալ, դրական տեսակէտ պէտք է ունենանք, քանի որ «մենք ալ ատեն մը անմիտ էինք, անհնազանդ, մոլորեալ»։ (Տիտ. 3։3) Ասոր գիտակցելով պիտի ջանանք ամէն անհատի քարոզել, նոյնիսկ անոնց՝ որ կրնան անարժէք նկատուիլ։
4, 5. Յիսուսի ու Պօղոսի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։
4 Առաջին դարու օրինակներ. Յիսուս Քրիստոս ժամանակ տրամադրեց օգնելու անոնց որ անընդունելի կը նկատուէին ուրիշներու կողմէ։ (Ղուկ. 8։26-39) Թէեւ ան մեղաւոր արարքներուն աչք չէր գոցեր, սակայն գիտէր թէ մարդիկ կրնային վատ ընթացքի գերի դառնալ։ (Ղուկ. 7։37, 38, 44-48) Ուստի ան հասկացողութիւն ցուցաբերեց ու «խղճաց անոնց վրայ, վասն զի հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին»։ (Մար. 6։34) Կրնա՞նք զինք լիովին ընդօրինակել։
5 Պօղոս առաքեալ քարկոծուեցաւ, ծեծուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ։ (Գործք 14։19. 16։22, 23) Այս անախորժ փորձառութիւնները պատճառ եղա՞ն որ ան դառնանայ ու եզրակացնէ թէ որոշ ազգերու եւ էթնիքական խումբերու մէջ իր ժամանակը կը վատնէ։ Բնաւ երբեք։ Ան գիտէր թէ բոլոր էթնիքական խումբերուն մէջ պարկեշտամիտ անհատներ կային, եւ վճռած էր զանոնք գտնել։ Թաղամասիդ մէջ տարբեր ենթահող եւ մշակոյթ ունեցողները նոյն կերպով կը նկատե՞ս։
6. Ժողովներուն մէջ նորեկներուն հանդէպ մեր կեցուածքը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ անոնց վրայ։
6 Ներկայիս ուրիշները սիրով ընդունիլ. Աստուծոյ ժողովուրդէն շատեր ուրախ են որ ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը զիրենք սիրով ընդունեցին, դրսերեւոյթէն անդին նայելով։ Չսանտրուած մօրուքով, մինչեւ ուսերը հասնող մազերով եւ աղտոտ հագուստներ հագած մարդ մը, Գերմանիայի մէջ Թագաւորութեան Սրահ մը մտաւ։ Ան վատ համբաւ ունէր։ Այսուհանդերձ ան սրահին մէջ լաւ ընդունելութիւն գտաւ։ Ան ա՛յնքան տպաւորուեցաւ որ շաբաթ մը ետք վերադարձաւ։ Քիչ ժամանակ ետք, ան իր երեւոյթը մաքրեց, ծխելը դադրեցուց եւ իր ամուսնութիւնը օրինականացուց։ Շատ չանցած, այս ամոլը եւ իրենց զաւակները սկսան Եհովայի ծառայել որպէս միացած ընտանիք։
7. Ի՞նչպէս կրնանք մեր անաչառ Աստուածը ընդօրինակել։
7 Մեր անաչառ Աստուածը ընդօրինակելով, ամէն անհատ հրաւիրենք որ Աստուծոյ շնորհքէն օգտուի։
[Մէջբերում՝ էջ 3]
«Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։—Գործք 10։34, 35