Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/14 էջ 2-5
  • «Լաւ վարք ունեցէք ազգերուն մէջ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Լաւ վարք ունեցէք ազգերուն մէջ»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Համաժողովի յիշեցումներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2015)
  • Աստուած փառաւորող վարք մը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Մեր նահանգային համաժողովները ազդուօրէն կը վկայեն ճշմարտութեան
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Երեք օր հոգեւոր թարմացում
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2011)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
թծ 4/14 էջ 2-5

«Լաւ վարք ունեցէք ազգերուն մէջ»

1. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ գալիք համաժողովներուն ընթացքին լաւ վարք պահպանենք։

1 Ամէն տարի մեր համաժողովներուն ընթացքին հանրութեան ուշադրութիւնը կը գրաւենք, ուստի կարեւոր է որ մեր վարքը պատշաճօրէն ներկայացնէ մեր պաշտած Աստուածը (Ղեւ. 20։26)։ Մեր վայելուչ վարքը ե՛ւ մեր հագուելակերպն ու յարդարանքը պէտք է յստակ կերպով բնորոշեն մեզ որպէս Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդներ։ Գալիք նահանգային կամ միջազգային համաժողովին ընթացքին, ինչպէ՞ս կրնանք ‘լաւ վարք ունենալ ազգերուն մէջ’ եւ այսպէս մեր երկնաւոր Հայրը փառաւորել (Ա. Պետ. 2։12, ՆԱ)։

2. Համաժողովին ընթացքին, քրիստոնէական անձնաւորութիւնը ցուցաբերելու ի՞նչ պատեհութիւն պիտի ունենանք։

2 Քրիստոնէական անձնաւորութիւն ցուցաբերէ։ Իրարու հանդէպ մեր ցուցաբերած սէրը եւ «դուրսիններուն» հանդէպ մեր վարուելակերպը աշխարհի մէջ տիրող հոգիին ճիշդ հակառակն է (Կող. 3։10. 4։5. Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Պէտք է ազնուութեամբ եւ համբերութեամբ վարուինք պանդոկի անձնակազմին եւ ճաշարանի գործաւորներուն հետ, նոյնիսկ երբ խնդիրներ ծագին։ Վայելուչ վարքը նաեւ կը պահանջէ որ սովորական ձեռաձիր տանք անոնց, որոնք անձնական ծառայութիւններ կը մատակարարեն։

3. Ծնողներուն ի՞նչ յիշեցում կը տրուի եւ ինչո՞ւ։

3 Ծնողները պէտք է իրենց զաւակներուն վրայ հսկեն, համաժողովին վայրին, ճաշարաններուն եւ պանդոկին մէջ (Առ. 29։15)։ Պանդոկի մը մէջ, ճաշարանին տնօրէնը զոյգի մը ըսաւ. «Մենք ձեզ կը սիրենք։ Ձեր ընտանիքները եւ զաւակները շատ լաւ վարք ունին եւ քաղաքավար են։ Ամբողջ անձնակազմը ձեր մասին կը խօսէր, եւ մենք կը փափաքինք որ Եհովայի վկաները ամէն շաբաթավերջին հոս գան»։

4. Երբ համաժողովին վայրը ըլլանք, մեր դրսերեւոյթին նկատմամբ ի՞նչ բաներու ուշադիր պէտք է ըլլանք։

4 Համեստ հագուելակերպ։ Համաժողովին ընթացքին մեր հագուելակերպը պէտք է պատշաճ եւ համեստ ըլլայ, եւ պէտք չէ արտացոլէ աշխարհին մէջ տարածուած ծայրայեղութիւնը (Ա. Տիմ. 2։9)։ Նոյնիսկ պանդոկ հասնելու եւ անկէ մեկնելու ատեն, ինչպէս նաեւ համաժողովի նիստերուն միջեւ եղած զբօսանքի պահերուն պէտք չէ չափազանց սովորական կամ թափթփած դրսերեւոյթ ունենանք։ Այսպէս, պիտի պարծենանք հագնելով մեր համաժողովին լանջանշանները եւ պիտի չամչնանք վկայութիւն տալու,– եթէ պատեհութիւնը ունենանք։ Մօտալուտ համաժողովներուն ընթացքին, մեր դրսերեւոյթը եւ լաւ վարքը ոչ միայն ազնուասիրտ անհատները Աստուածաշունչի փրկարար պատգամին պիտի քաշէ, այլեւ՝ Եհովան պիտի ուրախացնէ (Սոփ. 3։17)։

[Շրջանակ՝ էջ 2-5]

2014–ի համաժողովին յիշեցումները

◼ Յայտագրին ժամերը։ Դռները պիտի բացուին առաւօտեան ժամը 8։00–ին։ Երեք օրերուն ալ, բացման երաժշտութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9։20–ին։ Այդ ատեն, բոլորս մեր տեղերը պէտք է նստինք, որպէսզի յայտագիրը յարգալից կերպով սկսի։ Փակման երգն ու աղօթքը ուրբաթ ու շաբաթ օրերը պիտի ըլլան կէսօրէ ետք ժամը 4։55–ին, իսկ կիրակի օրը՝ 3։50–ին։

◼ Միջազգային համաժողովներ։ Կարգ մը շրջաններու մէջ միջազգային համաժողովներ պիտի ըլլան։ Ի մտի ունեցէք, թէ մասնաճիւղը հրաւիրած է սահմանափակ թիւով ժողովքներ եւ օտար պատուիրակներ, ուշի–ուշով նկատի առնելէ ետք մատչելի նստարաններուն, կայանատեղերուն եւ պանդոկի սենեակներուն թիւը։ Խճողում կրնայ ստեղծուիլ, եթէ անկոչ հրատարակիչներ միջազգային համաժողովին ներկայ գտնուին։ Եթէ հրատարակիչի մը պարագան չներէ իր ժողովքին նշանակուած համաժողովին երթալ, ան պէտք չէ ընտրէ միջազգային համաժողովի ներկայ գտնուիլ։

◼ Կայանատեղեր։ Այն համաժողովը, որուն ընթացքին կառավայրի վրայ վերահսկելը մեզի վստահուած է, մատչելի տեղերը ինքնաշարժ շարելը անվճար պիտի ըլլայ։ Որովհետեւ սովորաբար կայանատեղերը սահմանափակ են, ինքնաշարժները կարելի եղածին չափ անհատներով լեցուն պէտք է ըլլան։ Միայն ան, որ իր ինքնաշարժին վրայ արտօնագիր կը կրէ թէ ֆիզիքապէս անկարող է, պիտի կարենայ զայն շարել հո՛ն՝ ուր անկարողներուն վերապահուած է։

◼ Նստարաններ ապահովել։ Իւրաքանչիւր առաւօտ, երբ համաժողովի վայրին դռները բացուին, հաճիք մի՛ վազէք ձեր նախընտրած նստարանները ապահովելու՝ ուրիշներուն հետ մրցակցելով։ Անձնազոհ հոգին որ մեզ կը մղէ ուրիշներուն լաւութիւնը փնտռելու, մեզ կը բնորոշէ որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ եւ դիտորդները կը մղէ Աստուած փառաբանելու (Յովհ. 13։34, 35. Ա. Կոր. 13։4, 5. Ա. Պետ. 2։12)։ Կարելի է աթոռներ ապահովել միմիայն ձեզի հետ ինքնաշարժով եկողներուն կամ ձեզի հետ նոյն տան մէջ ապրողներուն համար, ինչպէս նաեւ անոնց՝ որոնց հետ ներկայիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարէք։ Տարեցներուն եւ անկարողներուն յատկացուած նստարաններ կան, բայց անոնց թիւը սահմանափակ է։ Ուստի անոնց քով միայն մէկ կամ երկու օգնական կրնայ նստիլ։

◼ Ճաշ։ Հաճեցէք ձեզի հետ ճաշ մը բերել, փոխանակ կէսօրուան դադարին համաժողովի վայրը ձգելով այլուր ճաշելու։ Կրնաք գործածել պզտիկ պաղարան մը, որ կրնայ աթոռին տակ զետեղուիլ։ Մեծ պաղարաններ եւ ապակեայ պահեստամաններ համաժողովի վայրերէն ներս արտօնուած չեն։

◼ Նուիրատուութիւն։ Համաժողովի կարգադրութիւններուն հանդէպ կրնանք մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ՝ համաշխարհային գործին ի նպաստ ինքնայօժար նուիրատուութիւններ ընելով համաժողովին մէջ։ Վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները, «Եհովայի վկաներու քրիստոնէական ժողովք»ին անունով պէտք է ըլլան։ Նուիրատուութիւնները նաեւ կարելի է կատարել պարտքի արձանագրութեան կամ վարկաքարտերու միջոցով։

◼ Դեղեր։ Եթէ դեղագիրի մը համաձայն որոշ դեղերու պէտք ունիք, վստահ եղէք որ ձեզի հետ բաւարար չափով բերէք զանոնք, քանի որ համաժողովին մէջ ոչինչ մատչելի պիտի ըլլայ։ Համաժողովին եւ պանդոկներուն մէջ, շաքարախտի համար գործածուած ներարկիչները եւ ասեղները պատշաճ կերպով պէտք է թափուին վտանգաւոր նիւթերու համար յատկացուած աղբակալին մէջ, եւ ոչ թէ սովորական աղբակալին մէջ։

◼ Ապահովութեան կանխազգուշութիւններ։ Հաճեցէք մասնաւորաբար ուշադիր ըլլալ, որ սահելով կամ սայթաքելով դուք ձեզ չվիրաւորէք։ Ամէն տարի կօշիկի, մանաւանդ բարձր կրունկով կօշիկի, առնչուած վնասուածքներ կը պատահին։ Լաւագոյն բանն է ընտրել համեստ ու հանգստաւէտ կօշիկներ, որոնք անհատին թոյլ պիտի տան, որ աստիճաններուն եւ ա՛յլ բաներու վրայ ապահովութեամբ քալէ։

◼ Լսողութեան տկարութիւն։ Լսարանին մէջ յայտագիրը պիտի ձայնասփռուի FM–ի մէկ ալիքին վրայ։ Այս կարգադրութենէն օգտուելու համար, ձեզի հետ պէտք է բերէք մարտկոցներով աշխատող պզտիկ FM ձայնասփիւռ մը եւ ընկալուչներ։

◼ Մանկասայլակներ ու ծալաթոռներ։ Համաժողովի վայրերուն մէջ մանուկներու կառքեր ու ծալելիք աթոռներ պէտք չէ բերուին։ Սակայն ընդունելի են մանուկներու յատուկ այն աթոռները, որոնք կրնան ծնողքին քովի աթոռին վրայ ամրացուիլ։

◼ Օծանելիքներ։ Համաժողովներուն մեծամասնութիւնը տեղի կ’ունենայ գոց վայրերու մէջ, ուր մեքենական օդափոխութիւն կը գործածուի։ Հետեւաբար բարութիւն դրսեւորած կ’ըլլանք, եթէ սահմանափակենք զօրաւոր օծանելիքներու գործածութիւնը, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ շնչառական կամ յարակից խնդիրներէ տառապող անհատներու վրայ (Ա. Կոր. 10։24)։

◼ Հաճեցէք այցելել պատճէնները (S-43)։ Հաճեցէք այցելել պատճէն մը պէտք է գործածուի տեղեկութիւն հայթայթելու ոեւէ անհատի մասին, որ համաժողովի օրերուն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ՝ անպաշտօն վկայութեան շնորհիւ։ Պատճէնները լեցնելէ ետք, կրնաք զանոնք յանձնել Հրատարակութիւններու բաժանմունքին կամ ժողովքի քարտուղարին՝ երբ վերադառնաք։

◼ Ճաշարաններ։ Ճաշարաններուն մէջ ձեր ընտիր վարքով Եհովայի անունը պատուեցէք։ Քրիստոնէավայել կերպով հագուեցէք։ Եթէ սովորութիւն է՝ ձեռաձիր մը ձգեցէք։

◼ Պանդոկներ։

1) Հարկ եղածէն աւելի սենեակներ մի՛ վերապահէք, եւ ձեր սենեակին մէջ արտօնուած թիւէն աւելի անհատներ մի՛ ունենաք։

2) Միայն ստիպողական պարագայի մը համար ձեր վերապահումը ջնջեցէք, եւ անմիջապէս պանդոկին տեղեկացուցէք ասիկա, որպէսզի բնակարան փնտռող ուրիշ անհատներ կարենան սենեակը գործածել (Մատ. 5։37)։ Եթէ վերապահում մը չեղեալ պիտի սեպէք, ջնջումի թիւը ձեռք ձգեցէք։ Սենեակ մը կրնաք ջնջել առաւելագոյնը 48 ժամ առաջ, ապա թէ ոչ ձեր կանխավճարը ձեզի չի վերադարձուիր։

3) Հաճեցէք ի մտի ունենալ, որ եթէ պանդոկին մէջ գրանցուելու ատեն ձեր վրայ պարտք արձանագրուի կամ վարկաքարտ գործածէք, սովորութիւն է որ պանդոկը ձեր հաշիւէն գումար մը սառեցնէ, որպէսզի ձեր սենեակի ընդհանուր սակը ե՛ւ ձեր կեցութեան ընթացքին պատահելիք վնասներու կամ արկածներու ծախսերը գոցէ։ Այդ գումարը պիտի չկարենաք գործածել, մինչեւ որ ձեր հաշիւը փակուի՝ ձեր մեկնելէն քանի մը օր ետք։

4) Ապրանք տեղափոխելու կառքը առէք միայն երբ պատրաստ էք զայն գործածելու, եւ անմիջապէս վերադարձուցէք, որպէսզի ուրիշներ ալ զայն գործածեն։

5) Եթէ ձեր շրջանին մէջ սովորութիւն է, պանդոկի գործաւորներուն ձեռաձիր տուէք երբ ձեր պայուսակները կը կրեն, իսկ սենեակին հոգ տանողին ձեռաձիր ձգեցէք։

6) Մի՛ եփէք այն սենեակներուն մէջ, ուր եփելը արգիլուած է։

7) Մի՛ շահագործէք պանդոկին անվճար նախաճաշը, սուրճը կամ սառը, որոնք բոլոր իջեւանողներուն համար են, զանոնք ձեզի հետ համաժողովի տանելով։

8) Պանդոկի անձնակազմին հանդէպ ամէն ատեն հոգիին պտուղին երեսակները ցուցաբերեցէք։ Անոնք բազմաթիւ հիւրերու հոգ կը տանին եւ կը գնահատեն մեր ազնուութիւնը, համբերութիւնն ու խոհեմութիւնը։

9) Ծնողներ ամէն ատեն պէտք է իրենց զաւակներուն վրայ հսկեն պանդոկին մէջ, ներառեալ՝ վերելակներուն, լողաւազանին, նախասրահին եւ մարմնամարզանքի սրահին մէջ եւ այլուր։

10) Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ–ին վրայ նշուած սենեակին սակը՝ մէկ օրուան լման գինն է, բացի տուրքէն։ Եթէ ձեզմէ յաւելեալ գումար պահանջուի, մերժեցէք վճարել եւ անմիջապէս համաժողովի Իջեւանի բաժանմունքին տեղեկացուցէք։

11) Եթէ ձեր պանդոկի սենեակին վերաբերեալ խնդիր մը ծագի, Իջեւանի բաժանմունքին տեղեկացուցէք մինչ համաժողովի վայրն էք, որպէսզի կարենայ ձեզի օգնել։

◼ Կամաւոր սպասարկութիւն։ Ոեւէ անհատ, որ կը փափաքի կամաւոր ըլլալ, համաժողովին մէջ պէտք է տեղեկացնէ Կամաւոր սպասարկութեան բաժանմունքին։ Այն երեխաները, որոնք 16 տարեկանէն վար են, կրնան բաժին բերել, գործելով ծնողի կամ խնամակալի եւ կամ անոնցմէ մէկուն հաւանութիւնը ունեցող չափահասի մը ուղղութեան ներքեւ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել