Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/12 էջ 1
  • Այս գրքոյկները կը գործածե՞ս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Այս գրքոյկները կը գործածե՞ս
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Գոհացուցիչ կեանք. ի՛նչպէս ձեռք ձգել
  • Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար
  • Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
  • Առաջարկուելիք նոր գրքոյկ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Ինչպէ՛ս գործածել՝ «Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր» գրքոյկը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Անկեղծօրէն Ուրիշներուն Հոգ Տանելով Եհովան Ընդօրինակենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Ձեր Ծառայութեան Մէջ Զանազան Գրքոյկներ Գործածեցէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
թծ 1/12 էջ 1

Պահէ՛

Այս գրքոյկները կը գործածե՞ս

Գոհացուցիչ կեանք. ի՛նչպէս ձեռք ձգել

Ծրագրուած է կրօնասէր չեղող, աշխարհիկ մարդոց համար

Ինչպէ՛ս ներկայացնել։ «Մենք ձեզի կ’այցելենք, քանի որ շատեր կը փափաքին կեանքի մէջ աւելի գոհունակութիւն գտնել։ Բոլո՛րս ունինք խնդիրներ, որոնք տխրութիւն կրնան պատճառել։ Երբ այսպէս ըլլայ պարագան, թերեւս խրատ փնտռենք վստահելի ազգականէ մը կամ բարեկամէ մը, կամ դիմենք գրադարանին կամ համացանցին։ Դուք ի՞նչ բան նկատած էք որ խրատի լաւ աղբիւր է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ոմանք անակնկալի եկած են, Աստուածաշունչին մէջ գործնական խրատներ գտնելով։ Ահաւասիկ օրինակ մը։ [Տանտիրոջ ցոյց տուր 2–րդ գլուխը, եւ կարդա՛ մէջբերուած համարներէն մէկը։] Այս գրքոյկը ծրագրուած է բացատրելու, թէ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի գոհացուցիչ կեանք մը ձեռք ձգել»։

Հետեւեալը կրնաս փորձել։ Եթէ տանտէրը գրքոյկը ընդունի, ըսէ. «Շատեր լսած են թէ Աստուածաշունչը անճշգրտութիւններով լեցուն է։ Երբ վերադառնամ, կը փափաքիմ ձեզի ցոյց տալ Աստուածաշունչի գիտական ճշգրտութեան օրինակ մը, որ թերեւս ձեզ հետաքրքրէ»։ Երբ վերադառնաս, նկատի առ էջ 12–ի 4–րդ պարբերութիւնը։

Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար

Ծրագրուած է ուսեալ անհատներու համար՝ որոնք Աստուածաշունչի մասին չնչին տեղեկութիւն ունին

Ինչպէ՛ս ներկայացնել։ Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17–ն, ապա ըսէ. «Ասոր հետ համամի՞տ էք, թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ ներշնչուած է, թէ ոչ կը խորհիք թէ պարզապէս լաւ գիրք մըն է։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Մարդոց մեծամասնութիւնը այս հարցումին շուրջ կարծիք մը ունի, բայց նկատած ենք, թէ քիչեր անձամբ Աստուածաշունչը քննած են։ [Կարդա՛ էջ 3–ի փորձառութիւնը։] Այս հետաքրքրական գրքոյկը բոլոր ենթահողերու եւ կրօնքներու պատկանող մարդոց լաւ պատճառներ կը նշէ, նկատի առնելու համար թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը բովանդակէ»։

Հետեւեալը կրնաս փորձել։ Եթէ տանտէրը ընդունի գրքոյկը, ըսէ. «Պատճառներէն մէկը թէ բազմաթիւ մարդիկ կը խորհին որ Աստուածաշունչը սորվեցնելիք կարեւոր բան մը չունի, այն է՝ թէ կրօնքը Աստուածաշունչն ու անոր ուսուցումները սխալ կերպով ներկայացուցած է։ Երբ վերադառնամ, կ’ուզեմ ձեզի օրինակ մը տալ»։ Երբ վերադառնաս, էջ 4-5–ի կարգ մը տեղեկութիւնները նկատի առ։

Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ

Ծրագրուած է սահմանափակ ուսում կամ կարդալու կարողութիւն ունեցողներուն համար

Ինչպէ՛ս ներկայացնել։ «Կը խորհի՞ք թէ մեզի համար կարելի է Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Յակոբոս 2։23։] Այս գրքոյկը պատրաստուած է մեզի օգնելու, որ Աբրահամին պէս Աստուծոյ բարեկամը դառնանք»։

Հետեւեալը կրնաս փորձել։ Կա՛մ առաջին հանդիպումին եւ կամ վերայցելութեան ընթացքին, ցուցադրէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը՝ միասնաբար քննարկելով ամբողջ առաջին դասը կամ անկէ մաս մը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել