Համաժողովի յիշեցումներ
◼ Յայտագրին ժամերը։ Դռները պիտի բացուին առաւօտեան ժամը 8։00–ին։ Երեք օրերուն ալ, բացման երաժշտութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9։20–ին։ Այդ ատեն, բոլորս մեր տեղերը պէտք է նստինք, որպէսզի յայտագիրը յարգալից կերպով սկսի։ Ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը յայտագիրը պիտի աւարտի կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 5։00–ին, իսկ կիրակի օրը՝ կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 4։00–ին։
◼ ‘Տէրը գովէ երգով’։ Վաղեմի օրերուն Աստուծոյ ժողովուրդը Եհովան կը գովէ երգերով։ Երաժշտութիւնը տակաւին ճշմարիտ պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասն է (Սաղ. 28։7)։ Մեր մարզային համաժողովին իւրաքանչիւր նիստը կը սկսի երաժշտութեամբ։ Անիկա պարզապէս մեղմ երաժշտութիւն մը չէ, այլ պատրաստուած է որ Եհովային մասին սորվինք եւ զինք պաշտենք։ Անոր համար, երբ ատենապետը ծանուցանէ թէ երաժշտութիւնը սկսելու վրայ է, լաւ կ’ըլլայ որ ամէն մարդ իր տեղը նստի եւ գնահատանքով երաժշտութիւնը մտիկ ընէ, փոխանակ իրարու հետ խօսակցելու։ Այդպէս ընելով ցոյց կու տանք, թէ Դիտարանի նուագախումբի անդամներուն ջանքերը կ’արժեւորենք։ Այս եղբայրներն ու քոյրերը տարին երկու անգամ իրենց հաշւոյն կը ճամբորդեն Փէթըրսըն, Նիւ Եորք, որպէսզի մեզի համար գեղեցիկ երաժշտութիւն պատրաստեն։ Երաժշտութիւնը ուշի ուշով մտիկ ընելէ ետք, պէտք է բոլորս միասնաբար Եհովան փառաբանենք՝ մեր Թագաւորութեան երգերը երգելով։
◼ Կայանատեղեր։ Այն համաժողովը, որուն ընթացքին կառավայրի վրայ վերահսկելը մեզի վստահուած է, մատչելի տեղերը ինքնաշարժ շարելը անվճար պիտի ըլլայ։ Սովորաբար կայանատեղերը սահմանափակ են. ուստի ինքնաշարժները կարելի եղածին չափ անհատներով լեցուն պէտք է ըլլան։ Միայն ան, որ իր ինքնաշարժին վրայ արտօնագիր կը կրէ թէ ֆիզիքապէս անկարող է, պիտի կարենայ զայն շարել հո՛ն՝ ուր անկարողներուն յատկացուած է։
◼ Նստարաններ ապահովել։ Իւրաքանչիւր առաւօտ, երբ համաժողովի վայրին դռները բացուին, հաճիք մի՛ աճապարէք ձեր նստարանները ապահովելու՝ ուրիշներուն հետ մրցակցելով։ Հաճիք նկատառու եղէք, նոյնիսկ ձեր նախասիրութիւնները զոհելով եղբայրներուն համար։ Անձնազոհ հոգին մեզ կը բնորոշէ որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ եւ դիտորդները կը մղէ Աստուած փառաբանելու (Յովհ. 13։34, 35. Ա. Կոր. 13։5. Ա. Պետ. 2։12)։ Կարելի է աթոռներ ապահովել միմիայն ձեզի հետ ինքնաշարժով եկողներուն, ձեզի հետ նոյն տան մէջ ապրողներուն, կամ անոնց՝ որոնց հետ ներկայիս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն կը վարէք։ Հաճիք ձեր ապրանքները մի՛ դնէք ուրիշ աթոռներու վրայ։ Այս առնչութեամբ ձեր համագործակցութիւնը թոյլ պիտի տայ որ ուրիշներ տեսնեն թէ այդ աթոռները պարապ են։ Տարեցներուն եւ անկարողներուն յատկացուած նստարաններ կան, բայց անոնց թիւը սահմանափակ է։ Ուստի անոնց քով միայն մէկ կամ երկու օգնական կրնայ նստիլ։
◼ Համեստ հագուելակերպ։ Համաժողովին ընթացքին մեր հագուելակերպը պէտք է պատշաճ եւ համեստ ըլլայ, եւ պէտք չէ արտացոլէ աշխարհին մէջ տարածուած ծայրայեղութիւնը (Ա. Տիմ. 2։9)։ Նոյնիսկ պանդոկ հասնելու եւ անկէ մեկնելու ատեն, ինչպէս նաեւ համաժողովի նիստերուն միջեւ եղած զբօսանքի պահերուն պէտք չէ չափազանց սովորական կամ թափթփած դրսերեւոյթ ունենանք։ Այսպէս, պիտի պարծենանք հագնելով մեր համաժողովին լանջանշանները եւ պիտի չամչնանք վկայութիւն տալու,– եթէ պատեհութիւնը ունենանք։ Մօտալուտ համաժողովներուն ընթացքին, մեր դրսերեւոյթը եւ լաւ վարքը ոչ միայն ազնուասիրտ անհատները Աստուածաշունչի փրկարար պատգամին պիտի քաշէ, այլեւ՝ Եհովան պիտի ուրախացնէ (Սոփ. 3։17)։
◼ Վայելուչ վարք ելեկտրոնային սարքեր գործածելու ատեն։ Յայտագրին ընթացքին վայելուչ վարք ցոյց կու տանք, երբ մեր հեռախօսիկը կամ այլ ելեկտրոնային սարքեր այնպէս մը կը կարգաւորենք որ ուրիշներ չխանգարուին։ Երբ կը գործածենք լուսանկարչական մեքենայ (camera), տեսագրիչ (video recorder), ելեկտրոնային դիւրակիր համակարգիչ (electronic tablet) կամ այլ սարքեր, կ’ուզենք նկատառու ըլլալ՝ ուրիշները չխանգարելով կամ իրենց առջեւ չկայնելով։ Վայելուչ վարք ցոյց կու տանք նաեւ երբ յայտագրին ընթացքին անտեղիօրէն կարճ հաղորդագրութիւն կամ ե–նամակ չենք ուղարկեր։
◼ Ճաշ։ Հաճեցէք ձեզի հետ ճաշ բերել, փոխանակ կէսօրուան դադարին համաժողովի վայրը ձգելով այլուր ճաշելու։ Կրնաք գործածել պզտիկ պաղարան մը, որ կրնայ աթոռին տակ զետեղուիլ։ Մեծ պաղարաններ եւ ապակեայ պահեստամաններ համաժողովի վայրերէն ներս արտօնուած չեն։
◼ Նուիրատուութիւն։ Համաժողովի կարգադրութիւններուն հանդէպ կրնանք մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ՝ համաշխարհային գործին ի նպաստ ինքնայօժար նուիրատուութիւններ ընելով համաժողովին մէջ։ Վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները, «Եհովայի վկաներու քրիստոնէական ժողովք»ին անունով պէտք է ըլլան։ Նուիրատուութիւնները նաեւ կարելի է կատարել պարտքի արձանագրութեան կամ վարկաքարտերու միջոցով։
◼ Դեղեր։ Եթէ դեղագիրի մը համաձայն որոշ դեղերու պէտք ունիք, վստահ եղէք որ ձեզի հետ բաւարար չափով բերէք զանոնք, քանի որ համաժողովին մէջ ոչինչ մատչելի պիտի ըլլայ։ Համաժողովին եւ պանդոկներուն մէջ, շաքարախտի համար գործածուած ներարկիչները եւ ասեղները պատշաճ կերպով պէտք է թափուին վտանգաւոր նիւթերու համար յատկացուած աղբակալին մէջ, եւ ոչ թէ սովորական աղբակալին մէջ։
◼ Ապահովութեան կանխազգուշութիւններ։ Հաճեցէք մասնաւորաբար ուշադիր ըլլալ, որ սահելով կամ սայթաքելով դուք ձեզ չվիրաւորէք։ Ամէն տարի կօշիկի, մանաւանդ բարձր կրունկով կօշիկի, առնչուած վնասուածքներ կը պատահին։ Լաւագոյն բանն է ընտրել համեստ ու հանգստաւէտ կօշիկներ, որոնք անհատին թոյլ պիտի տան, որ աստիճաններուն եւ ա՛յլ բաներու վրայ ապահովութեամբ քալէ։
◼ Լսողութեան տկարութիւն։ Լսարանին մէջ յայտագիրը պիտի ձայնասփռուի FM–ի մէկ ալիքին վրայ։ Յայտագիրը լսելու համար, ձեզի հետ պէտք է բերէք մարտկոցներով աշխատող պզտիկ FM ձայնասփիւռ մը եւ ընկալուչներ։
◼ Մանկասայլակներ ու ծալաթոռներ։ Համաժողովի վայրերուն մէջ մանուկներու կառքեր ու ծալելիք աթոռներ պէտք չէ բերուին։ Սակայն ընդունելի են մանուկներու յատուկ այն աթոռները, որոնք կրնան ծնողքին քովի աթոռին վրայ ամրացուիլ։
◼ Օծանելիքներ։ Համաժողովներուն մեծամասնութիւնը տեղի կ’ունենայ գոց վայրերու մէջ, ուր մեքենական օդափոխութիւն կը գործածուի։ Հետեւաբար բարութիւն դրսեւորած կ’ըլլանք, եթէ սահմանափակենք զօրաւոր օծանելիքներու գործածութիւնը, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ շնչառական կամ յարակից խնդիրներէ տառապող անհատներու վրայ (Ա. Կոր. 10։24)։
◼ Հաճեցէք այցելել պատճէնները (S-43)։ Հաճեցէք այցելել պատճէն մը պէտք է գործածուի տեղեկութիւն հայթայթելու ոեւէ անհատի մասին, որ համաժողովի օրերուն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ՝ անպաշտօն վկայութեան շնորհիւ։ Պատճէնները լեցնելէ ետք, կրնաք զանոնք յանձնել Հրատարակութիւններու բաժանմունքին կամ ժողովքի քարտուղարին՝ երբ վերադառնաք։
◼ Ճաշարաններ։ Ճաշարաններուն մէջ ձեր ընտիր վարքով Եհովայի անունը պատուեցէք։ Քրիստոնէավայել կերպով հագուեցէք։ Եթէ սովորութիւն է՝ ձեռաձիր մը ձգեցէք։
◼ Պանդոկներ։
1) Հարկ եղածէն աւելի սենեակներ մի՛ վերապահէք, եւ ձեր սենեակին մէջ արտօնուած թիւէն աւելի անհատներ մի՛ ունենաք։
2) Միայն ստիպողական պարագայի մը համար ձեր վերապահումը ջնջեցէք, եւ անմիջապէս պանդոկին տեղեկացուցէք ասիկա, որպէսզի բնակարան փնտռող ուրիշ անհատներ կարենան սենեակը գործածել (Մատ. 5։37)։ Եթէ վերապահում մը չեղեալ պիտի սեպէք, ջնջումի թիւը ձեռք ձգեցէք։ Սենեակ մը կրնաք ջնջել առաւելագոյնը 48 ժամ առաջ, ապա թէ ոչ ձեր կանխավճարը ձեզի չի վերադարձուիր։
3) Հաճեցէք ի մտի ունենալ, որ եթէ պանդոկին մէջ գրանցուելու ատեն ձեր վրայ պարտք արձանագրուի կամ վարկաքարտ գործածէք, սովորութիւն է որ պանդոկը ձեր հաշիւէն գումար մը սառեցնէ, որպէսզի ձեր սենեակի ընդհանուր սակը ե՛ւ ձեր կեցութեան ընթացքին պատահելիք վնասներու կամ արկածներու ծախսերը գոցէ։ Այդ գումարը պիտի չկարենաք գործածել, մինչեւ որ ձեր հաշիւը փակուի՝ ձեր մեկնելէն քանի մը օր ետք։
4) Ապրանք տեղափոխելու կառքը առէք միայն՝ երբ պատրաստ էք զայն գործածելու, եւ անմիջապէս վերադարձուցէք, որպէսզի ուրիշներ ալ զայն գործածեն։
5) Եթէ ձեր շրջանին մէջ սովորութիւն է, ձեռաձիր ձգեցէք թէ՛ ձեր պայուսակները կրող պանդոկի գործաւորներուն եւ թէ ձեր սենեակին հոգ տանողին։
6) Մի՛ եփէք այն սենեակներուն մէջ, ուր եփելը արգիլուած է։
7) Մի՛ շահագործէք պանդոկին անվճար նախաճաշը, սուրճը կամ սառը, որոնք բոլոր իջեւանողներուն համար են։
8) Պանդոկի անձնակազմին հանդէպ ամէն ատեն հոգիին պտուղին երեսակները ցուցաբերեցէք։ Անոնք բազմաթիւ հիւրերու հոգ կը տանին եւ կը գնահատեն մեր ազնուութիւնը, համբերութիւնն ու խոհեմութիւնը։
9) Ծնողներ ամէն ատեն պէտք է իրենց զաւակներուն վրայ հսկեն պանդոկին մէջ, ներառեալ՝ վերելակներուն, լողաւազանին, նախասրահին եւ մարմնամարզանքի սրահին մէջ եւ այլուր։
10) Յանձնարարուած իջեւանի ցանկ–ին վրայ նշուած սենեակին սակը՝ մէկ օրուան լման գինն է, բացի տուրքէն։ Եթէ ձեզմէ յաւելեալ գումար պահանջուի, մերժեցէք վճարել եւ անմիջապէս համաժողովի Իջեւանի բաժանմունքին տեղեկացուցէք։
11) Եթէ ձեր պանդոկի սենեակին վերաբերեալ խնդիր մը ծագի, Իջեւանի բաժանմունքին տեղեկացուցէք մինչ համաժողովի վայրն էք, որպէսզի կարենայ ձեզի օգնել։
◼ Կամաւոր սպասարկութիւն։ Ոեւէ անհատ, որ կը փափաքի կամաւոր ըլլալ, համաժողովին մէջ պէտք է տեղեկացնէ Կամաւոր սպասարկութեան բաժանմունքին։ Այն երեխաները, որոնք 16 տարեկանէն վար են, կրնան բաժին բերել, գործելով ծնողի կամ խնամակալի եւ կամ անոնցմէ մէկուն հաւանութիւնը ունեցող չափահասի մը ուղղութեան ներքեւ։