Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 10/99 էջ 8
  • Հրեայի մը Ի՞նչ Պիտի Ըսէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հրեայի մը Ի՞նչ Պիտի Ըսէք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Այս գրքոյկները կը գործածե՞ս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Ինչպէ՛ս գործածել՝ «Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր» գրքոյկը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Անկեղծօրէն Ուրիշներուն Հոգ Տանելով Եհովան Ընդօրինակենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿԵՆՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
թծ 10/99 էջ 8

Հրեայի մը Ի՞նչ Պիտի Ըսէք

1 Առաջին դարուն, «Իսրայէլի որդիներ»էն շատեր Յիսուսի ու անոր առաքեալներուն քարոզչութեան գնահատութեամբ ընդառաջեցին։ (Գործք 10։36) Ինչպէս այն ատեն, նոյնպէս ալ այսօր անկեղծ Հրեաներէն ոմանք ճշմարտութիւնը սրտանց կ’ընդունին, ոչ միայն Իսրայէլի մէջ, այլ նաեւ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ։ Կը փափաքի՞ք Հրեայ անհատներու վկայելու մէջ աւելի յաջողութիւն գտնել։ Հետեւեալ թելադրութիւնները պիտի օգնեն ձեզի որ փափկանկատօրէն վկայութիւն մը տաք, թէ՛ կրօնասէր եւ թէ ոչ–կրօնասէր Հրեաներու։

2 Կրօնասէր Հրեաներու Վկայել. Պէտք է գիտնանք, թէ կրօնասէր Հրեաներ յաճախ աւելի հետաքրքրուած են ռաբբիներու աւանդութիւնները պահելով, քան՝ որոշ վարդապետութիւններու սահմանումով։ Արդարեւ, ընդհանուր առմամբ անոնք աւանդութիւնը որպէս Սուրբ Գրութիւններուն հաւասար հեղինակութիւն մը կը նկատեն։ Ուստի, անոնք անպայման սուրբ գրային խորունկ նիւթեր ծեծելով հետաքրքրուած չեն։ Անոնք նաեւ Աստուածաշունչը կը նկատեն Քրիստոնեաներուն գիրքը։ Այդ պատճառով, սովորաբար աւելի լաւ է որ երբ Աստուածաշունչին ակնարկէք, գործածէք «Եբրայերէն Գրութիւնները», «Թորան» կամ «Գրութիւնները» արտայայտութիւնները։ Պատերազմէ Զերծ Աշխարհ մը Պիտի Ըլլա՞յ գրքոյկը յատկապէս Հրեաներուն համար պատրաստուած հոյակապ գրականութիւն մըն է։

3 Ո՞ր բնաբանները կրնան հետաքրքրել կրօնասէր Հրեաները։ Անոնք կը հաւատան թէ մէկ Աստուած կայ, որ մարդոցմով անկեղծօրէն հետաքրքրուած է, եւ թէ Ան մարդկային հարցերուն կը միջամտէ։ Կրնաք այս կէտերը գործածել հասարակաց գետին մը պատրաստելու համար։ Ասկէ զատ, Հրեաներուն մեծամասնութիւնը քաջածանօթ է Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին իրենց ժողովուրդին կրած տառապանքին։ Անոնք հարց կու տան թէ Աստուած ինչո՛ւ այսպիսի անիրաւութիւն թոյլատրեց եւ թէ չարութիւնը ե՛րբ վերջ պիտի գտնէ։ Այսպիսի հարցումներու պատասխանելու համար լաւ պատրաստուած ենք. կրնանք ակնարկել, զոր օրինակ, Ողջակիզութեան ընթացքին մեր եղբայրներուն քաշած տառապանքին։

4 Անշուշտ, տանտէրը չխրտչեցնելու համար, աւելի լաւ կ’ըլլայ եթէ խօսակցութեան սկիզբը Մեսիայի ինքնութեան հարցին շուրջ չխօսիք։ Փոխարէն, տանտիրոջ հետ Իսրայէլի պատմութեան մէջ Մովսէսի խաղցած դերին մասին կրնաք խօսիլ եւ անոր հարցնել թէ կը հաւատա՞յ որ Մովսէսի ուսուցումները ներկայիս գործնական են։ Երբ Մեսիայի ինքնութեան մասին խօսիլը պատշաճ թուի, կրնաք սկիզբը կարդալ Բ. Օրինաց 18։15–ը, ուր կ’ըսէ. «Քու Տէր Աստուածդ քու եղբայրներուդ մէջէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ քեզի։ Անոր մտիկ ըրէք»։ Տանտիրոջ հարց տուէք թէ Մովսէս զո՞վ ի մտի ունէր երբ իրեն պէս մարգարէի մը մասին խօսեցաւ։ Ապա Պատերազմէ Զերծ Աշխարհ մը գրքոյկէն կարգ մը կէտեր նկատի առէք, էջ 14, պարբերութիւն 17 եւ 18։

5 Ոչ–կրօնասէր Հրեաներ Հարցերը Տարբեր Ակնոցով կը Դիտեն. Բոլոր Հրեաները Հրէականութեան ուսուցումները չեն ընդունիր։ Հրեաներէն շատեր աշխարհիկ տեսակէտ մը ունին։ Անոնք աւելի հետաքրքրուած են հրէական անջատողականութիւն քաջալերելով, իր մշակոյթով, աւանդութիւններով, եւ ուսումով, քան՝ հրէական կրօնքը ի գործ դնելով։ Ոչ–կրօնասէր Հրեաներէն ոմանք երեւութապաշտ են, իսկ կան որոնք՝ նոյնիսկ անաստուած։ Սկիզբը, շատ բան չէք իրագործեր Եբրայերէն Գրութիւններէն շատ մէջբերումներ ընելով։ Աւելի օգտակար կ’ըլլայ խօսակցութիւնը սկսիլ այնպէս ինչպէս պիտի սկսէիք ոչ–կրօնասէր անհատի մը հետ։ Կրնաք բացատրել, զոր օրինակ, թէ Աստուածաշունչը մեր օրերուն համար որքա՜ն գործնական է։ Եթէ տանտէրը Աստուածաշունչին ներշնչուած ըլլալուն չի հաւատար, Պատերազմէ Զերծ Աշխարհ մը գրքոյկէն կարգ մը կէտեր օգտակար կրնան ըլլալ, յատկապէս էջ 3–ի վրայ գտնուող՝ «Աստուածաշունչը՝ Աստուծմէ՞ Ներշնչուած Է» խորագրով հատուածին մէջ։

6 Երբ Հրեայի մը կը վկայէք, կրնաք ըսել.

◼ «Շատերս սիրելի մը կորսնցնելու վիշտը ունեցած ենք։ Ձեր կարծիքով, ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ մեռնինք»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա տանտիրոջ ուշադրութեան յանձնեցէք «Մահը եւ Հոգին—Ի՞նչ Են Ասոնք» խորագրով շրջագիծը, էջ 22, Պատերազմէ Զերծ Աշխարհ մը գրքոյկին մէջ։ Շրջագիծը՝ մահուընէ ետք կեանքի մասին Աստուածաշունչի ըսածները ռաբբիներու ուսուցումներուն հետ կը բաղդատէ։ Ապա բացէք էջ 23, պարբերութիւն 17, եւ ցոյց տուէք թէ Աստուածաշունչին համաձայն, մեռելները կեանքի պիտի յարուցանուին դրախտ երկրի մը վրայ։ Գրքոյկը ներկայացուցէք։ Վերայցելութիւն մը պատրաստելու համար, կրնաք յիշել թէ Յոբ նահապետն ալ յարութեան յոյսը կը սնուցանէր։ 17–րդ պարբերութեան վերջաւորութեան յիշուած համարներուն ակնարկեցէք, նաեւ առաջարկեցէք վերադառնալ ու անոնց մասին խօսիլ։

7 Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս, Յովհաննու եւ Գործք Առաքելոց գրքերը կը բովանդակեն ճշմարտութեան մտիկ ընող ու անոր ընդառաջող Հրեաներուն փորձառութիւնները։ Եհովա տակաւին յաւիտենական կեանքի առաջնորդող դուռը բաց կը ձգէ։ Բազմաթիւ անկեղծ Հրեաներ տակաւին կրնան ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ մասին սորվիլ, որպէսզի իրենք ալ կարենան Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրիլ։—Միք. 4։1-4

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել