Երեք օր հոգեւոր թարմացում
1. Այս տարուան նահանգային համաժողովէն ստանալիք ի՞նչ բան կրնանք ակնկալել։
1 Սատանայի աշխարհին մէջ, որ հոգեւորապէս երաշտի մէջ է, Եհովա կը շարունակէ իր ծառաները թարմացնել (Եսա. 58։11)։ Տարեկան նահանգային համաժողովը կարգադրութիւն մըն է, զոր Եհովա կը գործածէ մեզ զօրացնելու համար։ Մինչ այս տարուան համաժողովը կը մօտենայ, ինչպէ՞ս կրնանք նախապատրաստուիլ՝ հոգեւոր թարմացումը ստանալու եւ հաղորդելու (Առ. 21։5)։
2. Ի՞նչ նախապատրաստութիւններ հարկ է որ ընենք։
2 Եթէ տակաւին չես նախապատրաստուած, հի՛մա ժամանակ տրամադրէ անձնական եւ աշխարհիկ գործիդ յայտագիրները շտկելու, որպէսզի համաժողովի երեք օրերուն ալ ներկայ գտնուիս։ Իւրաքանչիւր օր համաժողովի երթալու հարկ եղած ժամանակը հաշուի առա՞ծ ես, որպէսզի յայտագիրը սկսելէն շատ առաջ՝ հասնիս եւ աթոռդ գրաւես։ Վստահաբար չենք ուզեր փախցնել որեւէ ոգեւորիչ հոգեւոր ճաշ, զոր Եհովա մեզի համար պատրաստած է (Եսա. 65։13, 14)։ Կացարանդ եւ ճամբորդութիւնդ կարգադրա՞ծ ես։
3. Ի՞նչ թելադրութիւններ պիտի օգնեն մեզի եւ մեր ընտանիքին, որ յայտագրէն լիովին օգտուինք։
3 Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ, որ համաժողովի նիստերու ընթացքին միտքդ չթափառի։ Եթէ կարելի է, համաժողովի իւրաքանչիւր գիշերը քունէդ կշտացիր։ Աչքերդ դասախօսին վրայ սեւեռէ։ Աստուածաշունչովդ ամէն համար բաց։ Հակիրճ նոթեր առ։ Ընտանիքի անդամները լաւ կ’ընեն որ իրարու քով նստին, որպէսզի ծնողները կարենան իրենց զաւակներուն օգնել կեդրոնացած մնալու (Առ. 29։15)։ Թերեւս իւրաքանչիւր երեկոյ կրնաք ընտանեօք քննարկել յայտագրին հիմնական կէտերը։ Որպէսզի ձեր ընտանիքը համաժողովէն ետքն ալ շարունակէ թարմանալ, Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյի ընթացքին կրնաք ժամանակ յատկացնել կիրարկուելիք մասնայատուկ կէտեր նկատի առնելու համար։
4. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ժողովքին մէջ ուրիշներուն օգնել հոգեւոր թարմացում ստանալու։
4 Ուրիշներու օգնէ թարմութիւն գտնելու։ Կ’ուզենք որ ուրիշներ ալ հոգեւորապէս թարմանան։ Ժողովքին մէջ կա՞ն տարեց հրատարակիչներ կամ ուրիշներ, որոնք համաժողովին ներկայ գտնուելու համար օգնութեան կարիք ունին։ Ի վիճակի՞ ես անոնց օգնելու (Ա. Յովհ. 3։17, 18)։ Երէցները, յատկապէս խումբերու տեսուչները, հոգ պէտք է տանին որ այդպիսի հրատարակիչներ հարկ եղած օգնութիւնը ստանան։
5. Համաժողովի հրաւիրագիրները ինչպէ՞ս պիտի բաշխենք (տե՛ս նաեւ վերի շրջանակը)։
5 Առաջուան պէս՝ մեր համաժողովը սկսելէն երեք շաբաթ առաջ, ուրիշները հրաւիրելու արշաւի մը պիտի մասնակցինք։ Ժողովքներ նպատակակէտ պէտք է դնեն՝ հրաւիրագիրներու իրենց բաժինը բաշխելու եւ թաղամասերը կարելի եղածին չափ ծածկելու։ Այն հրաւիրագիրները, զորս ձեր ընտանիքը արշաւին աւարտէն ետք տակաւին ունի, պէտք է համաժողովին բերուին, որպէսզի անպաշտօն վկայութեան ատեն զանոնք գործածէք։ Ասոր շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի տրուին՝ ուրբաթ օրուան յայտագրին ընթացքին։ Այն հրաւիրագիրները, զորս ձեր ընտանիքը համաժողովի քաղաքին մէջ պիտի չգործածէ, հիւրընկալի մը տուէք՝ երբ համաժողովասրահը մտնէք։ Հաճեցէք ձեր քով օրինակ մը պահել, որովհետեւ կիրակի օրուան վերջին դասախօսութեան ընթացքին, ատոր պէտք պիտի ունենաք։
6. Համաժողովին մէջ ի՞նչ կերպերով կրնանք վայելուչ կենցաղավարութիւն դրսեւորել։
6 Վայելուչ կենցաղավարութիւնը թարմացում կը բերէ։ Հիմա որ շատեր «անձնասէր» են եւ ուրիշներու զգացումներուն ուշադրութիւն չեն ըներ, ո՜րքան թարմացուցիչ է ըլլալ հաւատակից քրիստոնեաներու շուրջ, որոնք կը ջանան վայելուչ կենցաղավարութիւն դրսեւորել (Բ. Տիմ. 3։2)։ Վայելուչ կենցաղավարութիւն կը ցուցաբերենք, երբ առաւօտեան ժամը 8։00–ին հանդարտ ու կարգապահ կերպով շէնքէն ներս կը մտնենք եւ աթոռներ կը գրաւենք միայն անո՛նց համար, որոնք մեր տան մէջ կ’ապրին, մեր փոխադրամիջոցով կու գան կամ մեր ներկայ Աստուածաշունչի աշակերտներն են։ Ատենապետին ուղղութեան կը հետեւինք, երբ ան մեզմէ կը խնդրէ որ մեր տեղերը գրաւենք՝ իւրաքանչիւր նիստի բացման երաժշտութիւնը ունկնդրելու համար։ Վայելուչ կենցաղավարութիւն կը ցուցաբերենք, երբ մեր բջիջային հեռաձայնը կամ փէյճըր–ը այնպէս մը կ’ընենք որ յայտագրին ընթացքին ուրիշները չխանգարէ։ Ասկէ զատ, վայելուչ կենցաղավարութիւն ցոյց կու տանք՝ երբ յայտագրի ընթացքին չենք խօսիր, հեռախօսիկով երկտող չենք ղրկեր, չենք ուտեր կամ նրբանցքներու մէջ անհարկիօրէն չենք պտըտիր։
7. Ինչպէ՞ս կրնանք թարմանալ ու թարմացնել, մինչ մեր եղբայրներուն հետ կ’ընկերակցինք։
7 Թարմացուցիչ ընկերակցութիւն։ Համաժողովները մեր թարմացուցիչ քրիստոնէական միութիւնն ու եղբայրութիւնը վայելելու մեծ պատեհութիւններ կու տան (Սաղ. 133։1-3)։ Ինչո՞ւ ‘մեր սրտերը լայն բանալու’ նախաքայլը չառնենք եւ ուրիշ ժողովքներէ եկող եղբայրներու եւ քոյրերու հետ չխօսակցինք (Բ. Կոր. 6։13)։ Կրնաս նպատակակէտ դնել՝ իւրաքանչիւր օր նոր անհատի մը կամ ընտանիքի մը ծանօթանալ։ Կէսօրուան դադարը ասիկա ընելու լաւ պատեհութիւն մը կ’ընծայէ։ Ուստի թեթեւ ճաշ մը բեր եւ համաժողովասրահէն ներս ճաշէ եւ ուրիշներու հետ ընկերակցէ, փոխանակ մերձակայ ճաշարանի մը մէջ ճաշելու կամ ուտելիք գնելու։ Ասիկա կրնայ նոր ու մնայուն բարեկամութիւններ զարգացնելու օրհնութեան առաջնորդել։
8. Համաժողովին մէջ աշխատելու համար ինչո՞ւ պէտք է կամաւորագրուինք, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։
8 Սրբազան ծառայութեան մէջ հաւատակից երկրպագուներու հետ աշխատիլը որքա՜ն թարմացուցիչ է։ Բաժանմունքի մը աջակցելու կամ մաքրութեան նշանակումի մէջ ժողովքիդ օգնելու համար կրնա՞ս կամաւորագրուիլ (Սաղ. 110։3)։ Եթէ տակաւին գործի նշանակում մը չունիս, հաճիս ի մտի ունեցիր Կամաւոր սպասարկութեան բաժանմունքին դիմել համաժողովին մէջ։ Կամաւորներու շատութիւնը գործը կը դիւրինցնէ եւ հաճելի կը դարձնէ։
9. Համաժողովի ընթացքին ինչո՞ւ մասնաւոր ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք մեր վարքին ու դրսերեւոյթին։
9 Մեր վարքը դիտորդները կը թարմացնէ։ Մենք համաժողովի պատուիրակներ ենք ոչ միայն յայտագրի ընթացքին, հապա՝ համաժողովի երեք օրերուն ալ։ Մինչ համաժողովի քաղաքին մէջ ենք, դիտորդներ պէտք է կարենան տեսնել մեր եւ ոչ–Վկաներու միջեւ եղած թարմացուցիչ տարբերութիւնը (Ա. Պետ. 2։12)։ Համաժողովի վայրին մէջ, կացարանին մէջ եւ ճաշարաններու մէջ, մեր հագուստն ու յարդարանքը Եհովան պէտք է պատուեն (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Եթէ մեր լանջանշանները կրենք մեր վրայ, դիտորդները պիտի կարենան մեզ բնորոշել որպէս Եհովայի վկայ։ Ասիկա հաւանաբար առիթ մը տայ, որ մեր համաժողովին մասին անոնց խօսինք ու յաւելեալ վկայութիւն մը տանք։
10. Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ պանդոկի եւ ճաշարանի գործաւորները մեր համաժողովին մասին դրական տեսակէտ մը պիտի ունենան։
10 Պանդոկի եւ ճաշարանի գործաւորներուն հետ ինչպէ՞ս կրնանք համագործակցիլ։ Պէտք չէ պանդոկի յաւելեալ սենեակներ վերապահենք, զորս պիտի չգործածենք, քանի որ ասիկա ընելը ուրիշ պատուիրակներու համար սենեակներ ձեռք ձգելուն արգելք կը հանդիսանայ, եւ պանդոկին համար վնասին տեղը հանելը մեծապէս կը դժուարացնէ։ Եթէ սենեակ վարձելու կամ յանձնելու ատեն պանդոկը բազմազբաղ է, հարկ է որ համբերութեամբ ու շնորհքով վարուինք (Կող. 4։6)։ Սովորական ձեռաձիրը պէտք է տանք ճաշարանի մատուցողներուն եւ պանդոկի գործաւորներուն, որոնք մեր պայուսակները կը կրեն, մեր սենեակը կը մաքրեն եւ այլ ծառայութիւններ կ’ընեն։
11. Ի՞նչ փորձառութիւններ կը լուսաբանեն այն աղէկ վկայութիւնը, որ յառաջ կու գայ մեր քրիստոնէական վարքէն։
11 Համաժողովի ընթացքին, մեր բարի վարքը ուրիշներու վրայ ի՞նչ տպաւորութիւն կը ձգէ։ Լրագրի մը համաձայն, համաժողովներու տրամադրուած համալիրի մը տնօրէնը ըսաւ. «Մարդիկը շատ քաղաքավար են։ Մենք ամէն տարի հաճոյքով կը սպասենք անոնց»։ Անցեալ տարի, համաժողովի պատուիրակներու կողմէ գործածուած պանդոկի մը մէջ, Վկայ չեղող անհատ մը իր դրամապանակը կորսնցուց։ Երբ դրամապանակը եղածին պէս պանդոկի տնօրէնին յանձնուեցաւ, տնօրէնը դրամապանակի տիրոջը ըսաւ. «Բախտաւոր ես որ Եհովայի վկաները մօտիկ տեղ մը իրենց համաժողովը ըրին, ու պանդոկը անոնցմով լեցուն էր։ Ապա թէ ոչ, հաւանաբար դրամապանակդ քեզի պիտի չվերադառնար»։
12. Մինչ համաժողովը կը մօտենայ, մեր նպատակակէտը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, եւ ինչո՞ւ։
12 Այս տարուան համաժողովները արագօրէն կը մօտենան։ Համաժողովի յայտագիրն ու միջավայրը թարմացուցիչ դարձնելու համար, շատ ժամանակ տրամադրուած է եւ շատ ջանքեր թափուած են։ Նպատակակէտ դիր երեք օրերուն ներկայ գտնուիլ, ու նախապատրաստուէ՛ այն բաներուն համար, զորս Եհովան եւ իր կազմակերպութիւնը պատրաստած են քեզի համար։ Վճռէ՛ ուրիշները թարմացնել վայելուչ կենցաղավարութեամբ, ուրախ ընկերակցութեամբ եւ բարի վարքով։ Այն ատեն դուն եւ ուրիշներ պիտի ունենաք անցեալ տարուան մէկ պատուիրակին զգացումը, որ գրեց. «Աւելի գոհացուցիչ փորձառութիւն մը չե՛մ կրնար մտաբերել»։
[Մէջբերում՝ էջ 4]
Առաջուան պէս՝ մեր համաժողովը սկսելէն երեք շաբաթ առաջ, ուրիշները հրաւիրելու արշաւի մը պիտի մասնակցինք
[Մէջբերում՝ էջ 6]
Համաժողովի վայրին մէջ, կացարանին մէջ եւ ճաշարաններու մէջ, մեր հագուստն ու յարդարանքը Եհովան պէտք է պատուեն
[Մէջբերում՝ էջ 7]
Վճռէ՛ ուրիշները թարմացնել վայելուչ կենցաղավարութեամբ, ուրախ ընկերակցութեամբ եւ բարի վարքով
[Շրջանակ՝ էջ 4-7]
2011–ի նահանգային համաժողովի յիշեցումներ
◼ Յայտագրին ժամերը։ Յայտագիրը երեք օրերուն ալ պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9։20–ին։ Դռները պիտի բացուին առաւօտեան ժամը 8։00–ին։ Երբ բացման երաժշտութիւնը ծանուցանուի, բոլորս մեր տեղերը պէտք է նստինք, որպէսզի յայտագիրը յարգալից կերպով սկսի։ Ուրբաթ ու շաբաթ օրերը յայտագիրը պիտի աւարտի կէսօրէ ետք ժամը 4։55–ին, իսկ կիրակի օրը՝ 3։40–ին։
◼ Կայանատեղեր։ Այն համաժողովը, ուր կառավայրի վրայ վերահսկելը մեզի վստահուած է, մատչելի տեղերը ինքնաշարժ շարելը անվճար պիտի ըլլայ։ Միայն ան, որ իր ինքնաշարժին վրայ օրինաւոր արտօնագիր կը կրէ թէ ֆիզիքապէս անկարող է, պիտի կարենայ զայն շարել հո՛ն՝ ուր անկարողներուն վերապահուած է։ Որովհետեւ սովորաբար կայանատեղերը սահմանափակ են, ինքնաշարժները կարելի եղածին չափ լեցուն պէտք է ըլլան։
◼ Նստարաններ ապահովել։ Կարելի է աթոռներ ապահովել միմիայն ձեզի հետ ինքնաշարժով ճամբորդողներուն կամ ձեզի հետ նոյն տան մէջ ապրողներուն, ինչպէս նաեւ անոնց՝ որոնց հետ ներկայիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարէք (Ա. Կոր. 13։5)։
◼ Ճաշ։ Հաճեցէք ճաշը ձեզի հետ բերել, փոխանակ կէսօրուան դադարին համաժողովի վայրը ձգելով այլուր ճաշելու։ Կրնաք պզտիկ պաղարան մը գործածել, որ կրնայ աթոռին տակ զետեղուիլ։ Ընտանեկան մեծ պաղարաններ եւ ապակեայ պահեստամաններ համաժողովի շէնքերէն ներս արտօնուած չեն։
◼ Նուիրատուութիւն։ Համաժողովի կարգադրութիւններուն հանդէպ կրնանք մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ՝ համաշխարհային գործին ի նպաստ ինքնայօժար նուիրատուութիւններ ընելով համաժողովին մէջ։ Վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները, «Եհովայի վկաներու քրիստոնէական ժողովք»ին անունով պէտք է ըլլան։
◼ Արկածներ եւ շտապ օգնութիւն։ Եթէ համաժողովի վայրին մէջ շտապ օգնութեան պարագայ մը ծագի, հաճեցէք ամենամօտ հիւրընկալին հետ խօսիլ, որ իր կարգին անմիջապէս Նախնական դարմանումի բաժանմունքին պիտի իմացնէ, որպէսզի որակեալ անձնակազմը պարագային լրջութիւնը կարենայ արժեւորել ու հարկ եղած օգնութիւնը մատակարարել։ Եթէ անհրաժեշտ է, անոնք 911 թիւին պիտի հեռաձայնեն։ Այսպէս, շտապ օգնութեան կեդրոնները հեռախօսիկով շատ մը հեռաձայններ պիտի չստանան աննշան հարցերու շուրջ։
◼ Դեղեր։ Եթէ դեղագիրի մը համաձայն որոշ դեղերու պէտք ունիք, վստահ եղէք որ ձեզի հետ բաւարար չափով բերէք զանոնք, քանի որ համաժողովին մէջ ոչինչ մատչելի պիտի ըլլայ։
◼ Կօշիկ։ Ամէն տարի կօշիկի առնչուած վնասուածքներ կը պատահին։ Լաւագոյն բանը՝ համեստ ու հանգստաւէտ կօշիկներ ընտրելն է, որոնք անհատին թոյլ պիտի տան, որ աստիճաններուն եւ այլ բաներու վրայ ապահովութեամբ քալէ։
◼ Լսողութեան տկարութիւն։ Լսարանին մէջ յայտագիրը պիտի ձայնասփռուի FM–ի մէկ ալիքին վրայ։ Այս կարգադրութենէն օգտուելու համար, ձեզի հետ պէտք է բերէք մարտկոցներով–աշխատող պզտիկ FM ձայնասփիւռ մը եւ ընկալուչներ։
◼ Մանկասայլակներ ու ծալաթոռներ։ Համաժողովի վայրերուն մէջ մանուկներու կառքեր ու ծալելիք աթոռներ պէտք չէ բերուին։ Սակայն ընդունելի են մանուկներու յատուկ այն աթոռները, որոնք կրնան ծնողքին քովի աթոռին վրայ ամրացուիլ։
◼ Օծանելիքներ։ Համաժողովներուն մեծամասնութիւնը տեղի կ’ունենայ գոց վայրերու մէջ, ուր մեքենական օդափոխութիւն կը գործածուի։ Հետեւաբար բարութիւն դրսեւորած կ’ըլլանք, եթէ սահմանափակենք զօրաւոր օծանելիքներու գործածութիւնը, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ շնչառական կամ յարակից խնդիրներէ տառապող անհատներու վրայ (Ա. Կոր. 10։24)։
◼ Հետաքրքրութիւնը հետապնդելու պատճէնները։ Հաճեցէք հետապնդել (S-43) պատճէն մը պէտք է գործածուի տեղեկութիւն հայթայթելու ոեւէ անհատի մասին, որ համաժողովի օրերուն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ անպաշտօն վկայութեան շնորհիւ։ Հրատարակիչները իրենց հետ մէկ կամ երկու պատճէն պէտք է բերեն։ Պատճէնները լեցնելէ ետք, կրնաք զանոնք յանձնել Հրատարակութիւններու բաժանմունքին կամ ժողովքի քարտուղարին երբ վերադառնաք (տե՛ս նոյեմբեր 2009–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 4)։
◼ Ճաշարաններ։ Ճաշարաններուն մէջ ձեր ընտիր վարքով Եհովայի անունը պատուեցէք։ Եթէ սովորութիւն է՝ ձեռաձիր մը ձգեցէք։
◼ Պանդոկներ։
1) Հարկ եղածէն աւելի սենեակներ մի՛ վերապահէք, եւ ձեր սենեակը արտօնուած թիւէն աւելի անհատներ մի՛ ունենաք։
2) Միայն ստիպողական պարագայի մը համար ձեր վերապահումը ջնջեցէք, եւ անմիջապէս պանդոկը տեղեկացուցէք (Մատ. 5։37)։
3) Ճամբարկղ տեղափոխելու սայլակը առէք միայն երբ պատրաստ էք զայն գործածելու, եւ անմիջապէս վերադարձուցէք, որպէսզի ուրիշներ ալ զայն գործածեն։
4) Մի՛ եփէք այն սենեակներուն մէջ, ուր եփելը արգիլուած է։
5) Պանդոկի գործաւորներուն ձեռաձիր տուէք երբ ձեր պայուսակները կը կրեն, եւ սենեակին հոգ տանողին ամէն օր ձեռաձիր ձգեցէք։
6) Մի՛ շահագործէք անվճար նախաճաշը, սուրճը կամ սառը, որոնք իջեւանողներուն համար են, մինչ պանդոկին մէջ են։
7) Պանդոկի անձնակազմին հանդէպ ամէն ատեն հոգիին պտուղը ցուցաբերեցէք։ Անոնք բազմաթիւ հիւրերու հոգ կը տանին եւ կը գնահատեն մեր ազնուութիւնը, համբերութիւնն ու խոհեմութիւնը։
8) Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ–ին վրայ նշուած սենեակին սակը՝ մէկ օրուան լման գինն է, բացի տուրքէն։ Եթէ ձեր չխնդրած կամ չգործածած բանին համար ձեզմէ յաւելեալ գումար պահանջուի, մերժեցէք վճարել եւ անմիջապէս համաժողովի Իջեւանի բաժանմունքը տեղեկացուցէք։
9) Եթէ ձեր պանդոկի սենեակին վերաբերեալ խնդիր մը ծագի, Իջեւանի բաժանմունքը տեղեկացուցէք մինչ համաժողովի էք, որպէսզի կարենան ձեզի օգնել։
10) Հաճեցէք նաեւ ի մտի ունենալ, որ եթէ պանդոկին մէջ գրանցուելու ատեն ձեր վրայ պարտք արձանագրուի կամ վարկաքարտ գործածէք, սովորութիւն է որ ձեր հաշիւէն բաւականաչափ գումար սառեցնեն, որպէսզի ձեր սենեակի ընդհանուր սակը ե՛ւ ձեր կեցութեան ընթացքին պատահելիք վնասներու կամ արկածներու ծախսերը գոցեն։ Այդ գումարը պիտի չկարենաք գործածել, մինչեւ որ ձեր հաշիւը փակուի՝ ձեր մեկնելէն քանի մը օր ետք։
◼ Կամաւոր սպասարկութիւն։ Համաժողովին մէջ մեր ուրախութիւնը ա՛լ աւելի պիտի ըլլայ, եթէ յօժարակամօրէն ձեռք տանք անհրաժեշտ աշխատանքներուն մէջ (Գործք 20։35)։ Ոեւէ անհատ, որ կը փափաքի ասիկա ընել, համաժողովին մէջ պէտք է տեղեկացնէ Կամաւոր սպասարկութեան բաժանմունքը։ Այն երեխաներն ալ, որոնք 16 տարեկանէն վար են, կրնան լաւ նպաստ բերել, գործելով ծնողի մը կամ խնամակալի մը կամ անոնցմէ մէկուն հաւանութիւնը ունեցող չափահասի մը ուղղութեան ներքեւ։
[Շրջանակ՝ էջ 5]
Հրաւիրագիրը ինչպէ՞ս պիտի առաջարկենք
Մեր թաղամասը ծածկելու համար, հարկ է որ հակիրճ ըլլանք։ Կրնանք հետեւեալին նման բան մը ըսել. «Բարեւ։ Որպէս աշխարհածաւալ աշխատանք, մենք այս հրաւիրագիրը բաշխելու կը մասնակցինք։ Ահա՛ւասիկ ձեր օրինակը։ Հրաւիրագրին վրայ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի գտնէք»։ Հրաւիրագրին առջեւի մասը հետաքրքրութիւն կ’արթնցնէ. ուստի հրաւիրագիրը տանտիրոջ տուր այնպիսի կերպով, որ կարենայ զայն տեսնել։ Խանդավա՛ռ եղիր։ Շաբաթավերջերուն բաշխումին մասնակցելու ատեն, պարբերաթերթերն ալ պէտք է առաջարկուին՝ երբ որ յարմար ըլլայ։