Մեծ համախմբումին մէջ Եհովան գովաբանէ
1, 2. Նահանգային համաժողովը մեզի ի՞նչ պատեհութիւն կը ներկայացնէ, եւ ի՞նչ կերպերով կրնանք ասիկա իրագործել։
1 Ամէն տարի մեր նահանգային համաժողովները Եհովան փառաւորելու հոյակապ պատեհութիւն կը հայթայթեն մեզի։ Մենք ալ Դաւիթի զգացումները կը բաժնենք, որ տաղերգեց. «Մեծ ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ, մեծ բազմութեան մէջ քեզ պիտի օրհնեմ»։ (Սաղմ. 35։18) «Աստուծոյ հնազանդիլ» բնաբանով մօտալուտ նահանգային համաժողովին ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան կը փառաբանենք որպէս միակամ ժողովուրդ։
2 Նախ՝ Եհովան կը փառաւորենք մեր վարքով։ Համաժողովի համալիրի մը վարչութիւնը ըսաւ. «Ձեր օրինակէն սորվելով, համալիրը վարձել փափաքող կրօնական խումբերուն ըսած ենք որ գան ու տեսնեն թէ ի՛նչպէս Եհովայի Վկաները կատարելապէս կը կազմակերպեն մեծ համագումարներ»։ Մեր երեւոյթով, համագործակցութեամբ եւ վարքով, իւրաքանչիւրս կը նպաստենք որ մեր Աստուածը այսպիսի արտայայտութիւններով փառաբանուի։—Ա. Պետ. 2։12
3, 4. Համեստութիւնը ի՞նչպէս պիտի օգնէ մեզի որ քրիստոնէավայել կերպով հագնինք, թէ՛ համաժողովին եւ թէ նիստերէն ետք։
3 Անձնական երեւոյթ. Համեստութիւնը կ’օգնէ որ այնպէս մը հագուինք ու յարդարուինք որ Եհովայի փառաբանութիւն գայ։ (Ա. Տիմ. 2։9) Ծառայութեան Դպրոց գիրքը, էջ 132–ի մէջ կ’ըսէ. «Համեստ անհատ մը զգոյշ է որ անտեղիօրէն ուրիշները չնեղացնէ եւ ինքն իր անձին վրայ անտեղի ուշադրութիւն չհրաւիրէ»։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, անհամեստ հագուելակերպը սովորական դարձած է։ Սակայն Եհովա կը գնահատէ մեր թափած ջանքերը՝ զինք պատշաճօրէն ներկայացնելու համար։ (Գործք 15։14) Թէեւ համաժողովը կրնայ մարզական կեդրոնի կամ զբօսավայրի մը մէջ տեղի ունենալ, սակայն համաժողովի երեք օրերուն ընթացքին անիկա մեր «մեծ ժողով»ը կը նկատուի։ Ուստի, երբ Եհովայի առջեւ կը հաւաքուինք, տիեզերքի բարձրագոյն Անձնաւորութեան արժանի եղող վայելչութեամբ պէտք է հագուինք։—Ա. Մնաց. 29։11
4 Իւրաքանչիւր օրուան փակման նիստէն ետքն ալ մեր արտաքին երեւոյթին ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։ Հանգիստի ժամանակ կամ ճաշարանը ճաշելու ատեն, կարեւոր է որ մեր հագուելակերպն ու յարդարանքը տակաւին ըլլան այնպէս «ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած» անհատներու։ (Ա. Տիմ. 2։10) Եթէ հագուստ մը աշխարհի մէջ ժողովրդական է, ասիկա չի նշանակեր թէ ընդունելի է։ (Ա. Յովհ. 2։16, 17) Մեր քրիստոնէական գրականութիւններուն մէջ կը գտնենք տղամարդոց ու կիներու համեստ եւ կոկիկ հագուստներու օրինակներ։ Համաժողովի քաղաքին մէջ մեր լանջանշանները դնելը պիտի յիշեցնէ թէ մենք ամէն ատեն Քրիստոնեայ քարոզիչներ ենք։—Բ. Կորն. 6։3, 4
5, 6. Եհովայի հոգեւոր սեղանը ի՞նչպէս կրնանք յարգել։
5 Եհովայի սեղանը յարգել. Տիեզերքի Գերիշխան Տէրը մեր առջեւ սեղան պատրաստած է։ (Եսայ. 25։6. Ա. Կորն. 10։21) Եթէ Եհովայի հոգեւոր սեղանէն ճաշակելը մեծապէս կ’արժեւորենք, պիտի ծրագրենք համաժողովի երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուիլ։ Իջեւանելու, փոխադրուելու եւ գործէն արձակուրդ առնելու հարցերը կարգի դրա՞ծ ես։ Պատրաստութեան ու ճամբորդութեան համար բաւարար ժամանակ յայտագրա՞ծ ես, որպէսզի կարենաս համաժողովի վայրը կանուխ հասնիլ, նստարան գտնել, եղբայրներուդ հետ ընկերակցիլ, եւ Եհովան փառաբանել՝ բացման երգեցողութեամբ ու աղօթքով։—Սաղմ. 147։1
6 Եհովայի սեղանը յարգելը մեզ պիտի մղէ որ ուշի–ուշով յայտագրին հետեւինք եւ անտեղիօրէն ուրիշներու հետ չխօսինք, չուտենք կամ նրբանցքներուն մէջ չպտըտինք։ Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին միջոցով, Եհովա հիմա հարկ եղած հոգեւոր սնունդը կը հայթայթէ մեզի։ (Մատթ. 24։45) Յայտագրին ո՛չ մէկ մասը պէտք է կորսնցնենք։ Ծնողները իրենց զաւակներուն քով պէտք է նստին եւ անոնց օգնեն որ լիովին օգտուին։—Բ. Օր. 31։12
7. Կէսօրուան ճաշին համար մեզմէ ի՞նչ կը խնդրուի, եւ ինչո՞ւ։
7 Կը խնդրուի որ մեզի հետ ճաշ բերենք, փոխանակ կէսօրուան դադարին համաժողովի վայրը ձգելու, այլուր ճաշելու համար։ Անցեալ տարի պատուիրակներուն մեծամասնութիւնը այս ուղղութեան հետեւեցաւ, եւ ասիկա գովելի է։ Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլայ եթէ այս տարի բոլորն ալ այս ցուցմունքին հետեւին։ (Եբր. 13։17) Այս կարգադրութիւնը մեր եղբայրներուն հետ շինիչ ընկերակցութիւն վայելելու ընտիր պատեհութիւն կը հայթայթէ, եւ միութեան ու խաղաղութեան մթնոլորտ կը յառաջացնէ, որ Եհովայի պատիւ կը բերէ։—Սաղմ. 133։1
8, 9. Համաժողովը Եհովան փառաբանելու յաւելեալ ի՞նչ պատեհութիւն կ’ընծայէ մեզի։
8 Անպաշտօն կերպով վկայել. Համաժողովի երթալ–գալու ժամանակամիջոցին, մեր շրթներով Եհովան փառաբանելու բազմաթիւ պատեհութիւններ ունինք։ (Եբր. 13։15) Թէ՛ ճաշարաններու եւ թէ պանդոկի մէջ, վկայելու առիթներ փնտռենք։ Համաժողովը մեր միտքն ու սիրտը հոգեւոր գանձերով պիտի լեցնէ։ Թող այս բարի բաները բաժնենք մեր հանդիպած անհատներուն հետ։—Ա. Պետ. 3։15
9 «Համախմբումներուն մէջ» Եհովան օրհնաբանելու այս պատեհութեան անհամբեր կը սպասենք։ (Սաղմ. 26։12, ԱՎ) Թող միասնաբար Եհովան գովաբանենք «Աստուծոյ հնազանդիլ» նահանգային համաժողովին։
[Շրջանակ՝ էջ 5]
Նահանգային համաժողովի վերաբերեալ յիշեցումներ
◼ Յայտագրին ժամերը. Յայտագիրը երեք օրերուն ալ պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9։30–ին։ Դռները պիտի բացուին առաւօտեան ժամը 8։00–ին։ Նիստի բացումէն քանի մը վայրկեան առաջ, ատենապետը բեմին վրայ նստած պիտի ըլլայ, մինչ Թագաւորութեան երաժշտութիւն կը նուագուի։ Այդ միջոցին, բոլորս մեր տեղերը պէտք է նստինք, որպէսզի յայտագիրը յարգալից կերպով սկսի։ Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը յայտագիրը պիտի աւարտի կէսօրէ ետք ժամը 5։05–ին, իսկ Կիրակի օրը՝ 4։10–ին։
◼ Կառատան կարգադրութիւններ. Համաժողովի բոլոր վայրերուն մէջ, ուր կառատուներու հսկումը մեզի վստահուած է, ինքնաշարժ շարելու տեղեր անվճար մատչելի պիտի ըլլան առաջին հասնողներուն, իրենց ինքնութիւնը բնորոշելով համաժողովի լանջանշաններով։ Միայն ան որ իր ինքնաշարժին վրայ օրինաւոր արտօնագիր կը կրէ թէ ֆիզիքապէս անկարող է, պիտի կարենայ զայն շարել հո՛ն ուր անկարողներուն վերապահուած է։ Քանի որ սովորաբար տեղերը սահմանափակ են, ինքնաշարժները կարելի եղածին չափ լեցուն թող ըլլան, փոխանակ իւրաքանչիւր ինքնաշարժի մէջ մէկ կամ երկու հոգի ըլլալու։
◼ Նստարաններ ապահովել. Կարելի է աթոռներ ապահովել միմիայն ձեզի հետ ինքնաշարժով ճամբորդողներուն կամ ձեզի հետ նոյն տան մէջ ապրողներուն։
◼ Նուիրատուութիւն. Նահանգային համաժողով մը կազմակերպելը բաւական ծախսի կը նայի։ Կրնանք մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ՝ համաշխարհային գործին ի նպաստ նուիրատուութիւններ ընելով, մեր Թագաւորութեան Սրահին կամ համաժողովի վայրին մէջ։ Համաժողովի վայրին մէջ վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները, «Դիտարան»ին անունով պէտք է ըլլան։
◼ Լսողութեան տկարութիւն. Լսարանին մէջ յայտագիրը պիտի ձայնասփռուի FM–ի մէկ ալիքին վրայ։ Առաջին նիստին սկիզբը ասոր մասին ծանուցում մը պիտի ըլլայ։ Այս կարգադրութենէն օգտուելու համար, ձեզի հետ պէտք է բերէք պզտիկ FM ռատիօ մը եւ ընկալուչներ։
◼ Կէսօրուան ճաշ. Հաճեցէք ձեր ճաշը բերել, փոխանակ կէսօրուան դադարին համաժողովի վայրը ձգելու՝ այլուր ճաշելու համար։ Կրնաք պզտիկ պաղարան մը գործածել, որ կրնայ ձեր աթոռին տակ դրուիլ։ Մեծ պաղարաններ, ապակեայ պահեստամաններ եւ ոգելից ըմպելիներ, համաժողովի շէնքերէն ներս արտօնուած չեն։
◼ Ձայնագրութիւն. Ձայնագրութեան մեքենաները լսարանին ելեկտրական կամ ձայնային սարքերուն պէտք չէ կապուին, եւ կարելի է զանոնք գործածել միայն եթէ ուրիշները չեն խանգարեր։
◼ Նկարել. Եթէ պիտի նկարէք, նիստերու ընթացքին ֆլէշ պէտք չէ գործածէք։
◼ Փէյճըր եւ բջիջային հեռախօս. Անձայն վիճակի մէջ պէտք է ըլլան, շուրջինները չխանգարելու համար։
◼ Արկածներ եւ շտապ օգնութիւն. Շտապ օգնութեան կեդրոնները գանգատած են թէ ոմանք աննշան հարցերու համար բջիջային հեռախօսով 911 թիւին կը հեռաձայնեն։ Եթէ համաժողովի վայրին մէջ շտապ օգնութեան պարագայ մը ծագի, հաճեցէք ամենամօտ հիւրընկալին հետ խօսիլ, որ իր կարգին անմիջապէս Նախնական Դարմանումի Բաժինին պիտի իմացնէ, որպէսզի որակեալ անհատներ պարագային լրջութիւնը արժեւորեն ու հարկ եղած օգնութիւնը մատակարարեն։ Եթէ անհրաժեշտ է, անոնք 911 թիւին կը հեռաձայնեն։
◼ Ճաշարաններ. Բազմաթիւ տեղեր սովորութիւն է 15-20 առ հարիւր ձեռաձիր ձգել, սպասարկութեան որակին համաձայն։
◼ Պանդոկներ. (1) Հարկ եղածէն աւելի սենեակներ մի՛ վերապահէք, եւ ձեր սենեակը արտօնուած թիւէն աւելի անհատներ մի՛ ունենաք։ (2) Եթէ ձեր վերապահումը պիտի ջնջէք, անմիջապէս պանդոկը տեղեակ պահեցէք։ (3) Պայուսակներ փոխադրելու կառքը առէք, միայն երբ զայն պիտի գործածէք։ (4) Եփել արգիլուած սենեակներուն մէջ մի՛ եփէք։ (5) Ամէն օր ձեռաձիր ձգեցէք սենեակին հոգ տանողին։ (6) Անվճար նախաճաշը, սուրճը կամ զովացուցիչը մի՛ շահագործէք. անոնք իջեւանողներուն համար են, մինչ պանդոկին մէջ են։ (7) Պանդոկի անձնակազմին հանդէպ հոգիին պտուղը ցուցաբերեցէք, մանաւանդ շատ խճողուած ժամանակներուն, ինչպէս՝ ձեր սենեակը ստանալու կամ յանձնելու ատեն։