Նահանգային համաժողովներ. ուրախ պաշտամունքի ժամանակ մը
1. Իսրայէլի տօները ինչպէ՞ս նման էին մեր արդի նահանգային համաժողովներուն։
1 Յովսէփ, Մարիամ, իրենց երեխաները եւ ուրիշներ, կանոնաւորաբար Երուսաղէմ կ’երթային, տարեկան տօներուն ներկայ գտնուելու համար։ Այս առիթներուն, անոնք եւ ուրիշ երկրպագուներ, իրենց առօրեայ հոգերը իրենց ետին ձգելով կը կեդրոնանային իրենց կեանքին աւելի կարեւոր հոգեւոր երեսակներուն վրայ։ Այդ տօները անոնց ժամանակ կու տային, որ Եհովայի բարութեան վրայ խոկան, իր մասին խօսին եւ իր Օրէնքը նկատի առնեն։ Մեր մօտալուտ նահանգային համաժողովները մեզի նոյնանման պատեհութիւններ պիտի ընծայեն, որ ուրախութեամբ Եհովան պաշտենք։
2. Ի՞նչ պէտք է ընենք առ ի նախապատրաստութիւն մօտալուտ նահանգային համաժողովին։
2 Նախապատրաստութեան կարիք կայ։ Նազարէթէն ճամբորդելը կը պահանջէր, որ Յիսուսի ընտանիքը հետիոտն շուրջ 200 քիլոմեթր ճամբայ կտրէր՝ երթալ–գալ։ Թէեւ չենք գիտեր թէ Յիսուս քանի՛ քոյր–եղբայր ունէր, բայց կրնանք երեւակայել թէ ասիկա Յովսէփէն ու Մարիամէն ո՜րքան նախապատրաստութիւն ու ջանք կը պահանջէր։ Մօտալուտ նահանգային համաժողովի երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուելու համար անհրաժեշտ պատրաստութիւնները ըրա՞ծ ես։ Թերեւս ասիկա պահանջէ որ գործէն արձակուրդ առնես, կամ իմացնես գործատիրոջդ կամ զաւակիդ դասատուին, թէ այդ օրերուն պիտի բացակայիք։ Իջեւան ապահովա՞ծ ես, եթէ հարկ կայ։ Կրնա՞ս նախաձեռնութիւնը առնել՝ ժողովքին մէջ մասնայատուկ կարիքներ ունեցողի մը օգնելու, որ համաժողովին ներկայ գտնուի (Ա. Յովհ. 3։17, 18)։
3. Իսրայէլացիներուն տօները ինչպէ՞ս սրտապնդիչ ընկերակցութեան պատեհութիւններ հայթայթեցին։
3 Սրտապնդիչ ընկերակցութիւն։ Հրէական տօները սրտապնդիչ ընկերակցութեան ի՜նչ ընտիր պատեհութիւն մը հայթայթեցին։ Անտարակոյս, Յիսուսի ընտանիքը անձկալից կը սպասէր, որ նախկին բարեկամները կրկին տեսնէր։ Անոնք նաեւ հրեաներու եւ նորահաւատներու հետ նոր բարեկամութիւններ հաստատելու պատեհութիւնը կը վայելէին,– Երուսաղէմի մէջ կամ ճամբորդութեան ընթացքին։
4. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ մեր քրիստոնէական միացեալ եղբայրութիւնը կ’արժեւորենք։
4 Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան ինչո՞ւ կը կարգադրէ, որ նահանգային համաժողովներուն քով–քովի գանք ու դասախօսութիւններ ունկնդրենք, փոխանակ նոյն տեղեկութիւնները տպուած ներկայացնելու։ Որպէսզի կարենանք զիրար քաջալերել (Եբ. 10։24, 25)։ Ուստի ծրագրէ համաժողովին իւրաքանչիւր օրը կանուխ հասնիլ, որ ուրիշներուն ընկերակցիս մինչեւ որ նիստի ատենապետը միջանուագը ներկայացնէ, նշելով թէ տեղ գրաւելու ժամանակն է։ Փոխանակ կէսօրուան դադարին համաժողովի վայրը ձգելով այլուր ճաշելու, մեզի քաջալերութիւն կը տրուի որ թեթեւ ճաշ մը բերենք եւ համաժողովի վայրը մնանք, որպէսզի կարենանք մեր շուրջիններուն ծանօթանալ եւ անոնց հետ խօսակցիլ։ Մեր քրիստոնէական միացեալ եղբայրութիւնը Եհովայէ պարգեւ մըն է, զոր երբեք թեթեւի պէտք չէ առնենք (Միք. 2։12)։
5. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ յայտագրէն լիովին օգտուելու։
5 Սորվելու ժամանակ։ Փոքր տարիքէն, Յիսուս տօները օգտագործեց, որ իր երկնաւոր Հօր մասին սորվի (Ղուկ. 2։41-49)։ Ի՞նչ բան մեզի ու մեր ընտանիքներուն պիտի օգնէ ներկայացուելիք բաժիններէն լիովին օգտուելու։ Նիստերու ընթացքին, նստած մնացիր եւ անհարկիօրէն խօսելէ խուսափէ։ Թոյլ մի՛ տար որ հեռախօսիկդ, փէյճըր–դ կամ այլ նման սարքեր քեզ եւ ուրիշները խանգարեն։ Աչքերդ դասախօսին վրայ սեւեռէ եւ հակիրճ նոթեր առ։ Ընտանեօք նստէք, վստահ ըլլալու համար որ ձեր զաւակներն ալ մտիկ կ’ընեն։ Իրիկունը ժամանակ յատկացուցէք՝ ձեր վայելած կէտերը միասնաբար նկատի առնելու։
6. Մեր հագուելակերպին ու յարդարանքին նկատմամբ ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։
6 Հագուստ ու յարդարանք։ Նոյն ճամբուն վրայ ճամբորդող օտար վաճառականներ, դիւրաւ կրնային զատորոշել Յիսուսի ընտանիքը եւ այլ հրեայ երկրպագուներ,– մինչ տօներուն կ’երթային կամ կը վերադառնային,– քանի որ իրենց հագուստներուն քղանցքներուն վրայ ծոպեր կային ու քղանցքի ծոպերուն վրայ կապուտակէ երիզ կար (Թուոց 15։37-41)։ Թէեւ քրիստոնեաները բնորոշ տարազ մը չեն հագուիր, բայց ճանչցուած ենք մեր համեստ հագուելակերպով, կոկիկութեամբ ու մաքրութեամբ։ Համաժողովի երթալ–գալու ատեն եւ համաժողովի քաղաքին մէջ, մեր արտաքին երեւոյթին մասնայատուկ ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։ Նոյնիսկ եթէ համաժողովի յայտագրէն ետք մեր հագուստները փոխենք, պէտք է յարգալից երեւոյթ մը պահպանենք ու համաժողովի լանջանշանները կրենք։ Այսպէս Վկայ չեղողներէն պիտի զանազանուինք եւ դիտողներուն վրայ լաւ տպաւորութիւն պիտի ձգենք։
7. Ինչո՞ւ պէտք է մտածենք համաժողովին կամաւորաբար ծառայելու մասին։
7 Կամաւորներու կարիք կայ։ Համաժողովը դիւրասահ ընթանալու համար բազմաթիւ կամաւորներու կարիք կայ։ Կրնա՞ս սիրայօժար աջակցիլ (Սաղ. 110։3)։ Համաժողովներուն տեղի ունեցող աշխատանքը սրբազան ծառայութեան մաս կը կազմէ եւ ընտիր վկայութիւն մը կու տայ։ Համաժողովի մը վայրը մաքրող կամաւորները ա՛յնքան լաւ տպաւորութիւն ձգեցին, որ շէնքին տնօրէնը գրեց. «Կ’ուզեմ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել ցարդ ականատես եղած ամէնէն ապշեցուցիչ դէպքին համար։ Միշտ լսած էի թէ Եհովայի վկաները յատուկ ժողովուրդ մըն են, եւ իրենց յանձնուած վայրը միշտ աւելի մաքուր վիճակով կը վերադարձնեն։ Դուք եւ ձեր կազմակերպութիւնը այս շէնքը հասարակութեան համար աւելի լաւ վայրի մը վերածեցիք եւ ասիկա իրագործեցիք շնորհալի անհատներու միջոցաւ, որոնց ծանօթանալու հաճոյքը ունեցանք»։
8. Համաժողովի քաղաքին մէջ, վկայելու ի՞նչ պատեհութիւններ պիտի ըլլան։
8 Վկայելու պատեհութիւններ։ Համաժողովի քաղաքին մէջ շատեր պիտի նշմարեն վայելչազգեստ ու յարգարժան երեւոյթով այցելուներ, որոնք համաժողովի լանջանշաններ կը կրեն, եւ ասիկա կրնայ անոնց հետաքրքրութիւնը արթնցնել, պատեհութիւններ ներկայացնելով որ անոնց խօսինք համաժողովի մասին։ Չորս տարեկան մանչ մը, համաժողովին լոյս տեսած հրատարակութիւնը իրեն հետ ճաշարան տարաւ ու զայն սպասեակին ցոյց տուաւ։ Ասիկա առիթ ընծայեց ծնողներուն, որ զայն համաժողովին հրաւիրեն։
9. Եհովայի հոգեւոր կարգադրութիւններուն հանդէպ Յիսուսի ընտանիքին գնահատութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել։
9 Վաղեմի տօները ուրախ առիթներ էին, որոնց անձկագին կը սպասէին հոգեւոր մտայնութիւն ունեցող հրեաները (Բ. Օր. 16։15)։ Յիսուսի ընտանիքը ուրախութեամբ զոհողութիւն կ’ընէր, որպէսզի ներկայ գտնուէր ու լիովին օգտուէր։ Մեր նահանգային համաժողովներուն հանդէպ համանման գնահատութիւն ունինք, զանոնք մեր սիրառատ երկնաւոր Հօրմէն պարգեւ մը նկատելով (Յակ. 1։17)։ Հիմա է ժամանակը, որ պատրաստուինք Եհովան ուրախօրէն պաշտելու այս տարեկան պատեհութեան համար։
[Շրջանակ՝ էջ 6, 7]
Նահանգային համաժողովի յիշեցումներ
◼ Յայտագրին ժամերը։ Յայտագիրը երեք օրերուն ալ պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9։20–ին։ Դռները պիտի բացուին առաւօտեան ժամը 8։00–ին։ Երբ բացման երաժշտութիւնը ծանուցանուի, բոլորս մեր տեղերը պէտք է նստինք, որպէսզի յայտագիրը յարգալից կերպով սկսի։ Ուրբաթ ու շաբաթ օրերը յայտագիրը պիտի աւարտի կէսօրէ ետք ժամը 4։55–ին, իսկ կիրակի օրը՝ 3։40–ին։
◼ Կայանատեղեր։ Այն համաժողովը, ուր կառավայրի վրայ վերահսկելը մեզի վստահուած է, մատչելի տեղերը ինքնաշարժ շարելը անվճար պիտի ըլլայ։ Միայն ան, որ իր ինքնաշարժին վրայ օրինաւոր արտօնագիր կը կրէ թէ ֆիզիքապէս անկարող է, պիտի կարենայ զայն շարել հո՛ն՝ ուր անկարողներուն վերապահուած է։ Որովհետեւ սովորաբար կայանատեղերը սահմանափակ են, ինքնաշարժները կարելի եղածին չափ լեցուն պէտք է ըլլան։
◼ Նստարաններ ապահովել։ Կարելի է աթոռներ ապահովել միմիայն ձեզի հետ ինքնաշարժով ճամբորդողներուն կամ ձեզի հետ նոյն տան մէջ ապրողներուն, ինչպէս նաեւ անոնց՝ որոնց հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարէք (Ա. Կոր. 13։5)։
◼ Ճաշ։ Հաճեցէք ճաշը ձեզի հետ բերել, փոխանակ կէսօրուան դադարին համաժողովի վայրը ձգելով այլուր ճաշելու։ Կրնաք պզտիկ պաղարան մը գործածել, որ կրնայ աթոռին տակ զետեղուիլ։ Ընտանեկան մեծ պաղարաններ եւ ապակեայ պահեստամաններ համաժողովի շէնքերէն ներս արտօնուած չեն։
◼ Նուիրատուութիւն։ Համաժողովի կարգադրութիւններուն հանդէպ կրնանք մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ՝ համաշխարհային գործին ի նպաստ ինքնայօժար նուիրատուութիւններ ընելով, մեր Թագաւորութեան սրահին կամ համաժողովին մէջ։ Համաժողովին մէջ վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները, «Եհովայի վկաներու քրիստոնէական ժողովք»ին անունով պէտք է ըլլան։
◼ Արկածներ եւ շտապ օգնութիւն։ Եթէ համաժողովի վայրին մէջ շտապ օգնութեան պարագայ մը ծագի, հաճեցէք ամենամօտ հիւրընկալին հետ խօսիլ, որ իր կարգին անմիջապէս Նախնական դարմանումի բաժանմունքին պիտի իմացնէ, որպէսզի որակեալ անձնակազմը պարագային լրջութիւնը կարենայ արժեւորել ու հարկ եղած օգնութիւնը մատակարարել։ Եթէ անհրաժեշտ է, անոնք 911 թիւին պիտի հեռաձայնեն։ Այսպէս, շտապ օգնութեան կեդրոնները հեռախօսիկով շատ մը հեռաձայններ պիտի չստանան աննշան հարցերու շուրջ։
◼ Կօշիկ։ Ամէն տարի կօշիկի առնչուած վնասուածքներ կը պատահին։ Լաւագոյն բանը՝ համեստ ու հանգստաւէտ կօշիկներ ընտրելն է, որոնք անհատին թոյլ պիտի տան, որ աստիճաններուն եւ այլ բաներու վրայ ապահովութեամբ քալէ։
◼ Լսողութեան տկարութիւն։ Լսարանին մէջ յայտագիրը պիտի ձայնասփռուի FM–ի մէկ ալիքին վրայ։ Այս կարգադրութենէն օգտուելու համար, ձեզի հետ պէտք է բերէք մարտկոցներով–աշխատող պզտիկ FM ձայնասփիւռ մը եւ ընկալուչներ։
◼ Ձայնագրութիւն։ Ձայնագրութեան մեքենաները շէնքի ելեկտրական կամ ձայնային սարքերուն պէտք չէ կապուին, եւ կարելի է զանոնք գործածել միայն եթէ ուրիշները չեն խանգարեր։
◼ Մանկասայլակներ ու ծալաթոռներ։ Համաժողովի վայրերուն մէջ մանուկներու կառքեր ու ծալելիք աթոռներ պէտք չէ բերուին։ Սակայն ընդունելի են մանուկներու յատուկ այն աթոռները, որոնք կրնան ծնողքին քովի աթոռին վրայ ամրացուիլ։
◼ Օծանելիքներ։ Համաժողովներուն մեծամասնութիւնը տեղի կ’ունենայ գոց վայրերու մէջ, ուր մեքենական օդափոխութիւն կը գործածուի։ Հետեւաբար բարութիւն դրսեւորած կ’ըլլանք, եթէ սահմանափակենք զօրաւոր օծանելիքներու գործածութիւնը, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ շնչառական կամ յարակից խնդիրներէ տառապող անհատներու վրայ (Ա. Կոր. 10։24)։
◼ Հետաքրքրութիւնը հետապնդելու պատճէնները։ Հաճեցէք հետապնդել (S-43) պատճէն մը պէտք է գործածուի տեղեկութիւն հայթայթելու ոեւէ անհատի մասին, որ համաժողովի օրերուն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ անպաշտօն վկայութեան շնորհիւ։ Հրատարակիչները իրենց հետ մէկ կամ երկու պատճէն պէտք է բերեն։ Պատճէնները լեցնելէ ետք, կրնաք զանոնք յանձնել Հրատարակութիւններու բաժանմունքին կամ ժողովքի քարտուղարին երբ վերադառնաք (տե՛ս նոյեմբեր 2009–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 4)։
◼ Ճաշարաններ։ Ճաշարաններուն մէջ ձեր ընտիր վարքով Եհովայի անունը պատուեցէք։ Սովորութիւն է 15-20 առ հարիւր ձեռաձիր ձգել։
◼ Պանդոկներ։ 1) Հարկ եղածէն աւելի սենեակներ մի՛ վերապահէք, եւ ձեր սենեակը արտօնուած թիւէն աւելի անհատներ մի՛ ունենաք։ 2) Եթէ ձեր վերապահումը պիտի ջնջէք, անմիջապէս պանդոկը տեղեկացուցէք։ 3) Ճամբարկղ տեղափոխելու սայլակը առէք միայն երբ պատրաստ էք զայն գործածելու, եւ անմիջապէս վերադարձուցէք, որպէսզի ուրիշներ ալ զայն գործածեն։ 4) Մի՛ եփէք այն սենեակներուն մէջ, ուր եփելը արգիլուած է։ 5) Սենեակին հոգ տանողին ամէն օր ձեռաձիր ձգեցէք։ 6) Մի՛ շահագործէք անվճար նախաճաշը, սուրճը կամ սառը, որոնք իջեւանողներուն համար են, մինչ պանդոկին մէջ են։ 7) Պանդոկի անձնակազմին հանդէպ ամէն ատեն հոգիին պտուղը ցուցաբերեցէք։ Անոնք բազմաթիւ հիւրերու հոգ կը տանին եւ կը գնահատեն մեր ազնուութիւնը, համբերութիւնն ու խոհեմութիւնը։ 8) Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ–ին վրայ նշուած սենեակին սակը՝ մէկ օրուան լման գինն է, բացի տուրքէն։ Եթէ ձեր չխնդրած կամ չգործածած բանին համար ձեզմէ յաւելեալ գումար պահանջուի, մերժեցէք վճարել եւ անմիջապէս համաժողովի Իջեւանի բաժանմունքը տեղեկացուցէք։ 9) Եթէ ձեր պանդոկի սենեակին վերաբերեալ խնդիր մը ծագի, Իջեւանի բաժանմունքը տեղեկացուցէք մինչ համաժողովի էք, որպէսզի կարենան ձեզի օգնել։
◼ Կամաւոր սպասարկութիւն։ Համաժողովին մէջ մեր ուրախութիւնը ա՛լ աւելի պիտի ըլլայ, եթէ յօժարակամօրէն ձեռք տանք անհրաժեշտ աշխատանքներուն մէջ (Գործք 20։35)։ Ոեւէ անհատ, որ կը փափաքի ասիկա ընել, համաժողովին մէջ պէտք է տեղեկացնէ Կամաւոր սպասարկութեան բաժանմունքը։ 16 տարեկանէն վար եղող երեխաներն ալ կրնան լաւ նպաստ բերել, գործելով ծնողի մը կամ խնամակալի մը կամ անոնցմէ մէկուն հաւանութիւնը ունեցող չափահասի մը ուղղութեան ներքեւ։