Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 7/05 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Յուլիս 11–ով սկսող շաբաթ
  • Յուլիս 18–ով սկսող շաբաթ
  • Յուլիս 25–ով սկսող շաբաթ
  • Օգոստոս 1–ով սկսող շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 7/05 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Յուլիս 11–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 32

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ կը յարմարին), Դիտարան 1 Օգոստոս եւ Զարթի՛ր 22 Յուլիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ իրատես ներկայացումներ գործածել։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութեան մէջ, խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը՝ «Զբաղած եմ» ձեռք առնելու կերպ մը ցոյց տուր։—Տես՝ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 19-20։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. «Կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասնինք»։a Երբ 5–րդ պարբերութիւնը կը քննարկես, ուշադրութեան յանձնէ Յունիս 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին 8–րդ էջի այն թելադրութիւնները, որոնք տեղական թաղամասին կը կիրարկուին։

Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։

Յուլիս 18–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 143

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Համառօտակի նկատի առ Դիտարան 15 Օգոստոս 2000, էջ 32։ Շեշտէ Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութեան կանոնաւոր յայտագիր պահելու օգուտները, նոյնիսկ արձակուրդի ժամանակ եւ երբ մեր ամէնօրեայ գործունէութենէն տարբեր բան մը կ’ընենք։

15 վյրկ. «Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք՝ Մաս 11»։b Պարփակէ ցուցադրութիւն մը, որուն մէջ ուսումնասիրութիւն վարողը եւ նոր հրատարակիչը կը նախապատրաստուին վերայցելութիւն մը ընելու։ Անոնք առաջին հանդիպումը կը վերլուծեն եւ յարմար կէտ մը կ’ընտրեն, որ վերայցելութեան գործածեն։ Անոնք նաեւ կը պատրաստեն պարզ բացում մը եւ եզրափակութեան ուղղուելիք հարցում մը։ Ցուցադրութիւնը վերջ կը գտնէ, երբ իրենց պատրաստած ներկայացումը պիտի սկսին փորձ ընել։

20 վյրկ. Ուրիշներուն օգնէ Աստուածաշունչը գնահատելու։ Հարց–պատասխանով քննարկութիւն, հիմնուած՝ Աստուած պաշտեցէք գիրքին վրայ, էջ 24-25, պարբերութիւն 3-6։ Գիրքին տպուած հարցումները գործածէ։ Պարփակէ կէտեր, առնուած՝ Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար գրքոյկէն, էջ 32։

Երգեցողութիւն թիւ 10 եւ փակման աղօթք։

Յուլիս 25–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 138

15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ կը յարմարին), Դիտարան 1 Օգոստոս եւ Զարթի՛ր 8 Օգոստոս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ իրատես ներկայացումներ գործածել։ Ներկայացումներէն մէկուն մէջ, շուկայի կամ այլ հանրային վայրի մէջ պարբերաթերթերը անպաշտօն կերպով ներկայացնելու կերպը ցոյց տուր։

10 վյրկ. Զաւակիդ սիրտին մէջ ճշմարտութիւնը քանդակէ։ (Բ. Օր. 6։7) Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Օգոստոս 2002 թիւին վրայ, էջ 30-31 (Անգլ.)։ Աչքառու դարձուր աստուածաշնչական սկզբունքներ, որոնք երախաները մարզելու շուրջ ուղղութիւն կու տան Քրիստոնեայ ծնողին, որուն կողակիցը Վկայ չէ։

20 վյրկ. «Ուրիշներու պարտական ենք»։c Պարփակէ մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Դիտարան 1 Յուլիս 2000 թիւէն, էջ 11, պարբերութիւն 13։

Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։

Օգոստոս 1–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 95

15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Յուլիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Ներկաներէն խնդրէ որ Ծառայութեան Դպրոց գիրքին 70–րդ էջը բանան, եւ անոնց հետ նկատի առ 1-2–րդ պարբերութիւնները եւ «Ժողովներուն ի՛նչպէս պատասխանել» շրջանակը։

15 վյրկ. «Զաւակներուդ օգնէ ծառայութեան մէջ յառաջդիմելու»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Պարփակէ ցուցադրութիւն մը, որուն մէջ ծնող մը եւ իր զաւակը պարզ ներկայացում մը կը գործածեն։ Թող ծնողը ներկայացումը եզրափակէ, համառօտաբար բացատրելով նուիրատուութեան կարգադրութիւնը։

15 վյրկ. Դիւրաթեք մօտեցում մը փորձա՞ծ ես։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Յունուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին վրայ, էջ 6։ Հայթայթուած թելադրութիւնները վերաքաղ ըրէ եւ ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կարելի է դիւրաթեք մօտեցում մը գործածել Օգոստոսի ընթացքին ներկայացուելիք գրականութեան համար։ Մէկ կամ երկու ներկայացումներ ցուցադրէ։

Երգեցողութիւն թիւ 33 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել