Եհովայի սպասէ՛
1. Նահանգային համաժողովի բնաբանը ի՞նչ է, եւ անիկա ինչո՞ւ ժամանակայարմար է։
1 Եսայի գրեց. «Տէրը արդար [«դատաստանի», ՆԱ] Աստուած մըն է։ Երանի՜ այն ամենուն, որ անոր կը սպասեն»։ (Եսայ. 30։18բ) Աստուածաշունչի շատ մը հատուածներ կը պատմեն թէ ի՛նչպէս Աստուած իր թշնամիներուն վրայ դատաստան գործադրեց ու իր հաւատարիմ ծառաները փրկեց։ Այս արձանագրութիւնները ներկայիս Եհովայի երկրպագուներուն ի՞նչ դասեր կը սորվեցնեն։ Հիմա ի՞նչ կրնանք ընել առ ի պատրաստութիւն «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օր»ուան։ (Յովել. 2։31, 32) «Ազատումը մօտ է» բնաբանով նահանգային համաժողովը մեզ պիտի մղէ որ այդ հարցումներուն մասին խորհրդածենք ու ինքնաքննութիւն մը կատարենք։ Անիկա մեզի պիտի օգնէ Եհովայի սպասելու։
2. Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ մեր նահանգային համաժողովը կը գնահատենք։
2 Համաժողովի երեք օրերէն օգտուելու համար կարգադրութիւններ ըրա՞ծ ես։ Օրինակ, գործատիրոջմէդ արձակուրդ խնդրա՞ծ ես, համաժողովին ներկայ գտնուելու համար։ Այս հարցը դիպուածի մի՛ ձգեր։ Անոր մասին աղօթէ, ապա խնդրանքդ ներկայացուր։ (Նէեմ. 2։4, 5) Նոյնպէս, փոխադրութեան, իջեւանի եւ այլ անհրաժեշտ հարցերու կարգադրութիւնները մի՛ ձգձգեր։ Կանխաւ ծրագրելը՝ Եհովայի հոգեւոր սեղանին հանդէպ մեր խոր գնահատութիւնը կ’արտացոլացնէ։ Երէցները գերուշադիր ըլլալու են, որ օգնեն համաժողովի կարգադրութիւններուն նկատմամբ օժանդակութեան կարիք ունեցողներուն, մանաւանդ ժողովքի տարեցներուն։—Գաղ. 6։10
3. Համաժողովի քաղաքին մէջ, Եհովայի ծառաները ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է ցուցաբերեն։
3 Լաւ վարքը Աստուած կը պատուէ. Երբ մեծ թիւով կը համախմբուինք, մեր լաւ վարքը վկայութիւն մը կու տայ հաւաքականութեան։ Ասիկա մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։ Համաժողովի շրջանին մէջ, երբ պանդոկներու, ճաշարաններու եւ այլ առեւտրական կեդրոններու մէջ կը գտնուինք, մեր քրիստոնէական յատկութիւնները, ինչպէս՝ երկայնամտութիւնը, հեզութիւնը, ժուժկալութիւնը եւ բանաւորութիւնը, մեզի հետ շփման մէջ եկողները պէտք է թարմացնեն։ (Գաղ. 5։22, 23. Փիլ. 4։5) Բոլորս ցուցաբերելու ենք այն սէրը որ «անվայել վարմունք չ’ունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր»։ Նոյնիսկ եթէ դժուարութիւններ կամ անյարմարութիւններ ծագին, պիտի ուզենք ‘ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ընել’։—Ա. Կորն. 10։31. 13։5
4. Ծնողները ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ իրենց վարքով Եհովայի փառք բերեն։
4 Համաժողովէ մը ետք, պանդոկի մը տնօրէնը պատանիներուն վարքով ու երեւոյթով ա՛յնքան տպաւորուած էր, որ փափաք յայտնեց որ «Եհովայի Վկաները մի՛շտ իր պանդոկը իջեւանեն»։ Ասիկա որքա՜ն մեզ կ’ուրախացնէ։ Ասոր վարկը կ’երթայ ծնողներուն, որոնք կը մարզեն ու կը վերահսկեն։ Խոհեմութիւն չէ որ ծնողներ թոյլ տան իրենց զաւակներուն որ առանց հսկողութեան պանդոկի սենեակին մէջ մնան։ Երախաներուն վրայ միշտ պէտք է վերահսկել։ (Առ. 29։15) Թող անոնց լաւ վարքը Եհովայի փառք բերէ ու իր սիրտը ուրախացնէ։—Առ. 27։11
5. Ի՞նչպէս կրնանք մեր հագուելակերպով ու յարդարանքով Եհովան պատուել։
5 Համեստ հագուստ ու յարդարանք. Իւրաքանչիւրս կրնանք համաժողովին ձգած ընդհանուր տպաւորութեան նպաստել, հեռու կենալով հագուստի եւ յարդարանքի այն ոճերէն, որոնք չափազանց նորոյթէն, ծայրայեղ, անհամեստ կամ բոլորովին անպաշտօնական են։ Ասիկա կը կիրարկուի մինչ կը ճամբորդենք, համաժողովի վայրը կը պատրաստենք եւ նիստերուն ներկայ գտնուինք։ Աստուծոյ ծառաները ըլլալով, մեր առաջին հետաքրքրութիւնն է՝ Եհովայի անունն ու համբաւը, եւ ո՛չ թէ՝ մեր նախընտրութիւնները կամ հանգիստը։ Ընտանիքի գլուխը պատասխանատուութիւն ունի վստահ ըլլալու թէ ընտանիքի անդամներուն դրսերեւոյթը միշտ համեստութիւն ու ողջամտութիւն կ’արտացոլացնէ։—Ա. Տիմ. 2։9
6. Ինչո՞ւ կարեւոր է նոյն յարգարժան երեւոյթը ունենալ, երբ հանգիստի ժամանակ կ’անցընենք։
6 Նմանապէս կարեւոր է յարգարժան երեւոյթ ունենալ, երբ հանգիստի ժամանակ կ’անցընենք պանդոկներու, շուկաներու եւ ճաշարաններու մէջ։ Եթէ նիստերէն ետք որոշ տեղ մը պիտի ճաշենք, պատշաճ է որ նոյն հագուստով մնանք։ Համաժողովի լանջանշանը կրելը, անպաշտօն կերպով վկայելու պատեհութիւններ կը ստեղծէ։—Բ. Կորն. 6։3, 4
7. Ի՞նչպէս կրնանք համաժողովի կարգապահութեան եւ ուրախութեան նպաստել։ (Տես՝ «Նահանգային համաժողովի յիշեցումներ»։)
7 Եսայի նախագուշակեց. «Տէրը պիտի սպասէ, որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէ ու պիտի բարձրանայ, որպէս զի ձեզի ողորմի»։ (Եսայ. 30։18ա) Եհովայի ողորմութիւնն ու շնորհքը գնահատելը մեզ պէտք է մղէ որ համաժողովին առիթով զինք պատուենք մեր վարքով ու դրսերեւոյթով։ Թող «Ազատումը մօտ է» բնաբանով նահանգային համաժողովը մեր Աստուածը փառաւորէ եւ մեզի օգնէ իրեն սպասելու։
[Շրջանակ՝ էջ 5]
Նահանգային համաժողովի յիշեցումներ
◼ Յայտագրին ժամերը. Յայտագիրը երեք օրերուն ալ պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9։30–ին։ Դռները պիտի բացուին առաւօտեան ժամը 8։00–ին։ Նիստի բացումէն քանի մը վայրկեան առաջ, ատենապետը բեմին վրայ նստած պիտի ըլլայ, մինչ Թագաւորութեան երաժշտութիւն կը նուագուի։ Այդ միջոցին, բոլորս մեր տեղերը պէտք է նստինք, որպէսզի յայտագիրը յարգալից կերպով սկսի։ Ուրբաթ յայտագիրը պիտի աւարտի կէսօրէ ետք ժամը 5։15–ին, Շաբաթ՝ 5։05–ին, իսկ Կիրակի՝ 4։10–ին։
◼ Կառավայր. Այն համաժողովը, ուր կառավայրի վրայ վերահսկելը մեզի վստահուած է, ինքնաշարժ շարելու տեղեր անվճար մատչելի պիտի ըլլան առաջին հասնողներուն, իրենց ինքնութիւնը բնորոշելով համաժողովի լանջանշանով։ Միայն ան որ իր ինքնաշարժին վրայ օրինաւոր արտօնագիր կը կրէ թէ ֆիզիքապէս անկարող է, պիտի կարենայ զայն շարել հո՛ն ուր անկարողներուն վերապահուած է։ Որովհետեւ սովորաբար տեղերը սահմանափակ են, ինքնաշարժները կարելի եղածին չափ լեցուն թող ըլլան, փոխանակ իւրաքանչիւր ինքնաշարժի մէջ մէկ կամ երկու հոգի ըլլալու։
◼ Նստարաններ ապահովել. Կարելի է աթոռներ ապահովել միմիայն ձեզի հետ ինքնաշարժով ճամբորդողներուն կամ ձեզի հետ նոյն տան մէջ ապրողներուն։
◼ Կէսօրուան ճաշ. Հաճեցէք ձեր ճաշը բերել, փոխանակ կէսօրուան դադարին համաժողովի վայրը ձգելու՝ այլուր ճաշելու համար։ Կրնաք պզտիկ պաղարան մը գործածել, որ կրնայ ձեր աթոռին տակ դրուիլ։ Մեծ պաղարաններ, ապակեայ պահեստամաններ եւ ոգելից ըմպելիներ, համաժողովի շէնքերէն ներս արտօնուած չեն։
◼ Նուիրատուութիւն. Նահանգային համաժողով մը կազմակերպելը բաւական ծախսի կը նայի։ Կրնանք մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ՝ համաշխարհային գործին ի նպաստ նուիրատուութիւններ ընելով, մեր Թագաւորութեան Սրահին կամ համաժողովի վայրին մէջ։ Համաժողովի վայրին մէջ վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները, «Դիտարան»ին անունով պէտք է ըլլան։
◼ Արկածներ եւ շտապ օգնութիւն. Շտապ օգնութեան կեդրոնները գանգատած են թէ ոմանք աննշան հարցերու համար բջիջային հեռախօսով կը հեռաձայնեն։ Եթէ համաժողովի վայրին մէջ շտապ օգնութեան պարագայ մը ծագի, հաճեցէք ամենամօտ հիւրընկալին հետ խօսիլ, որ իր կարգին անմիջապէս Նախնական Դարմանումի Բաժանմունքին պիտի իմացնէ, որպէսզի որակեալ անհատներ պարագային լրջութիւնը արժեւորեն ու հարկ եղած օգնութիւնը մատակարարեն։ Եթէ անհրաժեշտ է, անոնք 911 թիւին կը հեռաձայնեն։
◼ Լսողութեան տկարութիւն. Լսարանին մէջ յայտագիրը պիտի ձայնասփռուի FM–ի մէկ ալիքին վրայ։ Առաջին նիստին սկիզբը ասոր մասին ծանուցում մը պիտի ըլլայ։ Այս կարգադրութենէն օգտուելու համար, ձեզի հետ պէտք է բերէք պզտիկ FM ռատիօ մը եւ ընկալուչներ։
◼ Ձայնագրութիւն. Ձայնագրութեան մեքենաները լսարանին ելեկտրական կամ ձայնային սարքերուն պէտք չէ կապուին, եւ կարելի է զանոնք գործածել միայն եթէ ուրիշները չեն խանգարեր։
◼ Նկարել. Եթէ նիստերու ընթացքին պիտի նկարէք, բռնկալապտեր (ֆլէշ) մի՛ գործածէք։
◼ Փէյճըր եւ բջիջային հեռախօս. Անձայն վիճակի մէջ պէտք է ըլլան, շուրջինները չխանգարելու համար։
◼ Անուշահոտութիւն. Ներկայիս շատ մը համաժողովներ տեղի կ’ունենան գոց վայրերու մէջ, ուր մեքենական օդափոխութիւն կը գործածուի։ Հետեւաբար ազնուութիւն է սահմանափակել զօրաւոր անուշահոտերու գործածութիւնը, որոնք կրնան ժխտական ազդեցութիւն ունենալ շնչառական կամ յարակից խնդիրներէ տառապող անհատներու վրայ։—Ա. Կորն. 10։24
◼ Հաճեցէք հետապնդել պատճենները. Հաճեցէք հետապնդել (S-43) պատճենը պէտք է գործածուի տեղեկութիւն հայթայթելու ոեւէ անհատի մասին, որ համաժողովի ընթացքին հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ՝ անպաշտօն վկայութեան շնորհիւ։ Հրատարակիչները իրենց հետ մէկ կամ երկու պատճեն պէտք է բերեն։ Պատճենները նաեւ մատչելի պիտի ըլլան Հրատարակութիւններու Բաժանմունքին մէջ։ Պատճենները լեցնելէ ետք, կրնաք զանոնք յանձնել Հրատարակութիւններու Բաժանմունքին, կամ՝ ժողովքի քարտուղարին, երբ վերադառնաք։—Տես Փետրուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 6։
◼ Ճաշարաններ. Բազմաթիւ տեղեր սովորութիւն է 15-20 առ հարիւր ձեռաձիր ձգել, սպասարկութեան որակին համաձայն։
◼ Պանդոկներ. (1) Հարկ եղածէն աւելի սենեակներ մի՛ վերապահէք, եւ ձեր սենեակը արտօնուած թիւէն աւելի անհատներ մի՛ ունենաք։ (2) Եթէ ձեր վերապահումը պիտի ջնջէք, անմիջապէս պանդոկը տեղեակ պահեցէք։ (3) Պայուսակներ փոխադրելու կառքը առէք, միայն երբ զայն պիտի գործածէք։ (4) Եփել արգիլուած սենեակներուն մէջ մի՛ եփէք։ (5) Ամէն օր ձեռաձիր ձգեցէք սենեակին հոգ տանողին։ (6) Քրիստոնեաներ ըլլալով, անվճար նախաճաշը, սուրճը կամ սառը վստահաբար պիտի չշահագործենք. անոնք իջեւանողներուն համար են, մինչ պանդոկին մէջ են։ (7) Պանդոկի անձնակազմին հանդէպ հոգիին պտուղը ցուցաբերեցէք, մանաւանդ շատ խճողուած ժամանակներուն, ինչպէս՝ ձեր սենեակը ստանալու կամ յանձնելու ատեն։