Առաջարկուելիք նոր գրքոյկ
1. Նոյեմբերի ընթացքին ի՞նչ պիտի առաջարկենք, եւ այս հրատարակութեան նպատակը ի՞նչ է։
1 2009–ի «Արթո՛ւն կեցէք» բնաբանով նահանգային համաժողովին մէջ, նոր գրքոյկ մը լոյս տեսաւ, որուն խորագիրն է՝ Աստուածաշունչը ի՞նչ պատգամ կը հաղորդէ։ Նոյեմբերի ընթացքին, համայն աշխարհին մէջ ժողովքները առաջին անգամ ըլլալով զայն պիտի առաջարկեն։ Այս հրատարակութիւնը մեր թաղամասերուն մէջ գտնուող մարդոց ինչպէ՞ս պիտի օգտէ։ Շատեր, մասնաւորաբար ոչ–քրիստոնէական կրօնքներու մէջ, Աստուածաշունչին մասին չնչին տեղեկութիւն ունին։ Ուստի գրքոյկը էջ 3–ի վրայ կը բացատրէ, թէ պատրաստուած է «Աստուածաշունչի ամփոփումը» ներկայացնելու համար։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք գրքոյկը ներկայացնել։
2 Ինչպէ՛ս առաջարկել։ Կրնանք հետեւեալին նման բան մը ըսել. «Կը փափաքինք ասոր նկատմամբ կարծիքդ առնել։ [Կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16։] Շատեր՝ որոնց հետ կը խօսինք՝ այս խօսքերուն հետ կը համաձայնին. ուրիշներ կը խորհին թէ Աստուածաշունչը միայն լաւ գիրք մըն է։ Քու կարծիքդ ի՞նչ է Աստուածաշունչին մասին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Մեր կրօնական հաւատալիքները ի՛նչ ալ ըլլան, անհատապէս Աստուածաշունչը քննելու լաւ պատճառներ կան։ [Կարդա՛ էջ 3–ի բացման պարբերութիւնը։] Մինչ այս գրքոյկին մէջ Աստուածաշունչի ամփոփումը կը կարդաս, հետաքրքրաշարժ բան մը պիտի նկատես. Աստուածաշունչը ընդհանուր մէկ բնաբան ու մէկ պատգամ ունի»։
3. Ուրիշ ի՞նչ ներկայացում կրնանք գործածել, մանաւանդ եթէ թաղամասին մէջ շատեր ոչ–քրիստոնէական կրօնքի մը կը պատկանին։
3 Ահաւասիկ ուրիշ ընտրանք մը, մանաւանդ երբ կը քարոզես հոն՝ ուր շատեր ոչ–քրիստոնէական կրօնքի մը կը պատկանին. «Այս Սուրբ Գրութիւններուն մէջ (կամ՝ այս սուրբ գիրքին մէջ) նշուած խօսքին նկատմամբ գաղափարդ կ’ուզենք առնել։ [Կարդա՛ Սաղմոս 37։11–ը։] Կարծիքովդ ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ երկրագունդը, երբ այս մարգարէութիւնը կատարուի։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ասիկա օրինակ մըն է, որ ցոյց կու տայ այն յոյսը եւ մխիթարութիւնը, զորս ամէն մշակոյթէ եւ հաւատքէ մարդիկ կրնան ստանալ Աստուածաշունչէն»։ Էջ 3–ի բացման պարբերութիւնը կարդա՛ եւ գրքոյկը առաջարկէ։
4. Ինչպէ՞ս կրնանք գրքոյկը գործածել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար։
4 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսէ։ Վերայցելութեան ժամանակ, կրնանք տանտիրոջ յիշեցնել մեր նախորդ խօսակցութիւնը եւ նկատի առնել մէկ կամ երկու պարբերութիւն մեր քննարկած նիւթին շուրջ, գործածելով մասին վերջաւորութեան գտնուող հարցումները։ Կամ, եթէ կը փափաքինք անմիջապէս Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ներկայացնել, կրնանք տանտիրոջ հետ գրքոյկին ետեւի կողքը կարդալ, գիրքը իրեն տալ, հարցնել թէ ո՛ր վերնագիրը զինք կը հետաքրքրէ, եւ միասնաբար քննարկել մէկ կամ երկու պարբերութիւն այդ գլուխէն։ Բոլորս ալ ամբողջական բաժին բերենք նոյեմբեր ամսուան ընթացքին այս գրքոյկը առաջարկելու մէջ։