Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/99 էջ 1
  • Քարոզչութիւնը Մեզ կը Զատորոշէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Քարոզչութիւնը Մեզ կը Զատորոշէ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Բարի գործերու նախանձախնդի՞ր’ ես
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Յիսուսին պէս նախանձախնդրութեամբ քարոզէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • ‘Բարութեան աւետիս բերենք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Ծառայութեան մէջ նախանձախնդրութիւնդ վառ պահէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
թծ 11/99 էջ 1

Քարոզչութիւնը Մեզ կը Զատորոշէ

1 Շատեր կը հարցնեն. «Ի՞նչ բան Եհովայի Վկաները ուրիշ կրօնքներէն տարբեր կը դարձնէ»։ Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք։ Կրնաք Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հաւատալիքներէն ոմանք բացատրել։ Սակայն, երբեք խորհա՞ծ էք անոնց ցոյց տալ թէ մեր հանրային ծառայութիւնը մեզ ի՛նչպէս ուրիշ կրօնքներէն կը զատորոշէ։—Մատթ. 24։14. 28։19, 20

2 Ներկայիս, կրօնասէր շատ քիչ անհատներ կը մղուին իրենց հաւատալիքները ուրիշներուն հետ բաժնել։ Անոնք թերեւս խորհին թէ բաւարար է Կայսրին օրէնքներուն հնազանդիլ, բարոյապէս պարկեշտ կեանք մը վարել, կամ ուրիշներուն հանդէպ ազնիւ արարքներ ընել։ Սակայն, անոնք պարտաւորուած չեն զգար ուրիշներուն օգնելու որ փրկուելու մասին Աստուածաշունչի ըսածները սորվին։ Մենք ի՞նչպէս տարբեր ենք։

3 Մեր նախանձախնդիր ծառայութիւնը սուր կերպով կը հակադրուի ուրիշ կրօնքներու գործունէութիւններուն հետ։ Աւելի քան 100 տարիէ ի վեր, արդի Վկաները նախկին Քրիստոնեաներու օրինակին հետեւելով, ժրաջանօրէն բարի լուրը քարոզած են, մինչեւ երկրի ծայրերը։ Ասիկա ընելու մեր նպատակակէտն է, կարելի եղածին չափ շատ անհատներու օգնել որ իրենց կեանքը Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակեն։—Ա. Տիմ. 2։4. Բ. Պետ. 3։9

4 Ի՞նչպիսի Համբաւ Ունիք. Աստուծոյ Խօսքին նախանձախնդիր քարոզիչ մը ըլլալու համբաւը ունի՞ք։ (Գործք 17։2, 3. 18։25) Ձեր քարոզելու գործունէութեան պատճառաւ, ձեր դրացիները ձեր եւ իրենց կրօնքին միջեւ եղած տարբերութիւնը իսկոյն կը տեսնե՞ն։ Ճանչցուա՞ծ էք որպէս անհատ մը որ իր յոյսը ուրիշներու հետ բաժնելու մէջ խանդավառ է։ Ծառայութեան մասնակցելու կանոնաւոր սովորութիւն մը ունի՞ք։ Յիշեցէք թէ մենք մեզ կը զատորոշենք ոչ միայն մեր անունով, այլ նաեւ այդ անուան նկարագրածը ընելով՝ Եհովայի մասին վկայելով։—Եսայ. 43։10

5 Աստուծոյ ու դրացիի հանդէպ սէրը կը մղէ մեզ որ քարոզչութեան գործունէութեան մասնակցինք։ (Մատթ. 22։37-39) Անոր համար, Յիսուսի եւ առաքեալներուն նման, կ’ուզենք ամէն պատեհութիւն օգտագործել Թագաւորութեան պատգամը ուրիշներու հետ բաժնելու համար։ Շարունակենք բարի լուրը նախանձախնդրութեամբ քարոզել մտիկ ընել փափաքողներուն։ Ասիկա ընելը պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն պիտի օգնէ որ «Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին տարբերութիւնը» տեսնեն։—Մաղ. 3։18

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել