Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/05 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 6/05 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Յունիսին. Մեծ Ուսուցիչէն սորվիր։ Եթէ անհատը ըսէ թէ զաւակներ չունի, ներկայացուցէք Ընտանիք գիրքը կամ Գիտութիւն գիրքը, ջանալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեցէք։ Եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատուի, սերտեցէք Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը պահանջէ գրքոյկը, Աստուած պաշտեցէք գիրքէն առաջ։ Սեպտեմբերին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Մասնաճիւղէն յաւելեալ քանակ պահանջելէ առաջ, ժողովքը պէտք է գործածէ ինչ որ շրջանին մէջ մատչելի է, հարցնելով մօտակայ ժողովքներուն թէ յաւելեալ քանակ ունի՞ն կամ ոչ։

◼ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գիրքը պէտք է դրուի Թագաւորութեան Սրահի գրադարանին մէջ։ Փետրուար 2003–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 5, եւ Ապրիլ 1997–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփը, Թագաւորութեան Սրահի գրադարանին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը հայթայթեն։

◼ Քարտուղարը հոգ պէտք է տանի որ Շրջանային Շինարարութեան Յանձնախումբը տեղեակ ըլլայ, Թագաւորութեան Սրահի կամաւորներու հարցարան–ի (S-82) պատճեններ ներկայացուցած բոլոր մկրտուած հրատարակիչներուն ընթացիկ կեցուածքէն։ Երբ կամաւորի մը վիճակը փոփոխութեան ենթարկուի, ինչպէս՝ փոխադրուի կամ նշանակուի օգնական ծառայ կամ երէց, շուտով նոր պատճեն մը պէտք է լեցուի եւ ուղարկուի։ Եթէ կամաւորի մը հասցէն կամ հեռախօսի թիւը փոխուի, կամ եթէ այլեւս ժողովքին մէջ օրինակելի չըլլայ, երէցները անմիջապէս նամակով մը Շրջանային Շինարարութեան Յանձնախումբը տեղեակ պէտք է պահեն։ Շրջանային տեսուչը իր այցելութեան ընթացքին աչքէ պիտի անցընէ ժողովքի ծրարին մէջ գտնուող ամբողջացած S-82 պատճենները։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել