Թելադրութիւններ՝ ներկայացնելու համար
Ի՞նչ է կեանքին նպատակը. ինչպէ՞ս կրնաք գտնել զայն
Տանտէրը բարեւելէ ետք, կրնաս ըսել.
«Ներկայիս կեանքը խնդիրներով ու յուսախաբութիւններով լեցուն է։ Կը խորհի՞ս թէ կեանքը ծրագրուած էր որ այսպէս ըլլար։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս գրքոյկը ցոյց կու տայ թէ մարդկութեան ու երկրի նկատմամբ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը տակաւին պիտի կատարուի։ [Նկատի առ 20-21–րդ էջի պատկերը։ Ապա կարդա՛ 9–րդ պարբերութիւնը, ցցուն ընելով Եսայեայ 14։24 եւ 46։11–ը։] Յաջորդ այցելութեան, կը փափաքիմ ցոյց տալ թէ Աստուածաշունչը ո՛ւր կ’ըսէ որ Աստուած երկրի վրայ դրախտը պիտի վերահաստատէ»։ Գրքոյկը ներկայացուր եւ կարգադրէ վերայցելել։
Երբ վերադառնաս, կրնաս ըսել.
«Անցեալ անգամ ըսի թէ Աստուծոյ նպատակն է որ մարդիկ երկրային դրախտի մէջ յաւիտեան ապրին։ [Դարձեալ ցոյց տուր էջ 20-21–ի պատկերը։] Նկատէ թէ Յիսուս, Պետրոս եւ Դաւիթ խօսեցան դրախտին մասին»։ Իրմէ խնդրէ որ գրքոյկը բերէ, ապա բաց էջ 21-22, եւ նկատի առ 10-13–րդ պարբերութիւնները։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկէ, կամ՝ կարգադրէ նկատի առնել էջ 29-30–ի վրայ գտնուող ենթագլուխ մը, յաջորդ այցելութեան։
―――◆―――
Դեռատի հրատարակիչ մը կրնայ ըսել.
«Տարեկիցներէս շատեր մտահոգութիւն կը յայտնեն ապագայի նկատմամբ։ Կը խորհի՞ս թէ յաջորդ սերունդին համար կեանքը աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ ամբողջ մարդկութեան պայծառ ապագայ մը կը սպասէ։ [Ցոյց տուր գրքոյկին էջ 31–ի պատկերը, եւ կարդա՛ անոր խորագիրը։ Ապա կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։13–ը։] Այս գրքոյկը կը խօսի այն օրհնութիւններուն մասին, որ Աստուած մարդկութեան համար վերապահած է։ [Ուշադրութեան յանձնէ էջ 29-30–ի սեւատիպ ենթագլուխները, ապա գրքոյկը ներկայացուր։] Կը փափաքիմ կրկին այցելել եւ խօսիլ բոլոր պատերազմներուն վերջ դնելու Աստուծոյ խոստումին մասին»։ Կարգադրէ վերայցելել։
Երբ վերադառնաս, կրնաս ըսել.
«Անցեալ այցելութեան, համառօտաբար խօսեցայ երկրային դրախտ մը վերահաստատելու Աստուծոյ նպատակին մասին։ [Դարձեալ ցոյց տուր էջ 31–ի պատկերը։] Կը փափաքիմ գիտնալ թէ ի՛նչպէս կը նկատես բոլոր պատերազմներուն վերջ դնելու Աստուծոյ խոստումը»։ Իրմէ խնդրէ որ գրքոյկը բերէ, ապա կարդա՛ ու քննարկէ էջ 29–ի 3-6–րդ պարբերութիւնները։ Կարգադրէ նկատի առնել 7-8–րդ պարբերութիւնները յաջորդ այցելութեան։
―――◆―――
Երբ երախայի մը հետ կը ծառայէ, չափահասը կրնայ ըսել.
«Եթէ թոյլ տաս, ________ կ’ուզէ քեզի պատկեր մը ցոյց տալ եւ Աստուածաշունչէն համար մը կարդալ։ [Երախան էջ 31–ի պատկերը ցոյց կու տայ եւ խորագիրը կը կարդայ, ապա կը կարդայ Յայտնութիւն 21։4–ը։] Այս գրքոյկը կը բացատրէ թէ Աստուած մեր դիմագրաւած խնդիրներուն նկատմամբ ի՛նչ պիտի ընէ։ [Համառօտակի ցցուն ըրէ էջ 29-30–ի սեւատիպ ենթագլուխները, ապա գրքոյկը ներկայացուր։] Երբ վերադառնանք, կ’ուզեմ ցոյց տալ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ բոլոր հիւանդութիւններուն վերջ դնելու մասին»։
Վերայցելութեան ատեն չափահասը կրնայ ըսել.
«Մեր անցեալ խօսակցութեան ընթացքին ըսի որ կը փափաքիմ ցոյց տալ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ բոլոր հիւանդութիւններուն վերջ դնելու մասին։ Նկատէ թէ հոս ի՛նչ ըսուած է»։ Իրմէ խնդրէ որ գրքոյկը բերէ, ապա նկատի առ էջ 29–ի 9-14–րդ պարբերութիւնները։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկէ, կամ՝ կարգադրէ նկատի առնել 15-17–րդ պարբերութիւնները յաջորդ այցելութեան։