Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Յունուար 9–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Փետրուար եւ Զարթի՛ր Յունուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, հրատարակիչը առեւտրական թաղամասի մէջ կը ծառայէ։
15 վյրկ. «Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գլխաւոր գիրքն է»։ Նոր գիրքով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու հանդէպ խանդավառութիւն ստեղծէ։
20 վյրկ. «Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով ի՛նչպէս ուսումնասիրութիւններ սկսիլ»։ Ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն եւ ցուցադրութիւններ, հիմնուած՝ յաւելուածականին 3–րդ էջին վրայ։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կրնանք անմիջապէս գործածել, հետաքրքրութիւն ցուցաբերող անհատներուն հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն սկսելու եւ վարելու համար։ Երեք լաւ պատրաստուած ցուցադրութիւններով ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնանք գործածել (1) 4-5–րդ էջերը, (2) էջ 6–ը, եւ (3) էջ 7–ի վրայ գտնուող առաջին պարբերութիւնը, վերայցելութեան ընթացքին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար։ Իւրաքանչիւր ներկայացումէ առաջ զայն բացատրէ, իսկ ցուցադրութենէն ետք՝ զայն վերաքաղ ըրէ։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքին պարբերութիւններուն ընթերցանութիւնը կարելի է կրճատել՝ ի պահանջել հարկին։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութեան մէջ, հրատարակիչը կ’եզրափակէ՝ յաջորդ այցելութեան համար կարգադրութիւն ընելով։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 16–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերէ որ Ներարկումի փոխընտրութեան վերաբերեալ առողջապահական խնամք՝ հիւանդին կարիքներուն եւ իրաւունքներուն գոհացում տալ տեսաերիզը դիտեն, քանի որ երկու շաբաթ ետք նկատի պիտի առնուի Ծառայութեան Ժողովին մէջ։
15 վյրկ. ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ՝ ԵՀՈՎԱՅԻ ԿԱՄՔԸ ԸՆԵԼՈՒ։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գիրքին 4-7–րդ էջերուն վրայ։ Էջ 4–ի հիման վրայ շուրջ երեք վայրկեան տեւող բացումէ մը ետք, ունկնդիրներուն հետ քննարկէ 5–րդ էջէն մինչեւ 7–րդ էջի ենթագլուխը։ Կազմակերպուած գիրքէն այլ մասեր նկատի պիտի առնուին գալիք Ծառայութեան Ժողովներուն։
20 վյրկ. «Լուսաւորներու պէս փայլող պատանիներ»։ Պատանիներէն խնդրէ որ պատմեն թէ ի՛նչպէս կրցած են դպրոցին մէջ վկայել։ Կրնաս կանխաւ կարգադրել որ մէկ կամ երկու հոգի մեկնաբանեն։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 23–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 152
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Փետրուար եւ Զարթի՛ր Փետրուար թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Թող պատանի մը ցուցադրէ ներկայացումներէն մէկը։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ՝ հարցումներ ուղղելով եւ մտիկ ընելով»։ Երբ 2–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, ունկնդիրներուն հարցուր թէ խօսակցութիւններ սկսելու համար ո՛ր հարցումները ազդու գտած են։ Ցուցադրէ թէ ի՛նչպէս կարելի է անհատը մղել արտայայտուելու, փափկանկատ հարցումներ գործածելով եւ ամենայն ուշադրութեամբ մտիկ ընելով։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Յունուար 30–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 27
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Յունուար ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Փետրուար ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք հրատարակութիւնները յիշէ եւ ներկայացում մը ցուցադրէ։
15 վյրկ. ՄԵՐ ՕԳՏԻՆ ՀԱՄԱՐ ՍԻՐԱԼԻՐ ՀԱՅԹԱՅԹՈՒՄՆԵՐ։ Երէցի մը կողմէ թող նկատի առնուի։ Կարդա՛ եւ քննարկէ մասնաճիւղին կողմէ բոլոր ժողովքներուն յղուած՝ 3 Յունուար 2006 թուակիր նամակը, որ կը նշէ Հիւանդանոցի Յարակից Յանձնախումբին եւ Հիւանդներու Այցելող Խմբակին գործունէութիւններէն օգտուելու կերպերը։
20 վյրկ. «Բժշկական կարեւոր հոսանք մը աչքառու դարձնող տեսաերիզ»։ Կարդա՛ Գործք Առաքելոց 15։28, 29–ն եւ համառօտակի շեշտէ թէ Քրիստոնեաները արեան ներարկումը կը մերժեն՝ գլխաւորաբար քանի որ արեան սրբութեան վերաբերեալ Աստուծոյ օրէնքը կը յարգեն։ Ապա քննարկէ տեսաերիզը, յօդուածին մէջ հայթայթուած հարցումները գործածելով։ Եզրափակէ՝ կարդալով վերջին պարբերութիւնը։
Երգեցողութիւն թիւ 38 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 6–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 162
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
25 վյրկ. ՈՒՍՈՒՑԱՆԵԼՈՒ ՆՈՐ ԳՈՐԾԻՔԻՆ ԸՆՏԵԼԱՆԱՆՔ։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն։ Ունկնդիրներէն խնդրէ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքին յատկանշական երեսակներուն մասին մեկնաբանեն, ինչպէս՝ բացման հարցումները եւ վերաքաղի շրջանակը, որոնք իւրաքանչիւր գլուխին գլխաւոր կէտերը աչքառու կը դարձնեն (էջ 106, 114), ցուցակներն ու պատկերները (էջ 122-123, 147, 198), եւ յաւելուածականը (էջ 197, պարբ. 1-2)։ Գիրքին ոճը ջերմ ու գրաւիչ է։ (էջ 12, պարբ. 12)։ Անիկա պարզ ու յստակ բացատրութիւններ կու տայ (էջ 58, պարբ. 5) եւ ազդու օրինակներ կը գործածէ (էջ 159, պարբ. 12)։ Յառաջաբանը մեզի կ’օգնէ որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսինք (էջ 3-7)։ Ցուցադրէ թէ ի՛նչպէս կրնանք էջ 7–ի շրջանակը գործածել Աստուածաշունչի նոր աշակերտի մը հետ։ Նոր գիրքը գործածելուն առնչութեամբ փորձառութիւններ պատմէ։
10 վյրկ. ՕԺԱՆԴԱԿ ՌԱՀՎԻՐԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԲԵՐԷ։ (Առ. 10։22) Անցեալ գարնան օժանդակ ռահվիրայութիւն ընողներէն խնդրէ որ պատմեն թէ ի՛նչ յայտագիրներ պատրաստեցին եւ ի՛նչ ուրախութիւններ եւ օրհնութիւններ վայելեցին։ Բոլորը քաջալերէ որ ջերմեռանդ աղօթքով նկատի առնեն թէ Մարտ, Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն կրնա՞ն օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալ։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։