Թելադրութիւններ՝ ներկայացնելու համար
Աստուած իրապէս հոգ կը տանի՞ մեզի
Ողբերգական լուր մը նշելէ ետք, կրնաս ըսել.
«Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ Աստուած ինչո՛ւ թոյլ կու տայ որ մարդիկ տառապին եթէ իրապէս հոգ կը տանի մեզի։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս գրքոյկը հարցումին գոհացուցիչ պատասխան կու տայ եւ կը յայտնէ թէ Աստուած մօտ ապագային ի՛նչ պիտի ընէ։ [Էջ 27–ի պատկերները ցոյց տուր, եւ կարդա՛ Սաղմոս 145։16, որ նշուած է 22–րդ պարբերութեան մէջ։] Աստուած ի՞նչպէս մարդկութեան բոլոր տառապանքները պիտի վերցնէ։ Կը փափաքիմ այս հարցումին մասին խօսիլ յաջորդ այցելութեան»։ Գրքոյկը ներկայացուր եւ վերայցելութեան համար կարգադրութիւն ըրէ։
Վերայցելութեան կրնաս ըսել.
«Անցեալ այցելութեան սա համարը կարդացինք։ [Կարդա՛ կամ մէջբերէ Սաղմոս 145։16–ը։] Յետոյ հարցուցի. Աստուած ի՞նչպէս մարդկութեան բոլոր տառապանքները պիտի վերցնէ»։ Իրմէ խնդրէ որ գրքոյկը բերէ։ Ապա բաց էջ 27-28, եւ նկատի առ 23-25–րդ պարբերութիւնները։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկէ, կամ կարգադրէ որ յաջորդ այցելութեան 26-27–րդ պարբերութիւնները նկատի առնես։
―――◆―――
Դեռատի հրատարակիչ մը կրնայ ըսել.
«Տարեկիցներէս շատեր մտահոգութիւն կը յայտնեն թէ 10 կամ 15 տարի ետք աշխարհ ի՛նչ վիճակի մէջ պիտի ըլլայ։ Քու կարծիքովդ, կեանքը այն ատեն ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ներկայիս մեր տեսած խնդիրները ցոյց կու տան թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։1-3–ը։] Այս գրքոյկը հետեւեալ հարցումներուն կը պատասխանէ։ [Կողքին վրայ գտնուող հարցումները կարդա՝ եւ գրքոյկը ներկայացուր։] Երբ վերադառնամ, եթէ մի քանի վայրկեան ունենաս, կը փափաքիմ նշել քաջալերական կէտ մը հիւանդութեան ու ծերութեան վախճանին մասին»։ Կարգադրէ վերադառնալ։
Երբ վերադառնաս, կրնաս ըսել.
«Անցեալ անգամ ըսի թէ պիտի խօսիմ հիւանդութեան ու ծերութեան վախճանին մասին։ Այդ կէտը հոս նշուած է»։ Իրմէ խնդրէ որ գրքոյկը բերէ, ապա կարդա՛ եւ քննարկէ 23-24–րդ էջի 6-7–րդ պարբերութիւնները։ Կարգադրէ նկատի առնել 8-9–րդ պարբերութիւնները յաջորդ այցելութեան։
―――◆―――
Երբ երախայի մը հետ կը ծառայէ, չափահասը կրնայ ըսել.
«Եթէ արտօնես, ________ կ’ուզէ համար մը քեզի կարդալ։ [Երախան կը կարդայ Սաղմոս 37։29–ն եւ համառօտաբար կը մեկնաբանէ։] Այս գրքոյկը կը քննարկէ թէ Աստուած ի՛նչպէս մարդկութեան ու երկրին նկատմամբ իր նպատակը պիտի իրագործէ։ [Ցոյց տուր էջ 24-27–ի վրայ գտնուող պատկերները։] Երբ վերադառնանք, կը փափաքիմ խօսիլ Աստուածաշունչի սքանչելի խոստումին մասին թէ յարութիւն տեղի պիտի ունենայ»։ Գրքոյկը ներկայացուցէք ու կարգադրեցէք վերայցելել։
Վերայցելութեան ատեն չափահասը կրնայ ըսել.
«Անցեալ այցելութեան, կարդացինք Սաղմոս 37։29–ն եւ ըսի որ ցոյց պիտի տամ թէ Աստուածաշունչը յարութեան մը մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ Նկատէ թէ հոս ի՛նչ ըսուած է»։ Իրմէ խնդրէ որ գրքոյկը բերէ, ապա նկատի առ էջ 24-25–ի 12-14–րդ պարբերութիւնները։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկէ, կամ՝ կարգադրէ նկատի առնել 15-16–րդ պարբերութիւնները յաջորդ այցելութեան։