Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/05 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյեմբեր 14–ով սկսող շաբաթ
  • Նոյեմբեր 21–ով սկսող շաբաթ
  • Նոյեմբեր 28–ով սկսող շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 5–ով սկսող շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 11/05 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Նոյեմբեր 14–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 32

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները (եթէ ժողովքի թաղամասին կը յարմարին), Դիտարան 1 Դեկտեմբեր եւ Զարթի՛ր 22 Նոյեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ իրատեսական ներկայացումներ գործածել։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութեան մէջ, «կրօնքով հետաքրքրուած չեմ» խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը ձեռք առնելու կերպ մը ցոյց տուր։—Տես Պատճառաբանել գիրքը, էջ 16-17։

15 վյրկ. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՃՈՅԱԼԻ ԵՂՈՂ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 2005 թիւին վրայ (Անգլ.), էջ 26-30։

20 վյրկ. «Եհովայի փառքը յայտարարէ՛»։a Երբ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, ունկնդիրներէն խնդրէ որ համառօտ փորձառութիւններ պատմեն, ցոյց տալով թէ լաւ վարքը ի՛նչպէս կրնայ ճամբան հարթել վկայութիւն մը տալու։

Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։

Նոյեմբեր 21–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 143

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

20 վյրկ. ԵՀՈՎԱՆ ՔՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԴ ԸՐԷ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 2005 թիւին վրայ (Անգլ.), էջ 25-28։ Աբրահամի, Դաւիթի եւ Եղիայի օրինակներէն քաղուած դասերուն գործնական կիրարկումը ըրէ։

15 վյրկ. «Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ՝ նկատող ըլլալով»։b Պարփակէ ցուցադրութիւն մը, որուն մէջ հրատարակիչը տանտիրոջ հետաքրքրութիւնը յայտնող բան մը կը նկատէ, եւ ըստ այնմ իր մեկնաբանութիւնները կը յարմարցնէ։

Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։

Նոյեմբեր 28–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 162

12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները կարդա՛։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Նոյեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները (եթէ ժողովքի թաղամասին կը յարմարին), Դիտարան 1 Դեկտեմբեր եւ Զարթի՛ր 8 Դեկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ իրատեսական ներկայացումներ գործածել։ Նուիրատուութեան կարգադրութիւնը թող յիշուի։

15 վյրկ. «Ի՞նչպէս կրնանք օգնել»։ Դասախօսութիւն։ Կարգ մը օրինակներ տուր թէ ի՛նչպէս Եհովայի ծառաները նեղութեան մատնուած հաւատակիցներու օգնութեան կը փութան։ (Տես՝ Զարթի՛ր 8 Օգոստոս 2003, էջ 10-15. 22 Նոյեմբեր 2002, էջ 19-24. եւ 22 Հոկտեմբեր 2001, էջ 23-27։ Կարելի է նաեւ այլ աղբիւրներ գործածել։) Ապա քննարկէ յօդուածին գլխաւոր կէտերը։ Ընդգծէ թէ եթէ մէկը կը փափաքի մարդասիրական օգնութեան ի նպաստ նուիրատուութիւն ընել, նախընտրելի է որ ասիկա ընէ՝ նուիրատուութիւնները ուղարկելով համաշխարհային գործին համար։

18 վյրկ. ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ՝ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼ։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Առաջին հինգ վայրկեանները տրամադրէ համառօտաբար նշելու հետեւեալ կէտերը, որոնք առնուած են «Ներկայացումի նմոյշները ի՛նչպէս գործածել» յօդուածէն, Յունուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը, էջ 8. (1) Սովորաբար աւելի ազդու պիտի ըլլանք եթէ ներկայացումները մե՛ր բառերով ըսենք։ (2) Լաւ դատողութիւն պէտք է գործածենք եւ մեր ներկայացումները թաղամասին յարմարցնենք։ (3) Մեր թաղամասին մէջ գտնուող մարդոց ենթահողն ու մտածելակերպը հաշուի պէտք է առնենք։ (4) Ուշադրութեամբ պէտք է կարդանք այն գլուխը որ կ’ուզենք աչքառու դարձնել եւ հետաքրքրութիւն արթնցնող կէտեր փնտռենք։ (5) Ներկայացումի նմոյշներուն նշած մօտեցումներէն զատ, կրնանք այլ մօտեցումներ գործածել։ Ապա քննարկէ թէ այս կէտերը ի՛նչպէս կրնանք կիրարկել Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, երբ հրատարակութիւններ կը ներկայացնենք։ Կրնաս գործածել Յունուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին մէջ տրուած ներկայացումի նմոյշները կամ ժողովքի թաղամասին մէջ ազդու եղող այլ ներկայացումներ։ Մէկ կամ երկու ներկայացում ցուցադրէ։

Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 5–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 38

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. «Մեր ծառայութիւնը ի՛նչ կ’իրագործէ»։c Երբ 5–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, կարգ մը կէտեր յիշէ՝ Դիտարան 15 Փետրուար 2004 թիւէն (Անգլ.), էջ 32։

Երգեցողութիւն թիւ 10 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել