Գրքոյկներ՝ Քրիստոնեայ չեղող անհատներու համար
«Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»
Տարեց Պուտտայականի մը կրնաս ըսել.
«Թերեւս ինծի պէս մտահոգ ես, քանի որ նուաստացած գաղափարներու հոսանքը զօրաւոր է եւ մեր զաւակներուն կ’ազդէ։ Պատանիներու մէջ ինչո՞ւ անբարոյութիւնը այսքան տարածուած է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Գիտէի՞ր թէ ասիկա նախագուշակուած էր գիրքի մը մէջ, որ սկսած գրուիլ Իսլամութիւնը, Քրիստոնէութիւնը եւ Պրահմանականութիւնը գոյութիւն ունենալէ շատ առաջ։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։1-3–ը։] Նկատէ թէ այս վիճակները կը տիրեն, հակառակ դաստիարակութեան։ [Կարդա՛ 7–րդ համարը։] Այս գրականութիւնը ինծի օգնեց հասկնալու այն ճշմարտութիւնը, որ մարդոց մեծամասնութիւնը բնաւ չէ սորված։ Կը փափաքի՞ս զայն կարդալ»։—թծ 8/99 էջ 8։
Աստուծոյ ուղղութիւնը՝ դրախտ տանող ճամբան
Երբ Իսլամի մը կը խօսիս, կրնաս ըսել.
«Մասնաւոր ջանք կը թափեմ Իսլամներու հետ խօսելու համար։ Հասկցած եմ թէ Իսլամները մէկ ճշմարիտ Աստուծոյ եւ բոլոր մարգարէներուն կը հաւատան։ Ճի՞շդ է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Կը փափաքիմ խօսակցիլ հին մարգարէութեան մը մասին, որ կը նշէ թէ երկիրը դրախտի պիտի վերածուի։ Կ’ուզե՞ս մարգարէին գրած խօսքերը քեզի կարդամ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Եսայեայ 11։6-9–ն։] Այս մարգարէութիւնը ինծի կը յիշեցնէ Գուրանէն մէջբերում մը, որ այս գրքոյկին մէջ կը գտնուի»։ Բաց 9–րդ էջը եւ կարդա՛ սեւատիպ մէջբերումը։ Եթէ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, խօսակցութիւնը շարունակէ, նկատի առնելով էջ 8–ի 7-9–րդ պարբերութիւնները։—թծ 11/99 էջ 8։
Ինչո՞ւ պէտք է սիրով ու ճշմարտութեամբ Աստուած պաշտենք
Եթէ հանդիպիս Պրահմանականի մը որ ընտանիքի տէր է, կրնաս ըսել.
«Կ’այցելեմ անհատներու որոնք ընտանեկան կեանքի վիճակով հետաքրքրուած են։ Քու կարծիքովդ, ի՞նչ բան կ’օգնէ որ ընտանեկան կապերը զօրաւոր ըլլան։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ոմանք գիտեն թէ պրահմանական գրութիւնները ի՛նչ կ’ըսեն ընտանիքին մասին, բայց երբեք առիթ չեն ունեցած զայն բաղդատելու Աստուածաշունչի ըսածին հետ։ Կը փափաքիմ քեզի հետ այս գաղափարը բաժնել։ [Կարդա՛ Կողոսացիս 3։12-14–ը։] Այս գրքոյկը կը քննէ Հնդկաստանի սուրբ գրութիւնները եւ Աստուածաշունչը»։ Գրքոյկը ներկայացուր, ապա ուշադրութեան յանձնէ էջ 8-9 եւ 20-21–ը։—թծ 9/99 էջ 8։
Ի՛նչպէս գտնել մնայուն խաղաղութիւն ու երջանկութիւն
Չինացի ուսանողի մը վկայելու ատեն, կրնաս ըսել.
«Աշակերտներուն մէջ հասարակաց հետաքրքրութիւն մը գտած եմ,– բոլորն ալ խաղաղութիւն ու երջանկութիւն կ’ուզեն։ Կը խորհի՞ս թէ ասիկա կարեւոր բան մըն է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս վաղեմի խօսքերուն կատարումը տեսնելը սքանչելի բան մը պիտի չըլլա՞յ»։ Կարդա՛ Սաղմոս 37։11–ը, ապա գրքոյկը ներկայացուր։—թծ 2/98 էջ 5։
Ո՞վ պիտի օգնէ մեզի որ մեր խնդիրները լուծենք
Պատանի Պրահմանականի մը կրնաս ըսել.
«Անկասկած Աստուծոյ կը հաւատաս։ Քու կարծիքովդ, Աստուած ի՞նչ նպատակ ունի մեզի համար։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Ծննդոց 1։28–ը։] Երկրին շատ մը շրջաններուն մէջ գերբնակչութիւն եւ այլ խնդիրներ կան։ Կը խորհի՞ս որ Ստեղծիչը կը փափաքի մեզի օգնել որ մեր խնդիրները լուծենք»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա գրքոյկը ներկայացուր։—թծ 9/99 էջ 8։
Պատերազմէ զերծ աշխարհ մը պիտի ըլլա՞յ
Հրեայի մը վկայելու համար, կրնաս ըսել.
«Շատերս սիրելի մը կորսնցնելու վիշտը ունեցած ենք։ Քու կարծիքովդ, ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա ուշադրութեան յանձնէ «Մահը եւ հոգին՝ ի՞նչ են» խորագրով շրջանակը, գրքոյկին 22–րդ էջին մէջ։ Կարդա՛ էջ 23–ի 17–րդ պարբերութիւնը, որ յարութեան մասին կը խօսի։ Նշէ թէ Յոբ նահապետ յարութեան յոյսը կը սնուցանէր։ Գրքոյկը ներկայացուր, եւ կարգադրէ վերադառնալ՝ 17–րդ պարբերութեան վերջաւորութեան նշուած համարները նկատի առնելու համար։—թծ 10/99 էջ 8։